Հայաստանը այս ծանրագոյն ճգնաժամէն դուրս բերելու համար, որ ծայր առաւ 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք, անհրաժեշտ է ամբողջ հայ ժողովուրդի ներուժը։ Խորքին մէջ դժուար չէ պատկերացնել, որ եթէ վերջին 25-30 տարիներուն ամբողջ հայ ժողովուրդի ներուժները ներգրաւուած ըլլային երկրի կառավարման գործին մէջ, պատերազմի ելքը կրնար տարբեր ըլլալ, դեռ չենք խօսիր ընդհանրապէս անկէ խուսափելու իրատեսական հնարաւորութեան մասին։ Բայց այս ակնարկը անոր մասին չէ, թէ ինչպէս իրադարձութիւնները կը զարգանային, եթէ մենք անցեալը ուրիշ ձեւով կառավարէինք։ Փոխարէնը կեդրոնանանք ապագային վրայ:
Հայ ժողովուրդի ներուժներուն 75-80%-ը կեդրոնացած է Սփիւռքի մէջ։ Սա իրականութիւն է «ներուժ» բառի բոլոր իմաստներով, ներառեալ՝ մարդոց թուաքանակը, կրթութեան մակարդակը, մասնագիտական որակները, նիւթական միջոցները, կառավարման եւ վարչարարութեան փորձը, գիտութեան, բժշկութեան եւ արհեստագիտութեան ոլորտներուն մէջ մասնագիտական ունակութիւնները, համաշխարհային կապերը, փորձառութիւնը ռազմական, ռազմավարական հարցերու եւ հետախուզական գործողութիւններու մէջ։ «Սփիւռք» ըսելով՝ մենք պէտք չէ հասկնանք միայն ազգութեամբ հայերը, որոնք կ'ապրին Հայաստանէն դուրս եւ շատ քիչ կամ ընդհանրապէս որեւէ կապ չունին Հայաստանի հետ։ Այդ ներուժը՝
- ՀՀ քաղաքացիներն են, որոնք արտագաղթած են, ստացած օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն եւ ներկայիս կը բնակին արտերկիր՝ միաժամանակ պահպանելով իրենց ՀՀ քաղաքացիութիւնը,
- ՀՀ քաղաքացիներն են, որոնք արտագաղթած են, ստացած օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն, բայց վերադարձած են բնակելու Հայաստան՝ պահպանելով թէ՛ իրենց օտարերկրեայ եւ թէ՛ Հայաստանի քաղաքացիութիւնը,
- օտար երկիրներու ազգութեամբ հայ քաղաքացիներն են, որոնք Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած են անկախութենէն ետք եւ իրենց կենցաղը կը բաժնեն Հայաստանի եւ արտերկրի միջեւ,
- օտար երկիրներու ազգութեամբ հայ քաղաքացիներն են, որոնք տակաւին չեն ստացած ՀՀ քաղաքացիութիւն, բայց ՀՀ գործող օրէնքի ծիրէն ներս կրնան զայն ստանալ։
Այս հսկայական ազգային ներուժը ներկայիս ՀՀ օրէնքով սահմանափակուած պիտի ծառայէ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ շարք մը կարեւոր պետական պաշտօններու մէջ։ Սահմանադրութեան 48, 148, 124, 165, 174 եւ 177 յօդուածները խիստ սահմանափակումներ կը դնեն առ այն, թէ ո՛վ կրնայ ընտրուիլ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, նախարարի պաշտօն զբաղեցնել կառավարութեան մէջ, ըլլալ նախագահ կամ որեւէ բարձր պաշտօն զբաղեցնել դատական համակարգին մէջ (տե՛ս այդ յօդուածներուն համապատասխան պարբերութիւնները)։ Մասնաւորապէս՝
1) Ոչ ոք կրնայ ընտրուիլ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, եթէ չի հանդիսանար միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եւ վերջին չորս տարին մշտապէս չէ բնակուած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ (յօդուած 48, 2-րդ մաս):
2) Ոչ ոք կրնայ կառավարութեան մէջ նախարարի պաշտօն զբաղեցնել, եթէ չի հանդիսանար միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եւ վերջին չորս տարին մշտապէս չէ բնակուած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ (յօդուած 148, 1-ին եւ 2-րդ մասեր):
3) Ոչ ոք կրնայ նախագահ ըլլալ, եթէ չի հանդիսանար միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եւ վերջին վեց տարին մշտապէս չէ բնակուած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ (յօդուած 124, 2-րդ մաս):
4) Ոչ ոք կրնայ ըլլալ Սահմանադրական դատարանի, Վճռաբեկ դատարանի եւ Վերաքննիչ դատարանի դատաւոր՝ անկախ որակաւորումէն, եթէ չի հանդիսանար միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի (յօդուած 165, 1, 2 եւ 3-րդ մասեր):
5) Ոչ ոք կրնայ ըլլալ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ՝ անկախ որակաւորումէն, եթէ չի հանդիսանար միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի (յօդուած 174, 3-րդ մաս)։
6) Ոչ ոք կրնայ ըլլալ Գլխաւոր դատախազ՝ անկախ որակաւորումէն, եթէ չի հանդիսանար միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի (յօդուած 177, 2-րդ մաս):
Չկայ որեւէ համոզիչ ազգային շահ, որուն կը ծառայէին այս սահմանափակումները՝ յատկապէս հաշուի առնելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շուրջ ստեղծուած յատուկ հանգամանքները։ Պահպանելով այն հիմնական նախապայմանը, որ ՀՀ քաղաքացիները պէտք է ընտրեն իրենց ներկայացուցիչները եւ կառավարութիւնը՝ Սահմանադրութեան հետեւեալ լրամշակումները լաւագոյնս կը ծառայեն երկրին եւ ժողովուրդին։ Բոլոր վեց յօդուածներէն հանել «միայն» ՀՀ քաղաքացի ըլլալու եւ, ըստ կիրառելիութեան, «վերջին չորս (կամ վեց) տարին» Հայաստան բնակելու սահմանափակումը։
Այդպիսով, այս բոլոր պաշտօններուն համար քաղաքացիութեան եւ բնակութեան վերաբերող պահանջը կ'ըլլայ՝
1) ՀՀ քաղաքացիութիւնը,
2) Պաշտօնը զբաղեցնելու ընթացքին Հայաստան մշտական բնակութիւնը:
Որակաւորումին եւ փորձին վերաբերող միւս բոլոր պահանջները, յատկապէս դատաւորներու համար, կը պահպանուին։
Ի յաւելումն վերոնշեալի՝ անկախ անկէ Սահմանադրութեան մէջ ուղղակիօրէն կը նշուի թէ ոչ, բոլոր նախարարները, փոխնախարարները եւ զգայուն պաշտօններ զբաղեցնող բարձրաստիճան պաշտօնեաները պէտք է անցընեն «անվտանգութեան մարմիններու կողմէ ստուգում» եւ ունենան հստակ որակաւորում այն պաշտօնին համար, որ պիտի զբաղեցնեն։
Այս փոփոխութիւնը անհրաժեշտ (բայց ոչ բաւարար) պայմաններ կը ստեղծէ երկրի կառավարման մէջ հայկական սփիւռքի ներուժներուն աւելի բովանդակալից եւ հետեւողական ներգրաւման համար։ Նոյնիսկ մէկ նախարարի նշանակումով գործընթացը մեկնարկելուն պէս, խթան կը ստեղծուի Սփիւռքի ներուժի աւելի լայն ներգրաւման համար, քանզի տուեալ նախարարը կրնայ իր աշխատակազմին մէջ ընդգրկել մի քանի որակաւորուած սփիւռքահայ մասնագէտներ։ Սա Սփիւռքի մէջ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ Հայաստան ներգրաւուելու առումով, այդ կարգին՝ այն պաշտօններու պարագային, որոնք չեն սահմանափակուիր գործող Սահմանադրութեամբ։
Նշենք, որ այս լրամշակումը չի փոխեր այն հիմնական սկզբունքը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն բացառիկ իրաւունքը պէտք է ըլլայ ընտրել իրենց ներկայացուցիչները, որոնք իրենց հերթին կ'ընտրեն վարչապետ եւ կը ձեւաւորեն կառավարութիւն։ Սփիւռքի՝ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող հայերը այս գործընթացին խօսքի իրաւունք չեն ունենար։ Նշենք նաեւ, որ այս փոփոխութիւնը ընդունելէ ետք երկար ժամանակ կրնայ պահանջուիլ, որ որեւէ նկատելի փոփոխութիւն տեղի ունենայ Հայաստանի կառավարման մարմիններուն մէջ։ Ընտրութիւնն ու վեթինգը ժամանակատար կ'ըլլան, քաղաքական գործիչները զգօնութիւն կը դրսեւորեն, առանցքային խոչընդոտ կ'ըլլայ ովկիանոսէն այն կողմ վարձատրութիւններուն եւ Հայաստանի վարձատրութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հսկայական անդունդը։ Այդուհանդերձ, սահմանադրական արգելքի վերացումը կ'ըլլայ այն առաջին կարեւոր քայլը, որ թոյլ կու տայ մեկնարկելու գործընթացը։
Պետական (հանրային) քաղաքականութեան կարեւորութիւնը պէտք է ծանրակշիռ դեր ունենայ այս փոփոխութիւնը գնահատելու ատեն։ Հայաստան կ'ուզէ եւ կարիք ունի, որ իր երկքաղաքացիները աւելի շատ ներդրում ունենան երկրին մէջ, սակայն Սփիւռքի հայ քաղաքացիները կը զրկէ ընտրուելու իրաւունքէն։ Հայաստանի երկքաղաքացիութիւն ունեցող քաղաքացիները, որոնք կ'ապրին ու կ'աշխատին Հայաստան, հարկեր կը վճարեն, եւ եթէ չեն ծառայած ուրիշ երկրի մը զինուած ուժերուն մէջ, պարտաւոր են ծառայելու Հայաստանի մէջ։ Բայց անոնք ոչ կրնան ընտրուիլ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ո՛չ ալ նշանակուիլ բարձր պաշտօններու։ Սա կը խախտէ փոխադարձութեան հիմնարար սկզբունքը եւ դէմ է պետական քաղաքականութեան հիմնարար արժէքներուն։
Որո՞նք կրնան ըլլալ այս լրամշակման դէմ ուղղուած առարկութիւնները եւ փաստարկները։ Ահա մի քանի ենթադրեալ առարկութիւն եւ պատասխան։
Փաստարկ/առարկութիւն թիւ 1․ Երկքաղաքացիները եւ վերջին 4-6 տարուան ընթացքին Հայաստան մշտապէս չբնակողները բացառելու դրոյթները կը բխին ազգային անվտանգութեան նկատառումներէն։
Այս փաստարկը, թէեւ տեսականօրէն գրաւիչ է եւ որոշակի նախադէպեր ունի ուրիշ երկիրներու մէջ, սահմանադրական սահմանափակումը արդարացնելու համար գործնական շատ թոյլ հիմքեր ունի: ՀՀ ազգային անվտանգութիւնը աւելի կործանարար հարուած չէր ստացած անկախութենէն ի վեր, քան վերջին շրջանին։ Դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէս երկքաղաքացիութիւն ունեցող պետական պաշտօնեաները կրնային աւելի մեծ սպառնալիք ըլլալ, քան այն, ինչին մենք բախեցանք այս երկու տարիներուն։ Ճիշդ հակառակը, ինչպէս նշուած է առաջին պարբերութեան մէջ, ՀՀ անվտանգութիւնը, թերեւս, էապէս կը շահէր, եթէ Սփիւռքի հսկայական մարդկային ներուժը ծառայէր կառավարութեան։
Հարկ է նշել, որ սփիւռքահայերու ճնշող մեծամասնութեան համար օտարերկրեայ քաղաքացիութիւնը կը նշանակէ աշխատանքային թոյլտուութիւն կամ գործարարական անհրաժեշտութիւն, եւ անպայման չ'ենթադրեր անկապտելի հաւատարմութիւն օտար կառավարութեան: Հազուագիւտ բացառութիւնները, անշուշտ, կարելի է կանխել անվտանգութեան վեթինգի ընդունուած գործընթացի, ինչպէս նաեւ կարգային, վարչական եւ քննչական միջոցառումներու միջոցով: Այդ նոյնքան կը վերաբերի Հայաստանի քաղաքացիներուն, որոնք արտագաղթած են օտար երկիրներ՝ աշխատելու նպատակով, որքան սփիւռքահայերուն, որոնք ծնած են արտասահման, ի սկզբանէ եղած օտարերկրեայ քաղաքացի եւ միայն հետագային ստացած Հայաստանի քաղաքացիութիւն:
Բացի այդ՝ չկայ որեւէ երաշխիք, որ ոեւէ մէկը, որ կը բաւարարէ գործող Սահմանադրութեան պահանջները, չի կրնար հաւաքագրուիլ օտարերկրեայ հետախուզական ծառայութեան կողմէ կամ սպասարկել ուրիշ երկրի շահերը։
Բացի կարգային, վարչական եւ քննչական միջոցառումներէն, Հայաստանի կառավարութիւնը անվտանգութեան մարմիններուն կողմէ ստուգման հարցը պէտք է քննարկէ այն երկիրներուն հետ, ուր կան հայկական մեծ համայնքներ, եւ փոխըմբռնում ձեւաւորէ տաղանդներու շրջապտոյտի հարցով, որուն շնորհիւ Հայաստանի մէջ ծառայող երկքաղաքացիները չեն կորսնցներ արտօնութիւններ իրենց երկրորդ քաղաքացիութեան երկիրներուն մէջ եւ հակառակը։
Կան երկրորդ քաղաքացիութիւն ունեցող հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր ՀՀ քաղաքացիներ, որոնք կրնային անգնահատելի ներդրում ունենալ Հայաստանի տարբեր ոլորտներուն մէջ՝ տնտեսական, անվտանգութեան, դիւանագիտական, կրթական, առողջապահական, արհեստագիտական՝ երկրին համար չներկայացնելով աւելի մեծ անվտանգային սպառնալիք, քան անոնք, որ միայն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունին: Այս չիրացուած հսկայական մարդկային ներուժի օգուտը անհամեմատ կը գերազանցէ հաւանական վտանգները: Կառավարութիւնը պէտք է փորձէ վերացնել հնարաւորինս շատ արգելքներ, որոնք կը սահմանափակեն այս ներուժին բովանդակալից ներգրաւումը Հայաստանի կառավարման մէջ։
Փաստարկ/առարկություն թիւ 2․ Սահմանադրութեան այս յօդուածները կը վերաբերին միայն նախագահի, վարչապետի, փոխվարչապետներու, նախարարներու պաշտօններուն, Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն եւ դատական համակարգին մէջ տարբեր կարեւոր պաշտօններու։ Կառավարութեան մէջ ուրիշ պաշտօններ զբաղեցնելու սահմանադրական սահմանափակումներ չկան երկքաղաքացիութիւն ունեցող սփիւռքահայերու համար, որոնք վերջին չորս տարին չեն բնակած Հայաստան։ Ինչո՞ւ շահագրգռուած եւ համապատասխան որակաւորումով սփիւռքահայերը չեն ծառայեր այդ պաշտօններուն՝ ազատ նախարարական կամ ուրիշ ղեկավար պաշտօններու սպասելու փոխարէն։
Թէեւ այս փաստարկը ճիշդ է, ան թոյլ է եւ չի բխիր հարցի էութենէն: Իսկ հարցը այն է, որ երկիրը այս ճգնաժամէն դուրս բերելու համար ՀՀ-ն պէտք է աշխուժօրէն ձգտի հաւաքագրելու լաւագոյն հայ տաղանդները, որուն համար պէտք են նաեւ կառավարութեան ամենաբարձր պաշտօնները։ Կառավարման ամենավերին օղակներուն բացառումը հիասթափեցնող է նաեւ միւս բոլոր մակարդակներուն վրայ իրենց ծառայութիւնները առաջարկելու առումով։
Բացի այդ՝ շատ աւելի կարեւոր է, որ միջին եւ ցած մակարդակի պետական աշխատողները չեն կրնան իրականացնել խիստ անհրաժեշտ բարեփոխումներ՝ վերացնելու համար այն գործառնական անարդիւնաւէտութիւնը, որ ներկայիս աղէտալի իրավիճակ ստեղծած է կառավարման համակարգին մէջ: Այս գործողութեան կարեւոր նպատակն է կառավարութեան գործառնութեան համակարգային բարելաւումը, որուն կարելի չէ հասնիլ նախարարական պաշտօններէ ցած պաշտօններու միջոցով:
Իսկապէս բացառիկ ներուժը, ուր կը մէկտեղուին մասնագիտական ունակութիւնները, փորձը, համաշխարհային կապերը, կառավարչական համապատասխան կարգավիճակի կարիք կ'ունենայ՝ իր ներուժը Հայաստանի շահերուն լիարժէք ծառայեցնելու համար։ Սա յատկապէս կը վերաբերի բազմակողմ տնտեսական, առեւտրային եւ դիւանագիտական հարցերուն, ուր առանցքային են համաշխարհային շփումները բարձր մակարդակի գործընկերներու հետ:
Եւ վերջապէս, պէտք է նշենք, որ կան մեծ թիւով հանրային ծառայութեան պաշտօններ, որոնք Հայաստանի երկքաղաքացիները չեն կրնար զբաղեցնել առանձին օրէնքներու եւ կանոնակարգերու ուժով, թէեւ Սահմանադրութիւնը չի դներ նման սահմանափակումներ։ Անոնց կարգին են ինքնավար մարմինները, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնը եւ այլն: Այսպիսով, խնդիրը համակարգային է Հայաստանի ամբողջ կառավարման համակարգին համար։ Սահմանադրութիւնը լրամշակուելուն պէս աւելի դիւրին կ'ըլլայ անդրադառնալ նաեւ այս առանձին օրէնքներուն:
Փաստարկ/առարկութիւն թիւ 3. Եթէ կան որակաւորուած սփիւռքահայեր, որոնք կրնան եւ պատրաստակամ են նշանակալի աւանդ ունենալ երկրին մէջ՝ ըլլալով կառավարութեան անդամ, ապա ինչո՞ւ չեն հրաժարիր իրենց օտարերկրեայ քաղաքացիութենէն, մշտական բնակութիւն չեն հաստատեր Հայաստան եւ չորս տարի ետք իրաւասու չեն դառնար միանալու կառավարութեան։
Անոնք, որ կը բերեն այս փաստարկը, չեն հասկնար կամ չեն ուզեր հասկնալ այն էական փոփոխութիւնը, որ տեղի կ'ունենայ Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդի ներուժներուն ամբողջ հզօրութեան օգտագործման պարագային՝ յատկապէս ՀՀ պատմութեան այս փուլին։ ՀՀ օրէնքները պէտք է խթանեն սփիւռքի տաղանդի ներգրաւումը, ոչ թէ խոչընդոտեն անոր։ Ինչպէս նշուեցաւ, օտար երկիրներու քաղաքացիութիւն ստանալը եւ զայն պահպանելը տնտեսական անհրաժեշտութեան հարց է սփիւռքահայերու լայն մեծամասնութեան համար։
Ակնկալել, որ այս մասնագէտները ոչ միայն հրաժարին իրենց օտարերկրեայ քաղաքացիութիւններէն, այլ նաեւ տեղափոխուին Հայաստան՝ չորս տարի բնակելու համար՝ կարելի է պարապուրդի մատնուելով, միայն կառավարութեան մէջ ծառայելու չնչին հնարաւորութեան համար, անիրատեսական է եւ նպատակային արգելք կը ստեղծէ։
Ուստի, արժանայիշատակ են սոյն յօդուածները Սահմանադրութեան մէջ պահպանելու հաւանական իրական դրդապատճառները։ Անկախութենէն ի վեր բոլոր վարչակարգերը տեւական պայքար կը մղեն իշխանութիւնը կիսելու դէմ՝ գերազանցապէս իրենց նեղ անձնական շահերը սպասարկելու նպատակով՝ ի վնաս ազգային եւ պետական շահերուն:
Ամփոփելով նշենք, որ ժամանակն է մտածուած եւ հաշուարկուած ձեւով վերացնելու սահմանադրական արգելքները՝ հնարաւորութիւն ստեղծելով Սփիւռքի հայ քաղաքացիներուն հսկայական ներուժը ծառայեցնելու պետութեան հիմնարար ռազմավարական շահերուն։
Թարգմանուած Վահան Զանոյեանի յօդուածէն, հրապարակուած «The Armenian Mirror-Spectator»-ի մէջ 8 Փետրուար 2022-ին։