Search
Close this search box.

2020-ի Ղարաբաղեան պատերազմը եւ Հայաստանի արտաքին ու անվտանգութեան ապագայ քաղաքականութիւնները (Սպիտակ թուղթ)

2020-ի սեպտեմբերեան պատերազմը ընդգծեց Հայաստանի դիրքին եւ քաղաքականության շարք մը թոյլ կողմերը: Ան նաեւ առիթ դարձաւ շարք մը հրապարակումներու, որոնք կը վերլուծեն այս խնդիրները կամ ապագայ քաղաքականութեան առնչութեամբ որոշ խորհուրդներ կ'առաջարկեն։ Այժմ՝ ութ ամսուան հետազօտութիւններէ եւ լայնածաւալ խորհրդակցութիւններէ ետք, նոր զեկոյց հրապարակուած է որպէս Սպիտակ Թուղթ, որ մանրամասնօրէն եւ խորութեամբ կ'ուսումնասիրէ այն խզուածքները, որոնք յանգեցուցին պատերազմի եւ պարտութեան՝ այդ պատերազմին։ Այս զեկոյցը նաեւ կը սահմանէ այն միջավայրը, ուր Հայաստան այժմ կը գործէ տարածաշրջանային եւ միջազգային առումներով: Փաստաթուղթը կը ներկայացնէ նաեւ առաջարկներ ապագայի ընտրութիւններուն եւ բարեփոխումներուն մասին: 

Սպիտակ Թուղթը, որուն խորագիրն է՝ «2020-ի Ղարաբաղեան պատերազմը եւ Հայաստանի արտաքին ու անվտանգութեան ապագայ քաղաքականութիւնները», իրմէ կը ներկայացնէ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ ամբողջ հայոց աշխարհին համար վճռորոշ նշանակութիւն ունեցող հարցերու համապարփակ ուսումնասիրութիւն մը:
Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւնը կ'ուղեկցուի Կատարողական ամփոփագիրով, Բովանդակութեան փոխազդեցիկ ցանկով եւ գրութիւնը լրացնող յաւելուածներով ու նիւթերով: Ուսումնասիրութիւնը հասանելի է չորս լեզուով՝ ֆրանսերէն, հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն:

Զեկոյցին նպատակն է առաջարկել անցեալի հարցերուն եւ ապագայի տարբերակներուն համակարգուած վերլուծութիւն մը՝ հիմնուած տրամաբանական փաստարկներու վրայ, եւ գումարել հանրային քննարկում մը, որ հիմնուած կ'ըլլայ փաստերու եւ քննադատական դատողութիւններու վրայ՝ փաստը տարանջատելով կարծիքէն, սթափ դատողութիւնը՝ նախապաշարմունքէն, ռազմավարական նկատառումները՝ գաղափարախօսական կառուցուածքներէն: Այդպիսով հեղինակները յոյս ունին խրախուսելու հանրային քննարկումը այս հարցերուն շուրջ, բայց նաեւ օգնելու իրաւասուներուն՝ վերանայելու խնդիրները քաղաքականութիւն ձեւակերպելու ժամանակ:

Հետազօտութիւնը, որ հեղինակած են երեք քաջատեղեակ անհատներ, կ'ընդգրկէ նաեւ աշխարհի շուրջ 45 հայ փորձագէտներ եւ վերլուծաբաններու տեսակէտներուն համառօտագիրը՝ պատերազմի պատճառներուն, վարման ու հետեւանքներուն մասին:
Երեք հեղինակները՝ Թալին Փափազեան (ֆրանսահայ քաղաքագէտ), Ռոպերթ Այտապիրեան (ֆրանսահայ գործարար ղեկավար եւ վերլուծաբան) ու Ժիրայր Լիպարիտեան (պատմաբան եւ նախկին դիւանագէտ), երկար տարիներ սերտօրէն եւ տարբեր ձեւով ներգրաւուած եղած են Հայաստանի ու Արցախի կեանքին մէջ:

«Սպիտակ Թուղթը սահմանող մէկ կարեւոր առանձնայատկութիւնը անոր լիարժէք թափանցիկութիւնն է, որուն մենք փորձած ենք հասնիլ՝ ընթերցողներուն վստահութիւնը շահելու նպատակով: Մենք առանձնացուցած ենք մեր տեսակէտները մեր հարցախոյզի մասնակիցներուն տեսակէտներէն, եւ ամբողջութեամբ հնչեցուցած առկայ բոլոր կարծիքները՝ անկախ անկէ, թէ որքանով անոնք կը տարբերին մեր կարծիքներէն կամ որքանով կը հակառակին անոնց»,– կ'ըսէ հեղինակներէն մէկը՝ Էքս ան Փրովանսի համալսարանի դասախօս Թալին Փափազեան: 

Հետազօտութեան առաջին մասը կը ներկայացնէ հարցախոյզի 45 մասնակիցի տեսակէտներուն ամփոփումը. տեսակէտներ, որոնք կը վերաբերին հեղինակներուն կողմէ շարք մը զգայուն թեմաներու շուրջ ուղարկուած հարցաշարին: Այդ տեսակէտները յաճախ կը գտնուին հակառակ ծայրերու վրայ՝ արտացոլելով հայերու պառակտուած աշխարհը այսօր:
Երկրորդ մասը կ'ընդգրկէ հեղինակներուն սեփական դիտարկումները այսօրուան Հայաստանի եւ Արցախի մասին, ինչպէս նաեւ այն գործօնները, որոնք Հայաստանն ու հայութիւնը պէտք է հաշուի առնեն արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութիւններու մասին մտածելու եւ անոնց հետ կապուած ընտրութիւն կատարելու ատեն: Հեղինակները կը պնդեն, որ այժմ, աւելի քան երբեւէ, պէտք է աւելի իմաստուն գործել ու խուսափիլ անցեալի սխալներէն:

Սպիտակ Թուղթը տրամադրուած է Հայաստանի եւ Արցախի գործադիր եւ օրէնսդիր ղեկավարներուն, ԶԼՄ-ներուն, հետազօտական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ յայտնի փորձագէտներու եւ անհատներու: Ան ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն իրականացնող օտարերկրեայ դեսպաններուն:

«Մեր պատրաստածը վերլուծական փաստաթուղթ է,– կ'ըսէ հեղինակներէն Ռոպերթ Այտապիրեան՝ Փարիզէն,– բայց եւ անմիջական առնչութիւն ու կիրարկութիւն ունի քաղաքականութեան մէջ եւ կառավարութեան քաղաքականութեան ու գործողութիւններուն մէջ: Մեր դիտարկումները եւ առաջարկները կրնան օգտակար ըլլալ Հայաստանի ու Արցախի ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներուն եւ ռազմական ղեկավարներուն»:

Ըստ փորձագէտներու, որոնցմէ հեղինակները խնդրած էին ընթերցել փաստաթուղթին երրորդ նախնական տարբերակը եւ կարծիք յայտնել անոր մասին, այս Սպիտակ Թուղթը կը մօտենայ հնարաւորինս հաւաքականօրէն մտածելու ջանքերուն. այնքանով, որքանով ատիկա կարելի է ներկայ իրավիճակին մէջ:
«Դիւրին չէր հասնիլ երկու նպատակներուն՝ առաջարկելով հաւաքական աշխատանք մը, որ նոյնպէս գործնական արժէք ունի»,– կ'ըսէ երրորդ հեղինակը՝ Պոսթոնէն Ժիրայր Լիպարիտեան, եւ կը յաւելէ. «Մենք ստիպուած էինք հաշուի նստելու միջազգային եւ տարածաշրջանային իրողութիւններուն հետ, զորս դժուար է ընդունիլ: Մենք գիտէինք, որ մեր ժողովուրդը սնած է բազմաթիւ սին յոյսերով ու կեղծ երազներով: Բայց որոշեցինք, որ լաւագոյն ծառայութիւնը, որ մենք կրնանք մատուցել այս պահուն, հաւաստիօրէն ու իրատեսօրէն մատնանշելն է, թէ ուր ենք մենք եւ ինչ հնարաւորութիւններ կան հիմա»:

Տե՛ս ֆրանսերէն բնագիրին յղումը. https://bit.ly/3kSbWDL
Տե՛ս անգլերէն բնագիրին յղումը. https://bit.ly/3MVgWDG
Տե՛ս հայերէն բնագիրին յղումը. https://bit.ly/3L04roR
Տե՛ս ռուսերէն բնագիրին յղումը․ https://bit.ly/3FtBlgG

Մայիս 8, 2022 թ․

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *