Search
Close this search box.

Առողջապահութիւն

DiasporArm-ը կը ծառայէ իբրեւ գործող նախաձեռնութիւններու մղիչ ուժ, նորաստեղծ ձեռնարկութիւններու նեցուկ կանգնող մարմին եւ գործող կազմակերպութիւններու օժանդակող կառոյց:

Տեղեկութիւններ.

Ընկերային-տնտեսական զարգացման բոլոր մակարդակներու վրայ գտնուող երկիրները կը դիմագրաւեն տարբեր աստիճանի դժուարութիւններ՝ առողջապահութեան մարզի մարդուժի պատրաստութեան, զանոնք պաշտօնի առնելու, զանոնք պաշտօնի վրայ պահելու եւ անոնց աշխատանքին վերաբերող: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը կանխատեսէ 10 միլիոն առողջապահական մարզի աշխատողներու նուազում՝ մինչեւ 2030 թուականը:

Հայաստանի առողջապահական համակարգը կը դիմագրաւէ դրական համբաւի բացակայութիւն:

Իր բարենպաստ կարգաւորող կլիմային շնորհիւ, Հայաստանի ունի դեղագործական եւ կենսաբանական-արհեստագիտական հետազօտութիւններու եւ զարգացման կեդրոն դառնալու ներուժ՝ Ալզհայմըրի եւ քաղցկեղի տարբեր տեսակներու դէմ պայքարին մէջ:

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան 2023-2026 թուականներու ռազմավարական ծրագիրը.

Ռազմավարութիւնը կազմուած է երկու մասերէ.

Առողջութեան վերաբերեալ խնդիրներ, որոնք նպատակաուղղուած են պահպանելու եւ բարելաւելու ժողովուրդին առողջութիւնը:

Ամբողջ առողջապահութեան մարզի յաւելեալ կառավարում եւ ղեկավարում:

  1. Առողջ եւ ապահով միջավայր ապահովել մարդկային գործունէութեան համար:
  2. Նուազեցնել ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու պարագաները, այդ հիւանդութիւններէն յառաջացած վաղաժամ մահուան դէպքերը, ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու զարգացումին նպաստող վտանգի գործօններու բացասական ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ, եւ բարելաւել հոգեկան առողջութիւնը:
  3. Նուազեցնել վարակիչ հիւանդութիւններու հետեւանքով յառաջացած հիւանդութեան ու մահուան պարագաները:
  4. Բարելաւել մօր եւ երեխայի առողջութիւնը եւ նուազեցնել նորածիններու, մանուկներու, դեռահասներու եւ մայրական հիւանդութեան ու մահուան պարագաները:
  5. Նուազեցնել ամլութիւնը եւ բարելաւել կիներու վերարտադրողական առողջութիւնը, բարելաւել ծննդեան թիւերը:
  6. Ապահովել առողջապահական համակարգի արդիւնաւէտ կառավարումը եւ աղբիւրներու ու կարողութիւններու համաչափ գործածութիւնը։
  7. Ապահովել որակեալ եւ արդիւնաւէտ բժշկական օգնութեան հայթայթումը:
  8. Ապահովել տրամադրուող բժշկական օգնութեան եւ ծառայութիւններու իսկական ծախսերու փոխհատուցումը, ինչպէս նաեւ առողջապահական համակարգին մէջ տնտեսական միջոցներու բաշխումին եւ ծրագրաւորումին արդիւնաւէտութիւնը:

Նպատակներ.

  1. Հայաստանը հաստատել իբրեւ առողջապահական կրթութեան գերազանցութեան չափանիշ, որպէսզի իբրեւ շրջանային կեդրոն ծառայէ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ այլ երկիրներու համար առողջապահութեան մարզի մասնագէտներ պատրաստելու համար:
  2. Նպաստել Հայաստանի դեղագործութեան եւ կենսաբանական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ, ներառեալ այլ մարզերու, հետազօտութիւններու եւ զարգացման յառաջընթացին:
  3. Նպաստել Հայաստանի դեղագործութեան եւ կենսաբանական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ, ներառեալ այլ մարզերու, հետազօտութիւններու եւ զարգացման յառաջընթացին:
  4. Հայաստանի մէջ ստեղծել բժշկական զբօսաշրջութեան նուիրուած նորագոյն առողջապահական հաստատութիւն մը՝ օժտուած ժամանակակից ենթակառոյցով եւ ծառայութիւններով: Բարձրացնել միջազգային իրազեկուածութիւնը եւ խթանել Հայաստանի առողջապահական մարզի զարգացումը:
  5. Համակարգել առողջապահութեան շահագրգիռ կողմերու միջեւ աշխատանքը՝ կանխելու համար աշխատանքէ հեռացումները եւ խթանելու համար համագործակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքականօրէն լուծել կարեւոր խնդիրները ու հիմնական մարտահրաւէրները:

Մեթոտաբանութիւն

  1. Բացայայտել Հայաստանի առողջապահութեան մարզին մէջ գործող կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ իրագործուող առողջապահական նախաձեռնութիւնները եւ անոնց յառաջիկայ ծրագիրները:
  2. Ճշդել այն մարզերը, ուր առողջապահութեան առչնուող տարբեր կազմակերպութիւններ ունին ընդհանուր շահեր, եւ առաջարկել թեքնիք համախմբում եւ ռազմավարական գործընկերութիւններ:
  3. Կատարել ստուգումներ՝ վստահ ըլլալու, որ վերոնշեալ ծրագիրները կը համապատասխանեն Առողջապահութեան նախարարութեան ռազմավարութեան եւ կը լուծեն գոյութիւն ունեցող բացերու հարցը:
  4. Գնահատել ժամանակակից իրերու, ինչպէս ներանօթային գործիքներու, ինչպէս նաեւ քաղցկեղի բուժումի կարիքները եւ պիւտճէն:

Ծրագիրի յաջողութեան մակարդակը կախեալ պիտի ըլլայ ներգրաւուած կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու յանձնառութենէն եւ համագործակցութենէն, ինչպէս նաեւ ծրագիրի արդիւնաւէտ կառավարումէն եւ անհրաժեշտ աղբիւրներու գոյութենէն:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *