Լոս Անճելըսի Թիւֆենկեան պատկերասրահին մէջ բացուած է Արա Օշականի «Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ աշխարհը» ցուցահանդէսը

«Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ աշխարհը» լոսանճելըսաբնակ լուսանկարիչ եւ արուեստագէտ Արա Օշականի անհատական ցուցահանդէսն է, որ պիտի մեկնարկէ այսօր՝ 7 Յունուար 2022-ին, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուար 5: Օշական կը ներկայացնէ չորս նախագիծեր, ֆիլմ մը, համակարգչային ծրագիրներու տեղադրում մը, որոնք կը միակցեն արուեստագէտի հետաքրքրութիւնները սփիւռքեան հնարաւորութեան, ունեզրկման ժառանգութեանց եւ անստոյգ ապագային նկատմամբ: Ընդունելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15 Յունուարին, ուր Օշական պիտի ներկայացնէ իր «Տեղահանուածները» գիրքը, որ կը խօսի սփիւռքեան յիշողութեան դժուարութիւններուն, տեղահանութեան, բռնութեան եւ ունեզրկման մասին՝ կեդրոնանալով Լիբանանի Պուրճ Համմուտի հայկական թաղամասին վրայ: Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը աջակցած է այս գիրքին հրատարակութեան: Օշականի գործերը կը պարզեն իր ինքնութեան երկդիմութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով քանդուած ու բարձիթողի եղած համայնքներուն կեանքը: Որպէս այդպիսին՝ «Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ աշխարհը» կը կիրարկէ լուսակարչութիւն, ֆիլմ, քոլաժ եւ համակարգչային ծրագիրներու տեղադրում՝ բազմառարկայականօրէն ներկայացնելու սփիւռքեան համայնքները: Օշականի «Պէյրութի յիշողութեան ծրագիր»-ը, «Շուշի»-ն եւ «Արցախ»-ը կ'անդրադառնան արուեստագէտի՝ իւրաքանչիւր շրջանի հետ ունեցած յարաբերութեան՝ տարբեր մակարդակի վրայ: Ան կը փորձէ պատմականը զուգորդել ներկային: Իր գործերը 1915-ի աղէտը կը կապեն ներկայ իրադարձութիւններուն:

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Asbarez.com» կայքէջին մէջ՝

https://asbarez.com/tufenkian-gallery-to-showcase-ara-oshagans-how-the-world-might-be-artwork/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *