«Forbes»-ը կը ներկայացնէ 5 գինետներ՝ քարտէսին վրայ տեղագրելով հայկական գինիները

Հայաստանը սկսած է գրաւել աշխարհի գինեգործներուն ուշադրութիւնը, «Forbes»-ի հրապարակած յօդուածներէն մէկուն մէջ գրած է ճանապարհորդական գրող Պրիանա Ուիլսոնը։

«Հայաստանի մէջ կը գտնուի մեզի յայտնի աշխարհի ամէնէն հին գինեգործրանը՝ Արենի-1 քարայրը, որ յայտնաբերուած է վերջին 15 տարիներուն եւ կը թուագրուի ՔԱ 5000-4000 թուականներուն: Անիկա կը հանդիսանայ նաեւ աւելի քան 100 տեղական խաղողի տեսակներու հայրենիքը: Հոն կը գտնուի նաեւ նշանաւոր Արենի Նուար խաղողը: Ենթադրաբար Արենի Նուար խաղողը առաջին խաղողի տեսակներէն է, որ կ’օգտագործուի գինի պատրաստելու մէջ, եւ յաճախ կ’ըսուի, որ անիկա է որ օգնած է Հայաստանին եւ Վրաստանին ՝ դառնալու խաղողագործութեան իսկական ծննդավայրը»,- ըսուած է յօդուածին մէջ։

«Երկիր մը, որ հանրաճանաչ է իր հիւրընկալութեամբ, գինեսէրները ողջ աշխարհէն տեղափոխուած են եւ կը շարունակեն տեղափոխուիլ Հայաստան՝ գինի պատրաստելու եւ տարածաշրջանէն ներս հիւրընկալութեան նոր ճիւղ մը զարգացնելու համար, որուն հիմքերը դրուած են հազարաւոր տարիներ առաջ»,- ըսաւ Պրիանա Ուիլսոնը: Ան կը ներկայացնէ հինգ խանութ-գինետներ, որոնց վրայ կ’արժէ ուշադրութիւն դարձնել՝ «Գալար», «Խմէ», «Ձօն», «Կրիա» եւ «Yog Wines»:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *