Պետական շահերու գերակայութիւնը

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համակարգի քայքայումը (ինչպէս նաեւ քաղաքական վստահութեան ճգնաժամը) յաճախ կը վերագրուի 44-օրեայ պատերազմին կրած պարտութեան․ թէեւ պարտութիւնը երկուքին ալ նպաստեց, ան անկէ ոչ մէկուն պատճառը չէ: Ան վերհանեց խնդիրներ, որոնք շատ աւելի խոր արմատներ ունին։ Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ բոլոր համակարգային եւ կառուցուածքային քաղաքական ու ռազմական թուլութիւնները ունին ընդհանուր խորքային պատճառ մը՝ պետականութեան մշակոյթի ու աւանդոյթի քրոնիկ բացակայութիւն թէ՛ քաղաքական ղեկավարութեան մտածելակերպում, թէ՛ հանրութեան։ Սա ալ, իր հերթին, կու գայ երկրին մէջ կուռ քաղաքական մշակոյթի բացակայութենէն, ուր, ընդհանուր առմամբ ապաքաղաքական հանրութիւնը, առաւելապէս կեդրոնացած ըլլալով քաղաքական առանձին ղեկավարներուն եւ անոնց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ անոնց՝ հանրութեան անդամներուն անձնական կեանքին մէջ այդ գործունէութեան ազդեցութեան վրայ, գրեթէ կամ բոլորովին չի գնահատեր աւելի լայն, ազգային, խնդիրներուն լուծման ուղղուած քաղաքական գործընթացներն ու նպատակը:

Հայաստանի անկախութենէն ի վեր բոլոր կառավարութիւններուն քաղաքական գիծէն բացակայած է պետական շահի բացարձակ գերակայութեան գաղափարը, որ ինքնիշխան յաջողակ պետութիւններուն ուղղորդիչ, հիմնարար սկզբունքն է։ Շատ երկիրներու մէջ պետականակերտման սկզբնական տարիներուն, երբ չեն եղած անհրաժեշտ հաստատութենական հիմքեր, տեսլական ունեցող առաջնորդները սահմանած են, ձեւակերպած եւ պաշտպանած պետական շահերը։ Հայաստանի մէջ նման ուղղահայեաց գործընթաց երբեք տեղի չէ ունեցած։

Քաղաքական ղեկավարութիւնը իր գործառոյթը աւելի շատ ընկալած է որպէս արտօնեալ ժամանց, քան զերոյէն պետութիւն կառուցելու դժուարին, անխոնջ, անհրապոյր եւ անշնորհակալ աշխատանք՝ իր բոլոր կառուցուածքային տարրերով, անվտանգութեան միջոցառումներով, բազմազան ռազմավարական դաշինքներով եւ պաշտպանունակ ինքնիշխանութիւն կառուցելու անհրաժեշտ քայլերով։ Ան նաեւ մշտապէս շփոթած է իր «կառավարման» կամ իր իշխանութեան շահերը պետութեան շահերուն հետ։

Թէեւ բոլոր կառավարութիւնները կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը, անոնցմէ շատերը նաեւ յստակ կը տարբերակեն պետական շահը իրենց՝ աւելի նեղ շահերէն։ Իրական քաղաքականութիւնը կը ձեւաւորուի պետական շահերու հետեւողական սպասարկումով: Նոյնիսկ ամենափտած կառավարութիւններէն որոշները կրցած են պաշտպանել իրենց ինքնիշխանութիւնը՝ սահմանելով պետական անվտանգութեան այն կարմիր գիծը, որ իրենց փտած գործունէութեան թոյլ չեն տուած հատել։ Երբ պետականութիւնը վտանգուած է, նեղ անձնական շահերը ժամանակաւորապէս երկրորդ կարգ կը մղուին, առաջնային կը դառնայ վտանգի կառավարումը։ Պետական շահերու սպասարկման այս նպատակասլաց գործընթացին կառավարութիւնները չեն երկմտիր յանուն բարձրագոյն պետական շահի պաշտպանութեան շրջանցել կամ խախտել ինչ-որ սկզբունքներ, արժէքներ, գաղափարախօսութիւն, նոյնիսկ որոշակի իրաւական սահմանափակումներ։ Սա է պատճառը, որ պետութիւններուն միջեւ, որոնք ունին տրամագծօրէն հակառակ գաղափարախօսութիւններ եւ չունին որեւէ ընդհանուր արժէք, կրնան ձեւաւորուիլ եւ պահպանուիլ անհաւանական ռազմավարական դաշինքներ, քանի դեռ անոնք կը ծառայեն այդ պետութիւններուն պետական շահերուն։

2021 թուականի Մարտին ես յօդուած մը հրապարակած եմ, ուր կը քննարկուին պետականութեան մշակոյթի բացակայութեան պատճառները, հետեւանքները եւ հաւանական «դեղամիջոցները»։ Այստեղ ես կը փորձեմ ներկայացնել այդ ախտանիշին քանի մը հետեւանքը եւս՝ մեծապէս շեշտադրելով պարտութենէ ետք գերակայող հանրային տրամադրութիւններն ու կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը։

Իրապաշտութիւնը ընդդէմ պարտուողականութեան

Ռազմական պարտութենէն ետք յաջորդ վատագոյն թշնամին պարտուողական հոգեվիճակն է։ Պարտուողականութիւնը յատկապէս մահացու է, երբ հանդէս կու գայ «իրապաշտութեան» քօղին ներքոյ։ Մեր պարտութենէն քաղած ամենավտանգաւոր եւ սխալ դասը այն է, որ անխուսափելի էր ան, որ մենք երբեք պիտի չկարենայինք յաղթահարել միջազգային հանրութեան ճնշող մեծամասնութեան այն ընկալումը, թէ իբր Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս է, որ մենք չունէինք դիւանագիտական եւ իրաւական հիմքեր եւ միջոցներ փոխելու կամ գոնէ մեղմելու այդ ընկալումը, որ 30 տարիները բաւարար չէին այս առումով զգալի յառաջընթաց արձանագրելու կամ մեր պաշտպանական կարողութիւնները հզօրացնելու եւ արդիականացնելու համար, որ ամբողջ հայ ժողովուրդը 1990-ականներուն իր յաղթանակները ամրապնդելու եւ անոնց «տէր կանգնելու» պաշարներ չունէր։ Չէ՞ որ, եթէ պարտութիւնը անխուսափելի էր, իրատեսութիւնը կ'ենթադրէ, որ մենք պէտք է ընդունինք պատերազմի ելքն ու անոր հետեւանքները։ 

Ի՞նչ է իրապաշտութիւնը քաղաքականութեան մէջ։ Ներկան գնահատելու ժամանակ իրապաշտ ըլլալը համեմատաբար դիւրին է։ Ան կը յենի առկայ դիտարկելի փաստերուն վրայ։ Փորձառու եւ գործնական քաղաքական գործիչը կրնայ նոյնիսկ մէկ կողմ դնել զգացումներն ու կանխակալութիւնը եւ փաստերը ընդունել այնպիսին, ինչպիսին անոնք կան․ մենք պարտուեցանք պատերազմին, հազարաւոր կեանքեր ու դժուարին ճամբով ձեռքբերուած տարածքներ կորսնցուցինք, նշանակալիօրէն նուազեցաւ մեր աշխարհաքաղաքական եւ դիւանագիտական կշիռը, որպէս ինքնիշխան պետութիւն՝ կորսնցուցինք մեր կարեւորութիւնը եւ ռազմական առումով թոյլ ենք։ Կարճ ըսած՝ սա է ներկայի իրատեսական գնահատականը։

Դժուարը ապագան իրատեսօրէն գնահատելն է, որովհետեւ ապագայի իրապաշտութիւնը հիմնուած է ոչ թէ վերջին շրջանին պատահած իրադարձութիւններուն վրայ, այլ ինչ-որ մէկուն տեսլականին առ այն, թէ իրատեսօրէն ինչի՛ կարելի է հասնիլ ապագային: Ենթադրել, որ այսօրուան իրականութիւնը նաեւ վաղուան իրականութիւնն է, որ մենք չունինք անհրաժեշտ ուժ զայն ձեւաւորելու կամ վերափոխելու համար, որ արտաքին պայմանները չեն փոխուիր կամ, եթէ փոխուին, հնարաւորութիւններ չեն ստեղծեր իրավիճակի փոփոխութեան համար, իրատեսական չէ։ Այդ պարտուողական մօտեցում է։ Այդ պարագային չկայ տեսլական կամ ձգտում իրատեսօրէն կառուցելու ներկայէն տարբերուող ապագայ։ Ոչ մէկ քաղաքական ղեկավարութիւն չի կրնար ծառայել իր ժողովուրդին՝ կարծրացած մտածելակերպով, որովհետեւ ապագայի իրատեսական տեսլականն ու անոր հասնելու նպատակադրումը քաղաքական արդիւնաւէտ ղեկավարման նախադրեալներն են։

Վերոնշեալը կարեւոր հարցադրում յառաջ կը բերէ. իսկ ո՞վ կ'որոշէ, թէ ի՛նչը իրատեսական է ապագային: Օթթօ ֆոն Պիսմարկի՝ «քաղաքականութիւնը հնարաւորի արուեստն է» յայտնի արտայայտութիւնը յաճախ կը ցիտեն որպէս իրատեսութեան կոչի փաստարկ։ Բայց քիչերը կը հարցնեն, թէ ըստ որո՞ւ՝ «հնարաւոր»։ Կամ իրատեսական՝ ըստ որո՞ւ։ Արդեօք Սարդարապատի յաղթանակը իրատեսական կը համարուէ՞ր պատերազմէն մէկ տարի առաջ։ Արդեօք այսօրուան «իրատեսներէն» ոեւէ մէկը անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը հաւանական կը համարէ՞ր 1918 թուականի Մայիսէն մէկ տարի առաջ, երբ հայ ժողովուրդը կրեց իր պատմութեան մարդկային եւ տարածքային ամենամեծ կորուստները։ Ո՞վ հաւանական կը համարէր Շուշիի կամ եօթը յարակից շրջաններուն ազատագրումը երեսուն տարի առաջ։

Իրողութիւնը այն է, որ ներկայի իրապաշտութենէն ապագայի իրապաշտութիւն անցումը կը հիմնուի տեսլականի, դատողութիւններու, երեւակայութեան, նպատակասլացութեան, համարձակութեան, խիզախութեան եւ, թերեւս, ամենակարեւորը՝ նպատակի վրայ: Ուստի ան միանշանակ չէ։ Հեգնանքը այն է, որ միայն անոնք, որ կրնան երազել, կրնան իրատես ըլլալ ապագայի հանդէպ։ Անոնք, որոնք չեն կրնան երազել, պարզապէս ներկան կ'արտացոլեն ապագային, քանի որ անոնք ունակ չեն տեսնելու ներկայէն անդին։

Եթէ մեր պարտութենէն քաղած սխալ դասը այն է, որ անխուսափելի էր ան, ապա ո՞րն է ճիշդ դասը։ Ահա մէկ իրատեսական պատասխան՝ մենք պարտուեցանք պատերազմին, որովհետեւ իրարու յաջորդած կառավարութիւնները չհասկցան պետականութեան գերակայութեան կարեւորութիւնը, ա՛լ չխօսինք զայն արժեւորելու մասին․ քանզի անկախութեան առաջին իսկ օրերէն Հանրապետութիւնը մտածուած կերպով կառուցուեցաւ թոյլ հիմքերու վրայ, յատկապէս ազգային անվտանգութեան առումով։ Քանզի նոյն սկիզբէն կառավարութիւնը քանդեց այն հետախուզական կարողութիւնները, որ ժառանգած էր Խորհրդային միութենէն՝ փոխանակ անոնց հիման վրայ զարգացնելու նոր կարողութիւններ։ Քանզի Խորհրդային միութեան փլուզումէն անմիջապէս ետք մենք նախընտրեցինք Հայաստանի գիտական զգալի ներուժը չծառայեցնել ազգային անվտանգութեան։ Քանզի յաղթանակէն եւ 1994 թուականի Պիշքեկի հրադադարի համաձայնագիրէն անմիջապէս ետք մենք չամրապնդեցինք մեր ձեռքբերումները միջազգային իրաւական միջոցներու եւ աշխոյժ, մտածուած եւ նպատակամէտ դիւանագիտութեամբ՝ Արցախի կարգավիճակը ամրագրելու եւ Արցախի՝ Ազրպէյճանի անքակտելի մաս ըլլալու մասին միջազգային գերակայող ընկալումը փոխելու համար։ Քանզի մենք չափազանց երկար գինովցանք մեր յաղթանակով եւ չկրցանք արդիականացնել մեր զինուած ուժերը․ վերջին 28 տարիները անցուցինք ինքնագոհութեան եւ փտածութեան մէջ՝ մոռնալով այն փաստը, որ մշտապէս կը հատէինք այն կարմիր գիծը, որ կը վտանգէր մեր պետականութեան շահերը։ Որովհետեւ յարմարաւէտ ներկայ տեղաւորուելով՝ մենք չձեւաւորեցինք տնտեսապէս զարգացած, ռազմականօրէն անառիկ ու բարեկեցիկ Հայաստանի եւ Արցախի կառուցման յստակ եւ հասանելի տեսլական, ոչ ալ բաւարար նուիրում ունեցանք մեր պետականութեան նման տեսլականի ետեւէն երթալու համար։ Որովհետեւ Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութիւնը անփութօրէն կը հաւատար այն հնացած ենթադրութեան, որ Հայաստան կրնար անվտանգութեան հարցին մէջ յոյս դնել արտաքին երաշխաւորի վրայ՝ անտեսելով, թէ ինչպէ՛ս աշխարհը, տարածաշրջանը եւ ենթադրյալ երաշխաւորի շուրջ հանգամանքները կը փոխուին։ Որովհետեւ մենք ներդրում չկատարեցինք մեր կարողութիւններուն եւ երկրին հզօրացման համար, եւ մեր քաղաքական ղեկավարութիւնը, անկախութեան տարիներու սթաթուս քուօն ընդունելով որպէս ինքնին ենթադրուող իրողութիւն, աւելի հետաքրքրուած էր իր հարստացումով, քան պետականաշինութեան եւ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն բնակեցումով․․․

․․․ Եւ որովհետեւ պատերազմի ընթացքին մենք չգործեցինք յաղթելու կամքով եւ վճռականութեամբ․ քանզի պատերազմը մղուեցաւ մեր իրական հնարաւորութիւններուն մէկ մասին չափով եւ ռազմավարական ցնցող սխալներով։ Եւ վերջապէս, ինչպէս հազարաւոր կեանքերը, այնպէս ալ ինքնիշխան պետականութիւնը (ի տարբերութիւն վարչակազմի գոյատևման) ինքնին զոհաբերելի էին կառավարութեան համար։ Որքան ալ ծանր հնչէ այս գնահատականը, այդուհանդերձ, ան իրապաշտական է։

Անվտանգութիւն խաղաղութեան միջոցով

Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հռչակուած «խաղաղութեան դարաշրջանի» քաղաքական հիմնական նպատակը ազգային անվտանգութեան ապահովումն է։ Գաղափարը թեւաթափութեան աստիճան պարզ է. եթէ մենք մեր թշնամիներուն հետ համաձայնութեան կու գանք սահմաններու հարցին շուրջ, խաղաղութեան համաձայնագիր կը ստորագրենք անոնց հետ եւ կը բանանք հաղորդակցութեան եւ առեւտրային ուղիները, անով իսկ կը չէզոքացնենք ապագայ ռազմական յաղթանակի սպառնալիքը, կ'ապրինք ու կը բարգաւաճինք խաղաղութեան մէջ։ Ի՞նչը կրնայ ձախողիլ։

Անշուշտ, խնդիրը այն է, որ այդ չէ այն ձեւը, որով աշխարհը յառաջ կը շարժի: Եւ աշխարհը յատկապէս այդպէս չի գործեր՝ հաշուի առնելով մեր թշնամիներուն էութիւնը։ Մեր թշնամիները խաղաղութեան մէջ բարի կամք պիտի չդրսեւորեն, ինչպէս մեծահոգութիւն չդրսեւորեցին իրենց յաղթանակին ժամանակ եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք։ Անվտանգութիւնը խաղաղութեան հետեւանք չէ եւ երբեք չէ եղած։ Հակառակը շատ աւելի ճշմարտացի է։ Ազգային ուժեղ անվտանգութիւնը կրնայ խաղաղութիւնը կարելի դարձնել, բայց ոչ երբեք հակառակը։

Ազգային անվտանգութեան հասնելու միակ ուղին ուժն է։ Ուժ ըսելով՝ կը հասկնանք բառի ամենալայն իմաստը՝ ուժեղ, ժամանակակից եւ արհեստագիտականօրէն ռազմական ուժեր, մրցունակ կառավարութիւն, բարձր մակարդակի հետախուզութիւն, բազմազան եւ փոխշահաւէտ ռազմավարական դաշինքներ, նպատակասլաց, յստակ բազմակողմ դիւանագիտութիւն, պայքար տեղեկատուական պատերազմի առաջնագիծին վրայ, յառաջատար ու մրցունակ տնտեսութիւն։ Ազգային անվտանգութիւնը չի կրնար արտապատուիրուիլ, ոչ ալ ապաւինիլ թշնամիին բարի կամքին, այն ալ ցեղասպանական նպատակներ ունեցող զաւթիչ թշնամիին։

Խաղաղութեան ձգտումը՝ որպէս անվտանգութեան հասնելու միջոց, առանց վերոնշեալ նպատակներուն, կարծես թէ խաղաղութիւնը անվտանգութեան հասնելու այն յարմար ու ամենակարճ ճամբան է, որ թոյլ կու տար խուսափելու ինքնիշխան պետութեան պարտադիր գործառոյթներուն միջոցով զայն մաս-մաս կառուցելու ծանր աշխատանքէն, բացարձակ միամտութիւն է եւ իրական քաղաքականութեան բացարձակ անտեսում։

Այդ նաեւ պետական շահի գերակայութիւնը չգիտակցելու ուղղակի հետեւանք է, ալ չըսենք զայն արժեւորելու մասին։

Սփիւռքի ներգրաւման անվերջանալի խօսոյթը

Ես առաջին անգամ Հայաստան այցելած եմ 33 տարի առաջ՝ 1989 թուականի Դեկտեմբերին՝ Կիւմրիի կործանիչ երկրաշարժի առաջին տարելիցին, երբ Հայաստան դեռ Խորհրդային միութեան մաս էր։ Այդ այցելութեան ժամանակ եւ այդ ժամանակէն ի վեր ես լսած ու մասնակցած եմ Հայաստանի զարգացման գործընթացին սփիւռքի ներգրաւման հարցին նուիրուած անթիւ քննարկումներուն։ «Սփիւռքի ներգրաւումը» տարբեր նշանակութիւն ունի տարբեր խումբերուն համար։ Որոշ արժանի բացառութիւններով՝ քննարկումներուն մեծ մասը դատարկ խօսքեր էին։ Զարմանալի չէ, որ այս հարցին մէջ յառաջընթացը լաւագոյն պարագային կաղած է։

Սփիւռքի եւ Հայաստանի կառավարութեան բովանդակալից փոխներգրաւման ձախողման համար կան շատ արդարացուած պատճառներ՝ սկսած մշակոյթներու հասկնալի բախումէն մինչեւ տեսլականներու եւ իրարմէ սպասումներու տարբերութիւններ։ Բայց կան նաեւ պակաս առարկայական պատճառներ, որոնք կը վերաբերին շահագործելու պատեհապաշտական միտումներուն եւ փոխըմբռնման հասնելու ոչ համապատասխան ջանքերուն։

Բայց, ի վերջոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պարտաւոր էր (եւ պարտաւոր է) որդեգրելու սփիւռքի հսկայական տաղանդն ու պաշարները ներգրաւելու խոհեմ քաղաքականութիւն՝ ի սպասարկումն պետական շահերու։ Վերջ ի վերջոյ հայ ժողովուրդի ներուժին 75-80 տոկոսը սփիւռքի մէջ է. նկատի ունիմ մարդոց թուաքանակը, կրթութեան մակարդակը, մասնագիտական որակները, նիւթական կարողութիւնները, վարչարարական եւ կառավարչական փորձը, գիտութեան, բժշկութեան եւ արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ կարողութիւնները, համաշխարհային կապերը, ռազմական, ռազմավարական հարցերու եւ հետախուզական գործողութիւններու մէջ փորձառութիւնը։[1]

Որեւէ կառավարութիւն, որ իսկապէս հետաքրքրուած է պետական շահերու յառաջմղումով, կը դիմէր ծայրայեղ միջոցներու՝ այս կարողութիւնը պետութեան շահերուն ծառայեցնելու համար։ Բայց անկախութենէն ի վեր իրարու յաջորդած մեր կառավարութիւնները ըրած են ճիշդ հակառակը՝ սփիւռքի ներկայացուցիչներու՝ ՀՀ-ի մէջ բարձր պաշտօններ զբաղեցնելու համար ստեղծելով իրաւական եւ նոյնիսկ սահմանադրական խոչընդոտներ։

Սփիւռքի ներուժը ներգրաւելու դէմ դիմադրութիւնը այնքան արմատացած է, որ անցած է իրաւական խոչընդոտներէ անդին։ Մինչ փորձառութիւն անցնիլն ու ցած պաշտօնները խրախուսուած են, գործադիր եւ դատական իշխանութեան բարձր պաշտօնները գրեթէ անհասանելի են, եթէ նոյնիսկ արգիլուած չեն օրէնքով։ Սփիւռքի կարողութիւններն ու որակաւորումները կը դիտարկուին որպէս անցանկալի միջամտութիւն քաղաքական վերնախաւի յարմարաւէտութեան գօտիին եւ հաստատուած գործելաոճին՝ անկախութենէն ի վեր բոլոր վարչակարգերուն մօտ յանգեցնելով իշխանութիւնը կիսելու մշտական դիմադրութեան՝ գլխաւորապէս սեփական նեղ անձնական շահերը ազգային եւ պետական շահերու հաշուոյն սպասարկելու համար։

Սա նոյնպէս պետական շահի գերակայութիւնը չգիտակցելու ուղղակի հետեւանք է, ալ չըսենք զայն արժեւորելու մասին։

*   *    *

Պետութեան բարձրագոյն շահերով չառաջնորդուելու ախտանշանները բազմաթիւ են։ Առանց մանրամասնելու թուեմ միայն քանի մը հատը․ զինուած ուժերու ողբալի վիճակը անկէ մէկն է բոլոր առումներով․ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-էն ի վեր հետընթաց ապրած են թէ՛ զինուած ուժերու կարողութիւնները, թէ՛ բարոյահոգեբանական վիճակը եւ թէ՛ զինուած ուժերու ղեկավար կազմը։ Որեւէ կառավարութիւն, որ կը հասկնայ պետական շահերու բարձրագոյն արժէքը Նոյեմբեր 9-էն ի վեր իր առաջնահերթութիւնը կը դարձնէր ԶՈՒ ամրապնդումն ու արդիականացումը։ Փաստացիօրէն, եթէ մենք հաւատայինք մեր պետականութեան, երկրի եւ ժողովուրդի համալիր ռազմականացումը կ'ըլլար մեր կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնը։

Երկրի կրթական համակարգի լիակատար անտեսումը մէկ այլ ախտանիշ է։ Ոչ մէկ կառավարութիւն, որ մտահոգուած է պետական շահերով, ուսուցիչներու միջին աշխատավարձը չէր սահմաներ 6 անգամ աւելի ցած, քան ոստիկանի միջին աշխատավարձը՝ չհաշուած կանոնաւոր յաւելավճարները, որոնք կը տրուին ոստիկանական ուժերուն։ Հայաստանի ներքաղաքական խօսոյթի աղէտալի վիճակը մէկ այլ ցուցիչ է։ Ամէն անգամ ես կը սարսռամ ընկերային ցանցերը թերթելով։ Խմբակցութիւնները զիրար կը մեղադրեն երկրի բոլոր ցաւերուն մէջ՝ մերժելով ու մոռնալով իրենց սեփական պատասխանատուութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը․ այժմ անոնց աջակիցները անուանակոչութեան, իրարու վրայ ցեխ շպրտելու եւ իրարու հասցէին անպարկեշտ հայհոյանքներ հնչեցնելու այնպիսի ալիք սկսած են, որ անկարելի է հաւատալ, թէ անոր մէջ ներգրաւուած ոեւէ մէկը իսկապէս մտահոգուած է հայկական պետականութեամբ։

Ուղերձ առաջնորդներու նոր սերունդին

Այս խոր արմատներ նետած ճգնաժամը միայն մէկ կարճաժամկէտ լուծում ունի՝ քաղաքական առաջնորդներու նոր սերունդի ձեւաւորում, որ ինքնին կը հասկնայ ու կ'արժեւորէ պետական շահերու բարձրագոյն արժէքը։ Այդ սերունդը պէտք է այնպիսի խիզախութիւն ու անձնուրաց նուիրուածութիւն դրսեւորէ, ինչպիսին որոշ երկիրներու հիմնադիր հայրեր․ անոնց կարգին են՝ Սինկափոր, Ֆինլանտա, Իսրայէլ, որոնք իրենց ինքնիշխան պետականութեան հիմնադրման ժամանակ շատ աւելի բարդ խոչընդոտներու բախեցան, քան Հայաստան։ Երբ քաղաքական ղեկավարման նոր սերունդ ձեւաւորուի, որ իր աշխատանքը կը համարէ ոչ թէ արտօնեալ ժամանց՝ գրաւիչ առաւելութիւններով եւ արտօնութիւններով, այլ կայուն, ինքնիշխան պետութիւն կառուցելու միտուած իրապէս ծանր ու անշնորհակալ աշխատանք, այդ ժամանակ թերեւս Հայաստան վերջապէս կը յաջողի աճեցնել հանրային ծառայութեան մասնագիտացուած անձնակազմեր՝ քաղաքացիական պարտքի հաստատուն զգացումով, ինչը գոյութիւն չէ ունեցած անկախութենէն ի վեր իրարու յաջորդած մեր որեւէ վարչակարգի մէջ։ Մինչ այժմ, հազուադէպ, բայց արժանայիշատակ բացառութիւններով, Հայաստանի հանրային ծառայութիւնը պարզապէս արտացոլած է քաղաքական ղեկավարութեան վարքագիծը։ Միայն ամենաբարձր քաղաքական ղեկավարութեան վարքագիծի հիմնարար փոփոխութիւնը կրնայ վերջապէս պատասխանատուութեան զգացում, հպարտութիւն եւ գերազանցութիւն բերել հանրային ծառայութեան ոլորտ։

Անկախութենէն ի վեր մենք փուչ հռետորաբանութենէն զատ քաղաքական կամքի, տեսլականի, մեր պետականութեան հանդէպ հաւատքի ու ազգային նպատակի զգացումի՝ պետական շահերու գերակայութեան գիտակցութեան, խիստ պակաս ունեցած ենք, եւ պատասխանատուութեան պակաս՝ յանուն այդ նպատակը կատարելու բազմաթիւ անշնորհակալ, բայց գործնական քայլեր։ Ահա թէ ինչու պետութեան ինքնիշխանութեան ամրապնդումը, որ հիմնարար սկզբունք է յատկապէս համեմատաբար նորաստեղծ պետութիւններու մէջ, երբ տակաւին չկան հաստատութենական անհրաժեշտ հիմքեր, չէ դիտարկուած Հայաստանի մէջ։ Քանի դեռ այս բացը չէ լրացուած, բոլոր միւս բարեփոխումները, նոյնիսկ եթէ յանգեցնեն տեսանելի սահմանային բարելաւումներու երկրի տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն եւ կառավարման համակարգին մէջ, ընդամէնը ցուցադրական քայլեր կ'ըլլան։

Երկարաժամկէտ եւ աւելի հիմնարար լուծումը կրթական համակարգի ամբողջական վերանայումն է եւ պետական կառոյցներու մտածուած ու մեթոտական կառուցումը։ Բայց այդ չի կրնար տեղի ունենալ առանց քաթալիզաթորի, որ վերոնշեալ կարճաժամկէտ լուծումն է։ Այս կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ միջոցներու համադրումը կրնար յեղափոխել հանրային ծառայութեան մշակոյթն ու փորձը՝ անով իսկ վերափոխելով կառավարութեան թէ՛ կառուցուածքը, թէ՛ աշխատելաձեւը։ Միայն այդ ժամանակ Հայաստանը հնարաւորութիւն կ'ունենայ վերջապէս արմատախիլ ընելու յետխորհրդային սակաւապետ համակարգը եւ զայն փոխարինելու արդիւնաւէտ, գործունակ պետութեամբ։

Թարգմանուած Վահան Զանոյեանի յօդուածէն, հրապարակուած «EVN report»-ի մէջ 27 Յունիս 2022-ին։


[1] «Սփիւռք» ըսելով՝ ես չեմ հասկնար ոչ միայն ցեղային հայերը, որոնք ապրելով արտասահման գրեթէ կամ ընդհանրապէս կապուած չեն Հայաստանին, այլ նաեւ ՀՀ քաղաքացիները, որոնք արտագաղթած են, ստացած օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն եւ ներկայիս կ'ապրին արտասահման, օտար երկիրներու ցեղային հայ քաղաքացիները, որոնք ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերած են անկախութենէն ետք եւ օտար երկիրներու ցեղային հայ քաղաքացիները, որոնք տակաւին չունին ՀՀ քաղաքացիութիւն, բայց ՀՀ օրէնքով կրնան զայն ստանալ։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *