Երեք հայկական վանքեր
Զմմառու վանքը

Զմմառ ասորերէն կը նշանակէ «սաղմոսերգուի վայրը»: Ասիկա հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն շնորհուած է 1749 թուին, ընծայագիրի մը միջոցաւ, խազէն տոհմին կողմէ՝ մարոնի պատրիարք Սիմոն Աւատի օրօք: Աբրահամ Արծիւեան կաթողիկոսը վախճանեցաւ նոյն այս թուականին՝ այնտեղ թողելով իր կտակը, որմով կ’արտայայտէր իրեն յաջորդողներուն օրօք պատրիարքական աթոռ մը հիմնելու իր փափաքը։ Ուստի Յակոբ Պետրոս Բ. Յովսէփեանը յաջորդ ամիսներուն կառուցեց վանքին առաջին նաւը։ 1771 թուին՝ պազիլիքայի յատակագծով կառուցուած եկեղեցին ստացաւ Աստուածածնի Վերափոխումը պատկերող սրբանկար մը։

1830 թուին, Օսմանեան Բարձր դուռը կաթողիկէ հայերը ճանչցաւ որպէս առանձին ազգաբնակչութիւն մը, եւ մայրաքաղաքին մէջ անոնց շնորհեց անկախ պատրիարքութիւն մը հիմնելու իրաւունքը։ 1866 թուին, Զմմառու աթոռը որոշեց զայն փոխադրել Կոստանդնուպոլիս՝ միաւորելով երկու կաթողիկէ պատրիարքութիւնները։ Սակայն, 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, պատրիարքական աթոռը վերջնականապէս վերադարձաւ Զմմառ։

1940 թուին, Աստուածածնի Վերափոխման եկեղեցւոյ կից կառուցուեցաւ կեդրոնական յատակագծով հայկական մատուռ մը՝ հարստացնելով միաբանութեան ուրուագիծը։ Զմմառու Տիրամօր անուամբ օծեալ եկեղեցւոյ գագաթը կը խոյանայ հայկական ոճով քարէ գմբէթ մը։ Ճիշդ այստեղ է ի պահ դրուած հրաշագործ Աստուածածինը` Կերչինի (1591-1666) «Մաթէր Տոլորոզա»-ն, զոր Հռոմէն բերաւ Աբրահամ Արծիւեանը: Վանքին գաւիթը ամբողջովին բաց է հարաւային կողմանէ՝ դէպի ծովը բանալով անոր նուրբ կոտրտուած կամարները։ Զանգակատունը կառուցուած է հայկական գմբէթի ոճով, որ կը միաձուլուի աւելի ուշ կառուցուած մատռան հետ:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like