Ռմբակոծութիւն՝ յանուն խաղաղութեան. Շփոթած ու տանջուած

Մենք՝ մարդ արարածներս, մեզ ամենախելացին կը համարենք կենդանատեսակներուն մէջ: Սակայն անմիջապէս հարց մը կը յառաջանայ. արդեօք մենք ընդհարապէս խելացի՞ ենք:
Մենք կը սպանենք մեր եղբայրները եւ կը կործանենք մեր աշխարհը, որ արդէն իսկ վտանգուած է կլիմայի փոփոխութենէն՝ ռումբերով, հրթիռներով ու ռազմամեքենաներով...

«Ռմբակոծութիւն՝ յանուն խաղաղութեան»-ը եղած է դեռ 1999-ին, երբ ՆԱԹՕ-ի ուժերը կը ռմբակոծէին Սերպիան՝ պաշտպանելու Կոսովոյի ժողովուրդի «ինքնորոշման իրաւունքը»: ՆԱԹՕ-ն ներկայիս կը պաշտպանէ անշօշափելիութիւնը Ուքրանիոյ սահմաններուն, ուր խաղաղ բնակիչներուն ուղղութեամբ հրետակոծող չարագործները ռուսերն են։
Բայց հարց կը յառաջանայ, թէ ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ ո՞վ է չարագործութեան ախոյեանը:

Պարզելու համար համեմատեցէք Աֆղանիստանի, Իրաքի, Լիպիոյ, եւ Տոմպասի զոհերուն թիւը Չեչնիոյ, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ զոհերուն թիւին հետ:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ եւ Եմէնին, ապա ո՞ւր դասակարգենք զանոնք։ Ո՞վ վառեց կրակը: Ո՞վ օգուտ քաղեց ՆԱԹՕ-ի ոչ-անդամ այս տարածքներուն կատարուած յանցագործութենէն:

Մեզ անհանգստացնողը այն է, որ ՆԱԹՕ-ն զերծ է մարդկային ու բարոյական որեւէ արժէքէ:
ՆԱԹՕ-ի մեր ղեկավարները մեզ խաբեցին, կեղծ պատճառներ յօրինեցին Իրաք ներխուժելու համար:
Անոնք կը պոյքոթեն Իրանը եւ կ'աշխատին Խաշոկճին սպանած սէուտցի դահիճներուն հետ, որոնք դեռ Եմէնի մէջ «միս կը կտրատեն»։
Անոնք ճանչցան Կոսովօն, բայց ոչ Արցախը. անոնք կը ձեւացնէին, թէ չեն տեսներ ցեղային զտումները 2020-ի արցախեան պատերազմին ժամանակ եւ Ազրպէյճանի արձակած ֆոսֆորային ռումբերը, որոնք հեգնանքով կը մատակարարուէին Ուքրանիոյ կողմէ…
Անոնք կը դաւաճանեն իրենց դաշնակիցներուն: Էրտողանին յանձնեցին քիւրտերը, որոնք իրենց արեան գնով պաշտպանեցին ՆԱԹՕ-ի շահերը, չըսելու համար՝ «արժէքները», քանի որ այդ մէկը անյարիր կ'ըլլար անոր։
«Պի-Պի-Սի»-ն, որ առանձնապէս չէր հետաքրքրուեր քիւրտ եւ հայ երեխաներով, յուզուեցաւ (տե՛ս այստեղ) Ուքրանիոյ մէջ կապուտակ աչքերով եւ շէկ մազերով փախստական երեխաներուն հայեացքէն։

ՆԱԹՕ-ի ղեկավարները կը ծափահարէին Ուքրանիոյ, իսկ այժմ ձեռք չեն մեկներ անոր բնակչութեան:
Փութին կը պայքարի Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտին վերականգնելու համար:
Ինչո՞ւ, աւելի շատ զէնք վաճառելո՞ւ, որպէսզի աշխատատեղե՞ր ստեղծեն:

Եւ մենք աւելի լա՞ւ ապրինք կլիմայի փոփոխութեամբ վտանգուած աշխարհի մը մէջ, զոր կ'ոչնչացնենք մեր իսկ ռումբերով, հրթիռներով եւ ռազմամեքենաներով…
Պռաւօ։

Շփոթած եւ տանջուած՝ մենք կը կանգնինք ընդդէ՛մ չարագործներուն:

Յովէլ Շնորհօքեան
Լը Ռէնսի, Ֆրանսա

5 Մարտ 2022

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *