Առաջնորդութեան տագնապ

Անցնող Փետրուարին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցան հայկական համայնքի կազմակերպած երեք ձեռնարկները, որոնք պէտք է ըլլային ֆրասական համայնքի կեսունակութեան ապացոյցը, սակայն, ընդհակառակը, ցոյց տուին անոր ներկայացուցչական մարմիններուն թշուառ վիճակը: Ցաւօք, Ֆրանսայի հայ համայնքին վիճակը կ'արտացոլէ Սփիւռքի եւ ամբողջ ազգի վիճակը:

Անցնող շաբաթը ֆրանսահայ համայնքին համար բախտորոշ եւ աշխուժ շաբաթ մըն էր։ Երեք կարեւոր իրա դարձութիւններ տեղի ունեցան.- Առաջին՝ Նախագահ Մաքրոնի հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը վայելող՝ CCAF-ի տարեկան ընթրիքն էր, երկրորդ՝ Թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը եւ երրորդ՝ առաջին անգամ ըլլալով ՀՀ Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի երկշաբաթեայ այցելութիւնը Ֆրանսա։ Երեք իրադարձութիւններ, որոնք համայնքի կենսունակութեան ցուցանիշերը պէտք է հանդիսանային, սակայն եղաւ ճիշդ հակառակը՝ համայնքի ներկայացուցչական երկու մարմիններուն հիւանդագին ու ողբալի վիճակը ցուցադրելու ծառայեցին։ Բանն ինչո՞ւմն է. CCAF-ի պարագային, որ Ֆրանսայի ընկերակցութիւնները համակարգելու դերակատարութիւնը ստանձնած է, ֆրանսահայ գոնէ երկու այլ կազմակերպութիւններ իրեն մրցակից համարելով՝ կը պայքարի անոնց դէմ եւ կը մեղադրէ Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարը այդ կազմակերպութիւններուն հետ տեսակցելու եւ անոնց հետ հանրային ասպարէզին մէջ գործակցելու համար։

Պարզ տրամաբանութիւնը կամ ողջամտութիւնը,– չըսելու համար լայնախոհութիւնը կամ ազատամտութիւնը,– պիտի յուշէր որ եթէ CCAF-ը իսկապէս Ֆրանսահայութիւնը ներկայացնող խորհուրդ է, ինչո՞ւ ան կը վախնայ այլ կազմակերպութեան ներթափանցումէն իրեն վերապահուած կալուածէն ներս։ Եւ դեռ աւելի՛ն, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ CCAF-ի անդամ ընկերակցութիւններ հակառակ անոր խիստ դիրքորոշումին՝ չեն մերժեր Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարին հիւրընկալումը իրենց յարկէն ներս։ CCAF-ի դիրքորոշումը կը նուաստացնէ Ֆրանսահայերու արժանապատւութիւնը ֆրանսական իշխանութիւններուն առջեւ։ Ֆրանսահայութիւնը ներկայացնելու յաւակնող խորհուրդ մը երբ կը մերժէ Հայաստանը ներկայացնող պաշտօնական անձնաւորութիւն մը, կը թերանայ իր ներկյացուցչական հանգամանքին մէջ։ CCAF-ը կը գանգատի Գլխաւոր յանձնակատարին՝ Ֆրանսահայութեան միասնութեան նկատմամբ վնասաբեր գործունէութենէն, եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին հովանաւորած պաշտօնական ճաշին՝ նոյն Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարին մասնակցութիւնը Ֆրանսահայութեան միասնութեա՞ն կը ծառայէ։ CCAF-ի դիրքորոշումը կը մատնէ լուրջ ներկայացուցչական տագնապ մը։ Կը մատնէ նաեւ անգործութեան այլ տագնապ մը։

Բնագիտութիւնը կը պնդէ որ «բնութիւնը չիհանդուրժեր դատարկութեան». հասարակական կեանքին մէջ ալ նոյնն է. երբ ներկայացուցչական մարմին մը կը զբաղի միայն տարեկան ճաշ եւ Ապրիլ 24-ի ցոյցե րը կազմակերպելով, չի կրնար ընդդիմանալ այլ կազմակերպութիւններու, որոնք տնտեսական, դրամահաւաքի, մամուլի եւ այլ մարզերէ ներս հանդիպումներու առաջարկներով հանդէս կուգան։ Այս տագնապին մէջ բարեբախտաբար շատ դրական եւ հաւասարակշռուած գտնուեցաւ Հայաստանի դեսպանութիւնը, որ իբրեւ պետութեան ներկայացուցիչ կրնար սպառնալ, որ ինք եւս կրնար հրաժարիլ տարեկան ընթրիքին մասնակցելէ, եթէ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարը չմասնակցէր։ Դիւանագիտական եւ արարողակարգային խողովակով կրնար պահանջել ֆրանսական պատկան մարմիններէ, որ Գլխաւոր յանձնակատարը ա՛նպայման մասնակցի։ Այն ժամանակ պետական մակարդակի հանրային խայտառակութիւնը իսկապէս պիտի վնասէր CCAF-ի վարկին։

Ինչ կը վերաբերի թեմական ընտրութիւններուն, Թեմի առաջնորդութեան ներկայացող թեկնածուներու եռանուն ցանկը, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հաւանութիւնը կը վայելէր, կը յատկանշուէր իր անթափացիկութեամբ եւ վարագոյրի ետին եղած կարգադրութիւններով, որ Ֆրանսայի վարդապետերէն մէկը ընտրա վազքէն դուրս ձգեց, փոխարէնը Հայաստանէն բոլորովին անտեղի թեկնածու մը այդ մրցավազքին մէջ նետելով, որուն մեծագոյն զոհը եղաւ նախկին առաջնորդը՝ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեան, որ ներկայ ընտրութիւններուն չմասնակցնելու ճիշդ որոշումը կայացուցած էր, սակայն, Վեհափառին ճնշումին ենթարկուելով իր թեկնածութիւնը վերստին ներկայացուց։ Եւ դժբախտաբար ջախջախիչ պարտութիւն կրեց։ Իսկ ինչո՞ւ Սրբազանին պարտադրուեցաւ, որ դարձեալ իր թեկնածութիւնը առաջադրէ, պարզապէս այն նպատակով որ՝ Գուրգէն վարդապետ Աղաբաբեանի թեկնա ծութիւնը չընդգրկուի եռանուն ցանկին մէջ, որովհետեւ ան՝ Հայր Գուրգէն, համեստութիւնը ունեցած էր յայտարարելու որ ինք թեկնածու կը դառնայ միայն այն պարագային, եթէ պաշտօնաւարտ առաջնորդը հրաժարի իր թեկնածութենէն։ Նորընտիր առաջնորդ՝ Հայր Գրիգոր վրդ. Խաչատրեանին կը մաղթենք խիզախութիւն՝ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու ի սպաս ֆրանսահայ համայնքին։

Նոր Յառաջ, թիւ 1703
Փետրուար 17, 2022

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *