Յաջորդ օրը

Ապրիլ քսանչորսի յաջորդ օրը ամէն մէկ հայ հարիւր եւ աւելի տարիէ ի վեր, լիցքաւորուած (ինչպէս պիտի ըսէր հայրենաբնակը), ոգեւորուած եւ իր միտքին մէջ յաղթած պիտի շարունակէ իր առօրեայ կեանքը։

Մենք ալ պիտի ըսենք. - Պրաւօ՜ տղաք, ոգեւորուեցաք եւ ոգեւորեցիք ժողովուրդը։ Ունեցաք այն խաբկանքը, որ յաղթեցիք թշնամիին եւ օրուան այս կարգախօսով ժողովուրդը ղրկեցիք տուն։ Կարգ մը հերոսներ, հայրենիքի սահմանագիծէն շա՜տ հեռու, թրքական դրօշը այրեցին,- վերջերս նոր յայտնուած «թշնամի» դրօշն ալ բռնկեցուցին,- իրենց ուղեղին մէջ հասնելով Վան, Մուշ, Սասուն եւ ... Շուշի։ Իսկ թուրք կամ ազերի մը ձեռք չ՛անցընելով, երկրի ղեկավարը՝ Վարչապետը դաւաճան եւ հողատու որակեցին ու անխնայ քարկոծեցին։

Հասկնալի է, որ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ խոյս տուած վերապրող հայերուն համար ոգեւորելն ու ոգեւորուիլը անհրաժեշտութիւն կը սեպուէին։ Աւելի ուշ, ոգեւորուելու զգացական հեշտանքը շարունակուեցաւ եւ դարձաւ հայ մարդու նկարագրային գիծ,- վախնամ այդքան կարճ ժամանակի մէջ հայու ծիներուն մաս կազմեց։

Եւ ոգեւորուեցանք ու ոգեւորեցինք հայ մարզիկի մը յաղթանակով, ֆիլմի մը վերջաւորութեան հայու մը մականունով, հայ գիտնականի մը յայտնաբերած գիւտով եւ երբ նորութիւն չգտանք, վերադարձանք հայ ֆէտայիներու քաջագործութիւններուն, քաղաքական եւ կուսակցական դէմքերուն, մոռնալով ներկայի ու ապագայի ազգին առաջ ծառացող ամենէն հրատապ հարցերը։

Պիտի զգաստանա՞նք արդեօք՝ ազգովին։ Պիտի կարենա՞նք լուռ ու մունջ աշխատիլ հասնելու համար հաւաքական նպատակներուն։ Պիտի կարենա՞նք հրաժարիլ մեծխօսիկ՝ ոգեւորող ու ոգեւորուող վարմունքէն ու վարքագիծէն։ Մինչեւ յաջորդ Ապրիլ քսանչորս ժամանակ ունինք. այլապէս ամեակներ պիտի գան ու անցնին իսկ հայութիւնը ո՛չ միայն տարի պիտի կորսնցնէ, այլեւ յիշեալ ամեակը յաւերժացնող տարիները... բազմապատկուած։

Գրիգոր Քրաճեան
Ապրիլ 2023
Լիբանան

Գրողներուն կարծիքները իրենց կը պատկանին եւ անպայմանօրէն չէ, որ կը համընկնին «DiasporArm»-ի կարծիքներուն հետ:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *