Search
Close this search box.

Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վերասահմանում

Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պէտք ունին աւելի լայն խորհրդակցութեան: Անոնք ներկայիս առաւել հիմնուած են միակողմանի «Ես խօսիմ, դուն մտիկ կ՚ընե՛ս» մենախօսութեան՝ քան բաց երկխօսութեան վրայ:
Այնուամենայնիւ, «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով»-ը կը հանդիսանայ առաջին լուրջ փորձը սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները վերասահմանելու՝ Փաշինեանը իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր։

Ստորեւ ներկայացուած է «Նոր Յառաջ» թերթի 1 սեպտեմբեր 2022 թիւի խմբագրականէն հատուած մը.

Հոկտեմբեր 28-էն 31 Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարին հրաւէրով պիտի կազմակերպուի «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով»-ը, որ անցեալի Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու նոր անուանումն է։ 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր առաջին մեծածաւալ Հայաստան-Սփիւռք հանդիպումն է, որ կը կազմակերպուի քաղաքական բարդ իրավիճակի մէջ։

Եթէ անցեալին՝ Քոչարեան եւ Սարգսեան նախագահներուն օրօք կազմակերպուած Հայաստան-Սփիւռք համագումարներուն՝ իշխող կառավարութիւններուն նկատմամբ տեղացի եւ Սփիւռքի մասնակիցներուն կողմէ լռելեայն համախոհութիւն կը ցուցաբերուէր, ներկայիս նոյնը չէ պարագան։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հոգեւորականութիւնը, որ անցեալին չէր յանդգներ որեւէ ձեւով քննադատել քաղաքական իշխանութիւնները, ներկայիս անկաշկանդ ձեւով կը հակառակի, պատճառաբանելով կառավարութեան հակակղերական դիրքորոշումները։ Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մնայ աւելի պահպանողական գծի վրայ։ Բնականաբար, սփիւռքեան կազմակերպութիւններէն ՀՅԴ-ի պաշտօնական դիրքորոշումը կը մնայ ամէնէն կոշտը, մա՛նաւանդ՝ ներկայի Վարչապետին եւ անոր Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարին հանդէպ, որոնց արտաքնայ ուղեւորութիւնները միշտ հանդիպած են ՀՅԴ-ի կողմէ կազմակերպուած ընդդիմութեան։

Նկատի առնելով այս ոչ-համախոհական իրավիճակը, Հոկտեմբերի վեհաժողովը կը դառնայ աւելի հետաքրքրական։ Մասնակիցներու որակէն եւ քանակէն կախեալ պիտի ըլլան վեհաժողովին մակարդակն ու յաջողութիւնը։ Յայտագիրը արդէն հրապարակուած է։ Առաջին օրուան պաշտօնական հանդիպումէն ետք, մնացեալ երեք օրերը յագեցած պիտի ըլլան անվտանգութեան ռազմավարութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու բազմաբեւեռ՝ կրթական, մշակութային, գիտական, տնտեսական համագործակցութեան եւ Սփիւռքի ներկայացուցչութեան հարցերու նուիրուած նիստերով։

Վեհաժողովին յայտագիրը պատրաստուած է Յանձնակատարին գրասենեակի՝ իրենց սեղաններուն ետին լաւ տեղաւորուած մասնագէտներու կողմէ։ Նիստերու նիւթերը նախօրօք տարբեր համայնքներու կողմէ չեն քննարկուած, յղկուած։

Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պէտք ունին աւելի լայն խորհրդակցութեան։ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք վարչապետ Փաշինեան Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնը հաստատելով եւ այդ պաշտօնին նշանակելով Կլէնտէյլի քաղաքապետը, երկու նպատակ կը հետապնդէր. առաջինը՝ արտագաղթած Հայաստանցիներուն հայրենադարձութեան օրինակ ծառայեցնել պրն Սինանեանը, երկրորդ՝ վարչապետի գրասենեակի անմիջական իրաւասութեան տակ պահել Սփիւռքի գործերու ղեկավարումը եւ համադրումը, նկատի առնելով անոր բազմաթիւ գործառոյթները՝ ազգային, քաղաքական, տնտեսական, կրթական, մշակութային, քարոզչական…։

Գործնականին մէջ քաղաքական բարդ իրավիճակը, համաճարակը, պատերազմը… շատ բան փոխեցին։ Փաշինեանի՝ իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով»-ը կը հանդիսանայ առաջին լուրջ փորձը Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները վերասահմանելու։

Ժիրայր Չոլաքեան
Նոր Յառաջ, թիւ 1773

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *