Երեք հայկական վանքեր.
Տանն Խոշպաւոյի վանքը

Քրէյմի Սուրբ Փրկիչէն ետք, հայ Անտոնեանք Տանն Խոշպաւոյի հրուանդանին վրայ կառուցեցին Ղազիրի Սուրբ Անտոնիոս Պադովացւոյ վանքը։ Շինարարութիւնը սկիզբ առած է 1753 թուին, զառիթափ լանջի մը գագաթին, որ կը նայէր Ժունիէի ամբողջ ծովածոցին։ Հայ Անտոնեանց միաբանութեան աբբահօր նստավայրը՝ այժմ Լիբանանի Մարոնիներու միաբանութեան գլխաւոր նստավայրն է, այնուամենայնիւ իր քարերուն մէջ պահպանուած են փորագրուած հայերէն արձանագրութիւններ:

Տանն Խոշպաւո ասորերէն կը նշանակէ «խորհրդածութեան եւ խաղաղութեան վայր», որ կը բացայայտէ աւելի հին սրբավայրի մը գոյութիւնը։ Ասիկա մշտապէս կիրառուած է Լիբանանի մէջ, ուր հրուանդանները հնագոյն ժամանակներէն ի վեր կը գործածուէին իբրեւ սրբավայրեր:

Իր դիրքով ու ճարտարապետութեամբ՝ Սուրբ Անտոնիոս Պադովացւոյ վանքը շատ աւելի տպաւորիչ է, քան Սուրբ Փրկիչը: Ասոր եկեղեցին, որ կառուցուած է 1820 թուին, կոթողային է, իսկ շինութիւնները ունին պաշտպանական տեսք։ Ինչպէս Քրէյմի վանքը, այստեղ եւս գաւիթը փակ է ամէն կողմանէ՝ չթողելով վայելել ծովուն տեսարանը, ինչ որ աւելի ռազմական տեսք կը հաղորդէ անոր։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like