«Հզօր հայուհիներ». պատկերազարդ յիշողութեան խաղ, որուն մէջ ներկայացուած են 20 նշանաւոր հայուհիներ

«Հզօր հայուհիները» յիշողութեան խաղ մըն է, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է: Խաղին մէջ ներկայացուած են 20 նշանաւոր հայ կանայք, ներառեալ՝ գիտնականներ, գրողներ, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ յեղափոխականներ: Ասիկա հաճելի միջոց մըն է՝ կրթելու հայ երիտասարդները ոգեշնչելով զանոնք հայոց պատմութեան կին գործիչներով:
Սարդարապատի ճակատամարտէն մինչեւ Սասունի ինքնապաշտպանութիւն, Հայաստանի խորհրդարանի դահլիճներէն մինչեւ Ատանայի որբանոցներ՝ հայ կանայք եղած են ազգային պաշտպանութեան, կրթութեան, նորարարութեան, արուեստի, երաժշտութեան, գրականութեան, կանանց իրաւունքներու եւ մարդասիրութեան ջատագովներ: Անոնք ազգային հերոսուհիներ են, ընկերային արդարութեան պաշտպաններ, յեղափոխականներ, մտաւորականներ եւ մեր լեզուի, մշակոյթի ու պատմութեան ամէնէն նշանակալի պահապանները: Ցաւօք սրտի, անոնց պատմութիւններուն մեծամասնութիւնը պատմուած չեմ: Այս նախագծին նպատակն է լոյս սփռել այս նշանաւոր կանանց վրայ, ընդգծել անոնց ձեռքբերումները եւ այդ ընթացքին ոգեշնչել յաջորդ սերունդը՝ աւելին իմանալու անոնց մասին:
«Հզօր հայուհիները» դպրոցական աշակերտները պիտի կապէ ոգեշնչող հայ կանանց հետ, որոնց հետ անոնք ընդհանուր ազգային ծագում ունին: Անիկա պիտի խրախուսէ ծնողներն ու ուսուցիչները՝ հայերէնով դասաւանդելու այս կանանց մասին: Ստեղծելով գրաւիչ եւ հաճելի բովանդակութիւն՝ ապագայ սերունդները պիտի կարենան ոգեշնչուիլ աւելին իմանալու համար:
Պատկերազարդումները աւարտած են, յաջորդ քայլը տպագրութիւնն է: Դրամամիջոցային թիրախը 7.500 տոլար հաւաքելն է: Այս միջոցները պիտի ուղղուին խաղին 500 օրինակի պատկերազարդման ու տպագրութեան ծախսերը հոգալու:

https://www.indiegogo.com/projects/armenian-women-trailblazers?fbclid=PAAaYAUX0M9BeLkw8RNopMGEP9KXljwusYRJDWm7_D5OvUmyKOr8JfOztpY34#/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *