15 Հոկտեմբեր 2021-ին ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանի տեղեկատուական կեդրոնը յայտարարեց, որ եկեղեցական խորհուրդը որոշած է թեմ հիմնել Հայաստանի մէջ: Սա աննախադէպ երեւոյթ է, քանի որ հայկական հողի վրայ ռուսական ոչ մէկ թեմ եղած է անցեալին՝ հակառակ ռուսական կայսրութեան ու ապա խորհրդային տիրապետութեան 163 տարիներուն: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ առաջնորդը այսուհետեւ պիտի կրէ «Երեւանի ու հայութեան եպիսկոպոս» կոչումը: Պատմութեան ակնթա՞րթ. զայն առաջին կրողը արքեպիսկոպոս Լէոնիտ Գորբաչեւն է, որուն ընտանիքը Ստրաւրոպոլ եւ Կրասնոդար շրջաններէն է, շրջաններ, ուր հայկական մեծ համայնքներ կան: Իր կանոնական գահակալութենէն ետք արքեպիսկոպոս Լէոնիտ պիտի շարունակէ կատարել իր պարտականութիւնները՝ որպէս «Մոսկուայի պատրիարքարանի արտաքին յարաբերութիւններու վարչութեան» ղեկավար: 2016-էն ան արդէն պատասխանատուն էր Հայաստանի ու Վլատիկաւկազի ռուսական ծուխերու վարչութեան:
Անցեալ մը՝ որպէս կայազօրային եկեղեցի:
Ներկայիս Հայաստանի այս հատուածին մէջ 1828-էն ի վեր, երբ շրջանը միացուած էր Ռուսաստանին, ռուսական եկեղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ունի ութ աղօթատեղի:
Գրեթէ մէկ դար այս եկեղեցական միաւորումը խորքին մէջ միայն մեծ կայազօրային ծխական էր, քանի որ անոր եկեղեցիներուն մեծ մասը կառուցուած էր կայսերական բանակի պատերէն ներս: Բնականաբար անհաւանական էր, որ ցարի զինուորները կարենային յաճախակի այցելել եկեղեցւոյ աղօթատեղիներ, որոնք լաւագոյն պարագային կը համարուէին «ոչ ուղղափառ», եթէ ոչ «հերետիկոսական»: Ամէնէն բարեկամական որակաւորումները, որ ռուսերը շնորհեցին հայերուն, միաբնութենական էին:
Ներկայիս անոր հաւատացեալներուն թիւը դժուար է հաշուել: Այդ կ'ընդգրկէ երկրին մէջ ապրող 12 000 էթնիկ ռուսեր՝ բացառութեամբ 3 000 մոլոկաններուն, որոնք աղանդ կը համարուին ոչ միայն ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ, այլ նաեւ ուքրանացիներու, յոյներու եւ պոնտացիներու կողմէ: Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ կը հետեւին նաեւ հայ-ռուսական «խառն» ընտանիքներն ու Ռուսաստանի Դաշնութեան՝ Հայաստանի տեղակայուած զօրքերը: Երեւանի Քանաքեռ թաղամասի սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութեան ծխական համայնքի հոգեւոր հովիւ տէր Արսէն քահանայ Գրիգորեանցի խօսքով՝ ինք ազգութեամբ հայ է, համայնքի մեծ մասը այսօր բաղկացած է քաղկեդոնական ուղղափառութեան «դարձած» հայերէ:
Չնայած իր հաւատացեալներուն համեստ թիւին՝ շուրջ 600 հոգի, վրաց ուղղափառ եկեղեցին պաշտօնապէս թեմ հիմնեց Հայաստանի մէջ (Լոռիի եւ Տաւուշի մարզի մէկ մասին մէջ)՝ իր պահանջները դնելու ութ եկեղեցիներու եւ վանքերու վրայ, զորս ի՛րը կը համարէր: Մինչեւ այսօր այս թեմը ճանչցուած չէ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ: Միաժամանակ, պետութիւնն ու Վրաստանի եկեղեցին մինչեւ օրս կը հրաժարին իրենց տասնեակ եկեղեցիները տեղի հայերուն վերադարձնելէ, այդ կարգին՝ աւելի քան 20-ը Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ: Այս սրբավայրերէն շատերը «վրացականացուած են», երբ ջնջուած են բոլոր հայերէն արձանագրութիւններն ու զարդանախշերը:
Դէպի միսիոնարակա՞ն եկեղեցի:
Հակառակ Հոկտեմբեր 13-ին Մոսկուայի մէջ ռուս, հայ եւ ազրպէյճանցի հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումին վերահաստատուած «արտաքին եղբայրութեան»՝ ռուս ուղղափառ եկեղեցին խորքին մէջ կը գործէ որպէս միսիոնարական կառոյց Հայաստանի մէջ՝ ակնյայտօրէն եւ ուժգնօրէն ցնցելու հանուր եկեղեցւոյ եկեղեցաբանական սկզբունքները, ինչպէս նաեւ էքումենիկ կեանքի լաւ սովորոյթները: Բայց մենք հազիւ թէ զարմանանք, երբ վերլուծենք անոր յարաբերութիւնները ուրիշ եկեղեցիներու, այդ կարգին՝ քոյր եկեղեցիներու, ներառեալ՝ Կոստանդնուպոլսոյ էքումենիկ պատրիարքութեան հետ:
Անգամ մը եւս ակներեւ է, ռուսական ու խորհրդային հին աւանդոյթի համաձայն, որ ռուսական թքուրը, ապա մանգաղն ու շիշի վրձինը այժմ կ'աշխատին նոյն թափով՝ հետապնդելով ընդհանուր նպատակներ:
Ճիշդ այս պահուն, երբ ռուսական եկեղեցին յայտնեց «Երեւանի ու հայութեան թեմ» ստեղծելու որոշումը, Սերկէյ Լաւրով կը բարձրաձայնէր Հայաստանի մէջ նոր ռուսական դպրոցներ բանալու նպատակայարմարութեան մասին:
Ուստի մենք ականատես կ'ըլլանք Մոսկուայի ռազմական, մշակութային, կրօնական ու դիւանագիտական օրացոյցներու շատ բացառիկ դասաւորութեան, անկասկած՝ զուտ պատահական:
Ազրպէյճան՝ դարանակալ սպասումի մէջ:
Երեք հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումէն ետք Երեւանի «365 օր» կայքը այս շաբաթավերջին նորութիւններ կը կանխատեսէ, այս անգամ՝ Արցախի կողմէ:
Այս լրատուամիջոցը կը յայտարարէ ոչ աւելի, ոչ պակաս, քան Պաքուի կողմէ Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարի՝ Շուշիէն ռուսական ուղղափառ եկեղեցւոյ յանձնումը: Այս տարուան Յունուար 21-էն «lagazetteaz.fr» կայքը, որ նախատեսուած է Ազրպէյճանի ֆրանսախօս ընկերներուն համար, միջազգային կարծիք ձեւաւորեց՝ գրելով, որ «Շուշայի մէջ երբեք հայկական եկեղեցի չէ եղած»: Ներկայացուցին դաւադրութեան թէզ մը, որ կ'ապացուցէ, թէ Շուշիի՝ ռուսական ոճով կառուցուած մայր տաճարը նախատեսուած էր քաղաքին մէջ տեղակայուած ռուս զինուորներու ուխտին համար: Շէնքը այնուհետեւ «կերպարափոխուած է» որպէս հայկական եկեղեցի: Պաքուի «ապացոյցները» անկասկած կը յայտնուին տաճարի յարդարման աւարտով ու ներկայիս կպրալաթերը բարձրացնելով:
https://www.lagazetteaz.fr/news/politique/4047.html
-
Սահակ Սուքիասեան
Արա Թորանեան, Հինգշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2021
© armenews.com 2021