Search
Close this search box.

Սփիւռք

Հայկական սփիւռքը ունի ներքին զարգացումներ, որոնք սկիզբ ու թափ առած են մեծ գաղթէն ետք տարբեր երկիրներ հասած ու այդտեղ կազմաւորուած համայնքներու տեղական առանձնայատկութիւններու համաձայն։

Իրավիճակ, հնարաւորութիւններ, կազմակերպում

The Diaspora embodies power and represents a value which, however, is unorganized, mostly unused and unrevealed by the Armenian political leadership. How is it possible to revitalize and modernize the Diaspora in parallel to shaping and establishing our pro-state and pan-Armenian way of thinking, thus putting it at the service of factual strengthening of Armenia, the Diaspora itself and establishing of a horizontal inter-Diaspora cooperation?

Իրավիճակ

Հայկական սփիւռքը ունի ներքին զարգացումներ, որոնք սկիզբ ու թափ առած են մեծ գաղթէն ետք տարբեր երկիրներ հասած ու այդտեղ կազմաւորուած համայնքներու տեղական առանձնայատկութիւններու համաձայն։

Կազմուած են արեւելեան համայնքներ, ուր լեզուն, մշակոյթը, աւանդութիւնները աւելի ամուր ու կայուն հիմերու վրայ դրուած են եւ ուր տեղական միջավայրին հետ շփումը ու անոր մէջ ձուլումը աւելի դժուար եղած են քան արեւմտեան, լադին-ամերիկեան կամ նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ, ուր եւս ծաւալած են նախապէս աւելի հարուստ, բայց հետզհետէ մաշող ու հիւծող մշակութային, կրթական գործունէութիւններ, բայց ուր հայօրէն մտածողներու ու ապրողներու թիւը համեմատած «ծագումով հայերու» հետ տասնամեակ առ տասնեամեակ նօսրացած է։

Հայ տեսակի նաեւ երանգներու երեւոյթը, որ կը տարբերի ըստ բնակութեան երկրի ու ըստ ընտանեկան կամ ընկերային միջավայրի․ կայ ներգործօն, կազմակերպական կեանքին մէջ ներգրաւուած, քիչ ներգրաւուած կամ չներգրաւուած, յաճախակի կամ հազուադէպ մասնակցութիւն ունեցող, միայն ընտանեկան միջավայրին մէջ հայեցիութիւնը ապրող, հայերէն խօսող, բայց հայերէնով չմտածող ու չստեղծագործող հայը․․․ և այսպէս շարունակ։ Ու ասոր պէտք աւելցնել Սփիւռքին, ու հիմնականին մէջ արեւմտեան երկիրներու սփիւռքներուն նոր դիմագիծ բերող Հայաստանէն արտագաղթած հայրենակիցներու վերջին տասնամեակներու փաղանգները, որոնք տեղ-տեղ առանձնացած կապրին, չխառնուելով դասական Սփիւռքի հետ, տեղ-տեղ ստեղծած են մշակութային-կրթական առայժմ համեստ կառոյցներ (նայած երկիր), բայց որոնք միաժամանակ ցոյց կու տան իրենց լուրջ մասնակցութիւնը Ապրիլ 24-եան կամ Արցախի ի նպաստ կազմակերպուած գործունէութեանց, օգնութեանց ու ցոյցերուն։

Պէտք է ողջունել ու ըստ արժանւոյն գնահատել ձուլման ճանապարհին կամ առնուազն անտարբեր թուացող հայերու վերջին տասնամեակներուն շօշափելի վերածնունդը ու ազգային պատկանելիութեան զգացումի անբարդոյթ դրսեւորումը, ազդուած յատուկ ժամանակաշրջաններու դէպքերէն, ինչպէս՝ 88-ի երկրաշարժը, 90-ականներու արցախեան ազատամարտը, 2016-ի քառօրեայ պատերազմը, 2018-ի իշխանափոխութեան բերած նոր Հայաստանի յոյսերը եւ, վերջապէս, արցախեան վերջին պատերազմը, իր զոհերով, հողային կորուստներով ու ընկճուածութեամբ միասին։

Պէտք է Սփիւռքի հասկացողութեան մէջ ներգրաւել նաեւ, յատկապէս դասական Սփիւռքի մտքին մէջ, խորհրդային նախկին տարածաշրջանի, արեւելեան եւ կեդրոնական Եւրոպայի, նաեւ ծայրագոյն արեւելքի երկիրներու, նոյնիսկ Ափրիկեան որոշ երկիրներու համայնքները, ըլլան անոնք մեծաթիւ կամ փոքրաթիւ, նորաստեղծ թէ հին։

Ու կարելի է միանգամայն յայտարարել, որ մենք ունինք հարուստ ներուժով, լայն, բայց ըստ արժանւոյն չարժեւորուած հնարաւորութիւններով աշխահրածաւալ Սփիւռք։

Սփիւռքը նաեւ կազմակերպուած կեանք է․ կառոյցներ, դպրոցներ, մշակոյթի կեդրոններ, եկեղեցի, կուսակցութիւններ ու բարեսիրական, երիտասարդական, արհեստագիտական խմբաւորումներ։ Սփիւռքը, չմոռնանք, պատմութիւն է․ դէմքեր եւ դէպքեր։ Սփիւռքը յատկապէս Հայաստանի համար բաբախող սիրտ է։ Սփիւռքը, ի վերջոյ, ապագայ է, նոյնիսկ երբ շատերը զայն պատկերացուցած են որպէս մաշւող ու ձուլուող ժամանակաւոր իրականութիւն։

Այս հպանցիկ եւ ընթերցողներէն շատերուն ծանօթ ներկայացումը օգտակար սեպեցի նախքան Սփիւռքի հետ կապուած մեր պատկերացումներուն եւ անկէ մեկնած՝ ակնկալութիւններուն ու անոնց բնոյթին ու որոշ նպատակներուն մասին մտածելը ու զանոնք իրագործելու ճանապարհի մասնակի նմոյշներ ներկայացնելը։

Հնարաւորութիւններ

Հիմնականին մէջ արհաւիրքի ու մեծագոյն կորուստներու արդիւնք Սփիւռքը վերածուած է քանակական ու որակական առաւելութեան մը, նախ ազգի մէկ հատուածը պահպանելու ու անոր կենսաբանական ու յատկապէս մտաւոր ու մշակութային զարգացումը ապահովելու առումով, որուն պէտք է գումարել խորհրդային Հայաստանի մէջ սնած ու Հայաստանի Հանրապետութենէն եկած հայրենի ժողովուրդի բերած լեզուի (անկախ տարբերութենէն), մշակոյթի, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններու ու սովորութիւններու ժառանգութիւնն ու ստեղծագործութիւնները։

Միասին, անոնք կը կազմեն մեր յառաջիկայ տասնամեակներու սփիւռքեան ու համահայկական ուժի եւ ինքնադրսեւորման ողնասիւնը։ Այդ առաւելութիւնը, որ յատուկ չէ թէեւ միայն հայ ժողովուրդին, այն պատուանդանն է, որուն վրայ պէտք է կառուցել «հզօր Հայաստան, հզօր հայութիւն» իրականութիւնը, ոչ միայն հայաստանակեդրոն դրուածքով, այլ նաեւ Սփիւռքը ամրացնելու, վերակազմակերպելու, առողջ եւ որակեալ մարմնի մը վերածելու համար։

Եթէ փորձենք արագ հայեացքով մը գնահատել մեր Սփիւռքի հնարաւորութիւնները, կը տեսնենք թէ ունինք արհեստներէն մինչեւ գիտական, ռազմականէն մինչեւ մարզական, կրթականէն (ու ոչ միայն հայ կրթութիւն) մինչեւ մշակութային (ու ոչ միայն հայ մշակոյթ), գործարարականէն մինչեւ արհեստագիտական, ահռելի քանակութեամբ ու մեծ փորձառութեամբ մարդիկ, տարբեր տարիքի ու տարբեր աշխարհագրական վայրերէ, որոնք, սակայն, առաջին հերթին զիրար ճանչնալու ու միասին համագործակցելու հորիզոնական հարթակներ կամ միջավայր չեն ունեցած։

Միւս կողմէ, սոյն մարդիկ ունին իրենց զբաղուածութեան եւ մասնակցութեան չափը, ունին իրենց տեղական մտայնութիւնները, ունին իրենց մտավախութիւններն ու երբեմն նախապէս ունեցած ձախողած փորձը։ Ուստի, անհրաժեշտ է անհատներու նկատմամբ, ըստ տեղի, մասնագիտութեան, նոյնիսկ տեսակի, յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերել, քանի նպատակը սիրով, համուզումով այդ մարդկանց ներգրաւելն է հաւաքական պատկանելիութեան ու ընդհանուր գործին մէջ։

Նոյնիսկ եթէ այդ ներգրաւումը պէտք է, տեղ մը, շահաւէտ ըլլայ անոնց համար, ըլլայ այդ զգացական մակարդակի՝ օգտակար դառնալու զգացում, հպարտութեան, զօրակցութեան ապրում (solidarité), կամ՝ գործնական ու նիւթական մակարդակի վրայ, ինչպէս նոր կապեր հաստատել, նոր դռներ բանալ ու սեփական գործը յառաջ մղել։

Ակնկալութիւններ

Ի՞նչ խնդիրներ պէտք է լուծէ Սփիւռքը, թէ՛ իրեն համար, թէ՛ Հայաստանի համար։ Եւ որո՞նք են անոր սահմանափակումներն ու դժուարութիւնները։ Նշեմ կարգ մը մարտահրաւէրներ, ընդունելով որ իւրաքանչիւրս կրնայ ունենալ տարբեր առաջնահերթութիւններ։

Բայց նախապէս նշենք որ հզօր ու յարատեւ պետութեան գոյութիւնը կանցնի, ի վերջոյ, հայրենադարձութեան միջով․ սա հարցերու հարցն է։

Մինչ այդ ու միաժամանակ մենք ունինք, օրինակ, Հայաստանի եւ հայու հեղինակութեան բարձրացման օրակարգ, հայապահպանման տարածման եւ ամրացման, աւելին՝ հայ ինքնութեան նորովի զարգացման օրակարգ, դպրոցական համակարգի զարգացման օրակարգ, թէ՛ ցանցի եւ թէ՛ ծրագրերու առումով, Սփիւռքի անհատական եւ հաւաքական կարողութիւններու պեղման, հաւագագրման եւ ի գործ դնելու օրակարգ, ծնելիութեան քաջալերում, այո՛, նոյնիսկ Սփիւռքի մէջ, միջ-սփիւռքեան համագործակցութիւններու ստեղծում, մասնակցութիւն Հայաստանի պետական թէ՛ կեդրոնական եւ թէ՛ տարածքային ծրագրերուն՝ գիւղական միջավայրի զարգացումէն մինչեւ մշակութային ստեղծագործութեան միջազգային հանրութեան ներկայացում, տնտեսական-ներդրումային ծրագրերէն մինչեւ արտահանման խթանում ու նոր շուկաներու բացում, արտաքին քաղաքականութեան աջակցումէն մինչեւ առողջապահական համակարգի հզօրացում ու մարդասիրական ծրագրեր, գիտութեան ու կրթութեան որակական ոստումէն մինչեւ այդ ոլորտներու համար համապատասխան միջազգային համագործակցութիւններու ստեղծում։

Այլ առիթներով կարելի է մանրամասն քննարկման յանձնել իւրաքանչիւր առաջարկ, ինչպէս, օրինակ, կրթական ոլորտէն ներս դասագիրքերու կամ հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստման խնդիրը, արտաքին քաղաքականութեան մէջ՝ քարոզչական բանակի ստեղծման ու lobbying-ի արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրը կամ տնտեսութեան մէջ՝ զբօսաշրջիկային ենթակառոյցներու զարգացման, փաթեթներու ձեւաորման ու զբօսաշրջիկներու թիւի աճի խնդիրը, եւ այսպէս շարունակ։

Այլ խօսքով, մարտահրաւէրները բազմաթիւ են ու բազմաբնոյթ։ Գործ կայ, սիրելիներ։

Սփիւռքի մեծագոյն խնդիրներէն մէկը իր քարացած, կաղապարուած եւ ինքնամաշումի տանող նախորդ դարաշրջանի մեխանիզմներով աշխատիլն է ․․․ 21-րդ դարուն։

Սփիւռքը կը ղեկավարուի իր տարբեր կառոյցներուն մէջ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ հնամաշ մեթոտներով, որ կը բախի այդ կառոյցներուն ու անոնց գործելաոճին հետ արհեստավարժ ու աշխարհին բաց, որակեալ մարդկանց ու յատկապէս երիտասարդութեան անհամապատասխանելիութեան լուրջ խնդրին։ Վերջիններս երբեմն կը գտնուին նոյն այդ կառոյցներէն ներս ու ճարահատեալ՝ իրենց նպաստը կը փորձեն բերել հնամաշ մեթոտներուն ենթարկուելով, յարմարուելով՝ պարտականութեան զգացումէն թելադրուած։

Աւանդական կառոյցները աւանդական մնացած են բառին լիիրաւ իմաստով։ Եւ նոյն այդ կառոյցներն ու իրենց անկասկածելիէօրէն նուիրեալ, բայց ներկայ մարտահրաւէրներուն չհամապատասխանող ղեկավարողներն ու գործունեայ անդամներն են, որոնք յաճախ հրաւիրուած են առաջարկելու նոր մօտեցումներ վաղուան Սփիւռքին մասին։

Լաւագոյն պարագային անոնք սահմանափակ cosmétique բարեկարգումներ կը կատարեն, երբեմն այդ ղեկավարներէն երկու քայլ անդին գացած, աշխարհի մէջ երկու բան աւելի տեսած այլ ղեկավարողի մը առաջարկ-ծրագիրը որպէս գլուխ գործոց սեպած, զայն յառաջ կը մղեն, ժամանակի մը համար մրճահարելով որ ահա ա՛յս է ելքը, մինչեւ որ այդ օրակարգը ինք եւս կորսնցնէ օրուան հրապոյրը ու անցնին նոր օրակարգերու։

Իսկ ի՞նչ կարող է տալ ամուր Սփիւռքը մեզի և ինչպէ՞ս վերակազմակերպել զայն (հասկնալ՝ reengeneering)։

Ազգային տեսլական

Բայց, նախ, ճշդելու համար թէ որո՞նք են մեր ակնկալութիւնները Սփիւռքէն, կայ լրջագոյն խնդիր, թէ՝ ո՞րն է մեր ազգային (պետական ու համազգային), տեսլականը՝ doctrine-ը։ Ունի՞նք։

Թէ՞ հռչակուած «2050-ին պէտք է 5 միլիոն ըլլանք Հայաստանի մէջ, թէ պիտի ունենանք միլիարտներ արժող start up-ներ կամ թէ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականը պէտք է ախոյեան հանդիսանայ»-ն կամփոփէ մեր այդ տեսլականը։

Աւելի լուրջ ու աւելի գործնական բանաձեւում է պէտք, որ անպայման կ՛ենթադրէ գործողութիւններու յստակ ծրագիր, որ կը ճշդէ մեր ինչպիսին ըլլալը, ինչ տեղ գրաւելը համաշխարհային ռազմական, գիտական, արհեստագիտական, կրթական, տնտեսա-ֆինանսական, մշակութային ու քաղաքական քարտէզին վրայ։

Իսկ գործնակա՞ն

Ամէն պարագային, Սփիւռքը Հայաստանի համար արդէն կատարած է տարբեր բնոյթի գործողութիւններ, պետութեան հետ համակարգուած թէ ոչ․ ու սա եղած է եւ այսօր ալ կը ներկայացնէ գնահատելի ներդրում։ Ըլլայ այդ դուրսը՝ Հայաստանի պետական-քաղաքական շահերը պաշտպանող ոչ պետական կառոյցներու, ինչպէս Հայ Դատի գրասենեակներու, կամ ներսը՝ մարդասիրական օգնութեան, զբօսաշրջային այցելութիւններու կամ գործարար ներդրումներու, ինչպէս նաեւ շօշափելի բայց անբաւարար թիւով հայրենադարձութեան եւ այլ ճամբով։

Բայց Սփիւռքը, աւելի շատ կազմակերպուած Սփիւռքը, աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կրնայ ի գործ դնել Հայաստանի ազդեցութեան ու շահի պաշտպանութեան մէջ, ՀՀ օրուան արտաքին քաղաքականութեան խնդիրները ճիշտ հասցէատէրերուն հասցնելու՝ նաեւ այլընտրանքային ճանապարհներով։

Երախտապարտ պէտք է ըլլալ ցայսօր տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ տարուած Հայ Դատի աշխատանքներուն համար եւ զանոնք հիմք նկատել վաղուան խորացուած եւ ընդլայնուած ծրագրերուն համար։ Միաժամանակ, պէտք է խոստովանիլ եւ առարկայականօրէն ընդունիլ որ հայ ժողովուրդի գոյութենական ու զարգացման խնդիրներուն դիմաց կարիք կայ պատրաստելու յաւելեալ ուժեր, վերապատրաստելու զանոնք ու համապատասխան գործիքակազմ ստեղծելու․ այս բոլորը՝ հայանպաստ ձգտումնալից քաղաքականութիւններ նախապատրաստելու ու ապահովելու նպատակով։

Սփիւռքը, մեր տկար, սակաւաթիւ ու թոյլ արտաքին կառոյցներուն՝ դեսպանութիւններուն կողքին մասնագիտական տաղանդներ կրնայ հայթայթել օգնելու արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր թէ յատուկ ծրագրերու իրագործման գործին մէջ, ծրագրաւորումէն մինչեւ կիրառում։

Տեղական լեզուամտածողութիւն, կապեր, տնտեսական առաջարկներ, դէպի Հայաստան աշխատանքային այցեր, Հայաստանի հետ տուեալ երկրի մշակութային, կրթական, գիտական, մարզական, առողջապահական, գիւղատնտեսական և այլ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ համագործակցութիւն․ ահա այն քանի մը օրինակները միայն, որոնք միութենական ու հասարակական ջանքերու կողքին ու անոնց հետ համադրելով, համակարգուած ճիգով նոր մակարդակներու պէտք է տանին միջ-պետական հայանպաստ կապերը։

Սա կ՛ենթադրէ, անշուշտ, դեսպանութիւններու աշխատակազմերու վերապատրաստում, արդիւնաւէտ և որակեալ կառավարում, որ մեր նոր պետականութեան օրերուն ընդհանրապէս պակսած է (առանց ընդհանրացումներ կատարելու բոլոր ժամանակներու բոլոր դիւանագէտներուն հասցէին), որմէ յետոյ միայն հնարաւոր կը դառնայ ի գործ դնել վերոնշեալ մօտեցումները։

Վերցնենք մէկ օրինակ՝ տնտեսականը։ Աշխարհի պատմութիւնը կը վկայէ որ, ի վերջոյ, ծաւալապաշտութիւնը եւ ընդհանրապէս արտաքին քաղաքականութիւնը, բացի զուտ քաղաքական եւ ռազմական մղումներէն, ազդեցութեան տարածումէն, նպատակ կը հետապնդեն ձեռք բերել տնտեսական շահեր։

Աշխարհի մեծ ու փոքր պետութիւններ ունին տնտեսական եւ առեւտրական զարգացման գրասենեակներ տասնեակ երկիրներու մէջ։ Վերջին տարիներուն, որոշ երկիրներու պարագային, տնտեսական զարգացման այդ կեդրոնները հետզհետէ սկսան աւելի թիրախային գործունէութիւններ ծաւալել, շատ յաճախ տուեալ երկրի դեսպանութեան հետ միասին, նոյնիսկ դեսպանութիւններէն ներս։

Այսպէս է որ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, քանի մը տարի առաջ վերանուանուեցաւ նաեւ Միջազգային Զարգացման Նախարարութիւն, որուն հիմնական գործառոյթներէն մին տնտեսական զարգացման ապահովումն է։ Ահա այստեղ, խելացի համագործակցութեամբ, Հայաստանի վերաշխուժացած Առեւտրական Պալատն ու անոր վերաթարմացած միջազգային ներկայացուցչութիւնները (կամ համապատասխան այլ կառոյց), մասնակցութեամբ Սփիւռքի գործարար եւ արհեստավարժ մարդկանց ու ՀՀ դեսպանութիւններու, այլ խօսքով՝ ՀՀ Արտաքին Գործոց եւ Տնտեսութեան նախարարութեանց համակարգումով, կրնան յառաջ մղել Հայաստանի տնտեսական զարգացման ծրագրերը, նախատեսուած արդիւնքներ ձեռք ձգելու յստակ մտադրութեամբ։

Այլ խօսքով, պէտք է նորովի մտածել ներգործօն եւ համադրեալ գործակցութեան ընդհանուր եւ ոլորտային ռազմավարական ծրագիրը։ Ինչպէս վերեւը տնտեսականին համար, նոյն մօտեցումը կարելի է կիրարել, ոլորտային իւրայատկութիւնները նկատի առնելով անշուշտ, մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան և բազմաթիւ այլ ոլորտներու։

Սփիւռքի վերակազմակերպման ծրագիրը ու Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը պէտք է դիտել որպէս Սփիւռքի ներդրում, մասնակցութիւն, ի նպաստ Հայաստանի, բայց նաեւ Սփիւռքի աշխուժացում ի նպաստ սփիւռքեան կառոյցներու, ծրագրերու եւ սփիւռքահայ մարդու, եւ վերջապէս, որպէս Հայաստանի ներդրում Սփիւռքի տարբեր թիրախային ծրագրերու մէջ։

Այս բոլորը կ՛ենթադրէ, ընդհանուր ծրագրաւորման կողքին, որ ինքնին կ՛ենթադրէ մինչեւ Հայաստանի ամէն մէկ, առանց բացառութեան ամէ՛ն մէկ նախարարութեան խիստ ներգրաւուածութիւնը այս գործին եւ բնականաբար հզօր ու նոր հիմերու վրայ դրուած Սփիւռքի նախարարութեան կազմութիւն, ֆինանսական համապատասխան, արտակարգ ու արտասովոր ներդրում, այն տրամաբանութեամբ որ իւրաքանչիւր ներդրումային լումայ պէտք է իր բարոյական կամ տնտեսական բազմապատիկ արդիւնքն ունենայ։ Ուստի, մեր մտածողութեան մէջ պէտք է ամրագրել այս տարողութեամբ ֆինանսական ներդրումի անհրաժեշտութեան գաղափարը, որուն համար կարելի է ու պէտք է ստեղծել ու գտնել թէ դասական եւ թէ նոր լուծումներ, սփիւռքեան (ոչ միայն հայկական) աղբիւրներէ, մինչեւ Հայաստանի պետական պիւտճէ ու հայաստանեան ընկերութիւններ, զորս կարելի է խրախուսել անոնց տալով իրենց մասնակցութեան չափով առաւելութիւններ։

Սա, ճիշտ է, այլ քննարկման նիւթ է, սակայն այստեղ հետաքրքրականն այն է որ բոլոր հարցերը փոխկապակցուած են այնքան որ միայն ընդհանուր համակարգումը կրնայ մեզ դուրս բերել մասնակի ու կարկտան լուծումներէն։

Վերակազմակերպել Սփիւռքը

Վերադառնալով Սփիւռքին, նշեմ որ անոր վերակազմակերպումը պէտք է ենթադրէ իւրաքանչիւր մասնակից հայու արժեւորումը՝ մատչելի դարձնելով անոր միտքը, լսելի՝ անոր ձայնը եւ տեսանելի՝ անոր գործը։

Այս պատճառով անհրաժեշտ է ստեղծել թէ տուեալ երկրի մէջ եւ թէ ընդհանուր Սփիւռքի մաշտապով շփման հորիզոնական հարթակներ, օգտուելով ներկայ հաղորդակցութեանց միջոցներէն․ բայց նաեւ ուղիղ շփման նոր, հրապուրիչ, հետաքրքրաշարժ, հարստացուցիչ միջավայրեր, ուր Սփիւռքի լուռ մեծամասնաթիւնը նոյնքան տեղ կ՛ունենայ, որքան աւելի վերը իմ նշած արդէն ինքզինք կրկնող ու յաճախ հիւած տարրեր, ուր առաջինները իրենց թարմութեամբ, իւրայատկութեամբ ու փորձառութիւններով վստահ եմ դրականօրէն պիտի զարմացնեն բոլորս։

Այս թարմացած Սփիւռքը, ուրեմն, չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ ու մնալ եթէ անոր աշխատանքն ու ներգործութիւնը կառուցուած, մտածուած եւ համակարգուած չըլլան։ Մեր մեծագոյն թշնամին, այս հանգրուանին, ձախողութիւնն է, զոր պէտք է բացառել, իմանալով թէ բազմաթիւ ուժեր պիտի փորձեն խանգարել մեր երթը։

Իսկ թէ ինչպէ՞ս համակարգել ու կառուցել այս ամէնը։ Առաջարկներէն մէկը, որ խումբ մը հայրենակիցներու քննարկումներու արդիւնքն է վերջին տարիներուն, այն է որ համայնք առ համայնք հետաքրքրուած հայերը արձանագրուին եւ մասնակցին համայնքային ընտրութիւններու․ ընտրութիւններ, որոնք պիտի ձեւաւորեն սփիւռքեան խորհրդարանը, ուր կ՛ուղարկուին համայնքներու ընտրեալ պատգամաւորները։

Եւ ճիշդ այստեղ կը ձեւաւորուի Սփիւռքի ապագայ խորհուրդը: Եւ եթէ այս խորհրդարանն ու խորհուրդը սկզբնական շրջանին անմիջական ազդեցութիւն չունենան հայութեան վրայ անհատապէս, կազմակերպչական կամ համայնքային մակարդակի վրայ, բայց տարուէ-տարի եւ որոշակի ուղղումէ եւ ճշգրտումներէ ետք այս խորհրդարանն ու խորհուրդը ցոյց կու տան ժողովրդավարական հասունութիւն, խօսքի ազատութիւն, բարձր մակարդակի քննարկում, տեսլական եւ կազմակերպչական կայունութիւն, անոնք կը ստանան իրենց արժանի եւ օրինական տեղը ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ ՀՀ-ի մէջ՝ որպէս վստահելի գործընկերներ:

Այս խորհրդարանն ու անկէ բխող Խորհուրդը իրենց մէջ կ՛ունենան մասնակցիլ ցանկացող բոլոր հին ու նոր կազմակերպուած ուժերը, անհատներ տարբեր ոլորտներէ եւ տարբեր միջավայրերէ, եւ ուր դասական սփիւռքահայն ու Հայաստանէն արտագաղթած նոր սփիւռքահայը կը մերձենան իրարու, կը ճանչնան զիրար եւ հետզհետէ կը ստեղծեն մէկ ազգ հասկացողութեան հիմնական նախադրեալը, որ միասին ըլլալն ու միասին գործելն է։

Սփիւռքեան նոր իրավիճակին մէջ մտքի զարգացումը, գաղափարներու բախումը, բանավէճն ու մտքի փնտռտուքը կը դառնան գործունէութեան մաս, իրենց հերթին ստեղծելով որակեալ առաջնորդութեանց պատրաստութեան գրաւականները։

Սոյն խորհրդարանն ու Խորհուրդը պիտի առաջնորդուին նախապէս ընդունուած բացառաբար ազգային, միասնական եւ կառուցողական յստակ սահմանադրութեամբ։

Վերակազմակերպուած Սփիւռքի բացակայութեան պարագային, Սփիւռքի որեւէ համայնք, իր խնդիրներով ու նախաձեռնութիւններով պիտի մնայ մինակ, անհաղորդ ուրիշներուն հետ ու նկատմամբ։ Համայնքի մը դպրոցը ու անոր փակման վտանգը, մշակութային ստեղծագործութիւն մը ու անոր պատրաստութիւնն ու տարածումը, երիտասարդ հայերու մասնագիտական փորձ կամ աշխատանք հայթայթելը, հայրենիքի մէջ ծրագիր մը իրագործելը պէտք չէ մնան անհատի մը, միութեան մը կամ լաւագոյն պարագային համայնքի մը հարցը, այլ ըստ անհրաժեշտութեան ու հնարաւորութեան պիտի դառնան նաեւ ուրիշներունը կամ բոլորինը։

Այսպէս՝ հեռաւոր ու անկազմակերպ, յաճախ նորակազմ համայնքներ չեն կորսուիր ընդհանուր անտարբերութեան կամ երբեմն կարեկցանքի յոյզերու տակ, այլ ուժ կ՛առնեն երբ միւս համայնքները կամ պետութիւնը, ինչու չէ երկուքը միասին, զօրակցութեան ձեռք կ՛երկարեն անոր։ Այս պարագային, աւելի դիւրութեամբ կարելի կը դառնայ պատերազմական կամ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող համայնքներուն հասնիլ, կամ՝ տաղանդաւոր մարդկանց առջեւ նոր դռներ բանալ՝ հանրաճանաչ դարձնելով զանոնք (ու ոչ միայն հայկական միջավայրի մէջ) եւ դեռ՝ փակման վտանգին առջեւ գտնուող դպրոց մը փրկել։

Այսպիսով, մենք մեզ ընդառաջ կը դնենք միասին մտածելու, միասին ծրագրելու, միասին պատասխանատուութիւն բաժնելու ու միասին աշխատելու կառուցողական իրավիճակին դիմաց։ Այսպէս կը ստեղծենք համահայկական մտածողութիւն եւ գործունէութիւն։ Համահայկականութիւնը չի մնար միայն մեծ ու լայնածաւալ կազմակերպութիւններու առաւելութիւնը, որու կարելիութիւնը վերջիններս կը պահեն, սակայն այդ առաւելութիւնը կը տարածուի ընդհանուրին վրայ։

Աւելին, համահայկական տարողութեամբ կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, որոնք աշխարհագրականօրէն են համահայկական, բայց ոչ անպայման գաղափարախօսական ընկալումով կամ ծրագրերով, կամ աշխատանքի բնոյթով կամ տակաւին մարդոյժով ու մարդկային ներուժի ընդգրկումով, այլ խօսքով՝ իրենք եւս ամէն տեղ են, համայնքներուն նման, բայց ոչ միասին իրենց փոքր ու մեծ ծրագրերով, ուր ընդհանրապէս իրարմէ որոշ չափով տեղեկացուած են, բայց ոչ ներառեալ ու ներգործօն, առիթ կ՛ունենան իրենք եւս ներգրաւուելու ու ներգրաւելու ուրիշները արտա-կազմակերպական ու արտա-համայնքային նախաձեռնութիւններու մէջ։

Նման համակարգի մեծագոյն բարիքը պիտի ըլլայ այն, որ ամէն տեղ, ի շարս տեղական հարցերու, պիտի ամրանայ պետական մտածողութիւնն ու պետականասեւեռ գործունէութիւնը, որ առանցքն է վաղուան

Կրկնութեան գնով ըսեմ թէ, այս առումով, անհրաժեշտ է Հայաստանի պետական ղեկավարութեան, պետական կառոյցներու եւ քաղաքական ուժերու մօտ համահայկական, համազգային գաղափարախօսութիւն, նաեւ՝ Հայաստան-Սփիւռք յստակ, մշակուած, հետապնդուող եւ բարձր նշաձողով ընդհանուր տեսլական եւ ոլորտային ծրագրերու կեանքի կոչելը։

Պետական ու համազգային մտածողութիւնն ու գործելաոճը դժուարաբեկ, ուժեղ կռուանը պիտի դառնան մեր «փոքր երկիր, մեծ ազգ» իրականութենէն «հզօր երկիր, միասնական ու մեծ ազգ» իրականութեան անցումին։

Հայկական իսկական ներուժը, թէ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, գերազանցապէս աւելին է քան այն տեսանելին, որ կը թուի շատերուս։

Բազմաթիւ ձեւակերպումներ կարելի է տալ ու մանրամասնել թէ ինչպիսի մեքանիզմներով Սփիւռքը ներառուած պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հաստատութիւններուն ու հասարակական կեանքին մէջ, որ չըլլայ ձեւական, այլ նպատակային։

Այս միտքերը հազարաւոր հայրենակիցներու ցանկութիւններուն ամենասեղմ մէկ ամփոփումը կրնան համարուիլ, թէկուզ որոշ անհամաձայնութիւններով կամ անհրաժեշտ լրացումներով ու խորացումներով։ Ժամանակն է իրավիճակի լուրջ գնահատականներ տալու եւ ռազմավարական գործնական ծրագիր մշակելու, դուրս գալով ցայժմ տիրող տեսական ցանկութիւններէն ու պահպանողական, քարացած կիսալուծումներէն։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

One Response

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *