Հայրենադարձութեան շաբաթ. ընտրել Հայաստանը

Կը մտածե՞ս Հայաստան տեղափոխուելու մասին: Ձեզի համար գրաւիչ է Հայաստանէն հեռավար աշխատիլը: Դուք մտահոգուա՞ծ էք աշխատանքի հեռանկարներով: Այս եւ ուրիշ հարցերու պատասխանները կրնաք գտնել «Հայրենադարձութեան շաբաթ. ընտրել Հայաստանը,» մէկշաբաթեայ միջոցառումին, որ կազմակերպած է ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը: Շաբաթը յագեցած պիտի ըլլայ ինչպէս առցանց, այնպէս ալ անցանց միջոցառումներով՝ Դեկտեմբեր 13-էն 19: Ամէն օր առցանց վահանակները պիտի կեդրոնանան Սփիւռքի տարբեր համայնքի եւ մասնաւորաբար անոր առնչուող թեմաներու եւ խնդիրներու վրայ: Իւրաքանչիւր օր միջոցառումը կ'ընթանայ տարբեր լեզուով՝ արեւմտահայերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն: Ստորեւ ֆէյսպուքեան էջերը՝ իւրաքանչիւր միջոցառումի համար.

13 Դեկտեմբեր, առցանց վահանակ՝ արեւմտահայերէն, Մերձաւոր Արեւելքէն հայրենադարձներու հետ

14 Դեկտեմբեր, առցանց վահանակ՝ սպաներէն, մասնագիտական հորիզններու ընդլայնման մասին

15 Դեկտեմբեր, առցանց վահանակ՝ ֆրանսերէն, Հայաստանի մէջ կեանքի որակին մասին

16 Դեկտեմբեր, առցանց վահանակ՝ ռուսերէն, ընտանեօք եւ առանձին հայրենադարձուելու մասին

17 Դեկտեմբեր, երիտասարդ հայրենադարձներու համար անհատական ցանցային միջոցառում

18 Դեկտեմբեր, առցանց վահանակ՝ անգլերէն, Հայաստանէն հեռավար աշխատելու մասին

19 Դեկտեմբեր, տօնական նուէրներու բաշխումի միջոցառում՝ հայրենադարձներու երեխաներուն համար

Աւելին այստեղ՝ http://diaspora.gov.am/en.

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *