Հայաստանի վրայ ճնշում բանեցուած է՝ Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ հետ միութենական պետութիւն մտնելու

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Հանրային հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է.
- Հայկական կողմը կ’ակնկալէ Բերձորի միջանցքի շուտափոյթ բացումը։ Միջանցքը կը գտնուի ռուս խաղաղապահներուն հսկողութեան ներքոյ։
- Ատրպէճանն է պատասխանատու ստեղծուած ճգնաժամին համար, բայց Ռուսիան հնարաւորութիւն ունի լուծելու ճգնաժամը, քանի որ ան լիազօրուած է 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ:
- Ատրպէճանը, արգելափակելով Բերձորի միջանցքը, կը ցանկայ կազմալուծել 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը, եւ ատիկա պէտք է անհանգստացնէ Ռուսիան։
- Հայաստանի միացումը Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ հետ միութենական պետութեան օրակարգին վրայ չկայ, հակառակ Հայաստանի վրայ բանեցուած ուժեղ ճնշումներուն։
- Երեւանը որեւէ քայլ չէ ձեռնարկած, որ կը յանգեցնէր Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամի։ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները պայմանագրային են, եւ այդ պայմանագիրներուն մէջ չէ նշուած, որ պարտաւորութիւններու կատարումը կախուած է տուեալ պահու յարաբերութիւններու վիճակէն: Մենք պիտի շարունակենք յստակ քայլեր ակնկալել, բայց եթէ տեղի չունենան, պատճառներուն մասին հարցեր պիտի ծագին:

https://www.azatutyun.am/a/32195524.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *