Փարիզի մէջ վայր մը կ'անուանակոչուի ի պատիւ Հրանդ Տինքի

Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչա յայտարարած է, որ մայրաքաղաքին մէջ վայր մը կ'անուանակոչուի ի պատիւ հայ լրագրող Հրանդ Տինքի:
«Փարիզի քաղաքապետարանը յարգանք տուրք կը մատուցէ՝ 13-րդ թաղամասին մէջ վայր մը անուանակոչելով անոր պատուին»,– թուիթըրեան գրառումին մէջ նշած է Նկաչա Տինքի սպանութեան 15-ամեակին առթիւ:
Որպէս «Ակօս» պոլսահայ երկլեզու թերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Տինք Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան նշանաւոր ներկայացուցիչն էր: Տինք առաւելապէս յայտնի էր անով, որ կողմնակից էր թուրք-հայկական հաշտութիւնը եւ կը պաշտպանէր մարդու եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ:
Տինք սպանուեցաւ 2007-ին «Ակօս»-ի շէնքին դիմաց 17-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կողմէ:

Ամբողջական լուրը՝ «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի մէջ՝

https://en.armradio.am/2022/01/20/paris-to-name-a-place-in-honor-of-hrant-dink/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *