Զուիցերիա մօտ 7 մլն ֆրանք կ'ուղղէ ՀՀ-ի մէջ գիւղատնտեսական կրթութեան համակարգի թարմացման

Զուիցերիա Դեկտեմբեր 3-ին կը մեկնարկէ երկարաժամկէտ զարգացման նախագիծ՝ աջակցելու Հայաստանին գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ մասնագիտական կրթութեան համակարգի արդիականացման ուղղուած իր ջանքերուն: Զուիցերական զարգացման համագործակցութեան գործակալութիւնը սկզբունքօրէն հաստատած է Հայաստանին 7.130.000 զուիցերական ֆրանք ընդհանուր գումարով աջակցութեան նախագիծը: Ծրագիրին ազդեցութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու նպատակով Զուիցերիա կը գորածկցի գործընկերներու լայն շրջանակի՝ Հայաստանի կառավարութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու, պետական եւ մասնաւոր հատուածներու ակադեմական հաստատութիւններու հետ: Այս բոլոր գործընկերները միասին պիտի աշխատին ծրագիրին համար լրացուցիչ միջոցներ կեդրոնացնելու ուղղութեամբ: Գիւղատնտեսութեան մէջ մասնագիտական կրթական ծրագիրը նպատակ ունի աջակցելու գիւղաբնակ երիտասարդներուն՝ զարգացնելու անոնց տեսական ու գործնական կարողութիւնները, գոհացնելու շուկայի պահանջներն ու խթանելու անոնց աշխատանքային հնարաւորութիւնները: Ծրագիրը ունի նախապատրաստական փուլ՝ 9 ամիս, եւ իրականացման փուլ՝ 8 տարի: Կեանքի պիտի կոչուի Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի, ինչպէս նաեւ հիւսիսային որոշ մարզերու մէջ:

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Panarmenian.net»-ի մէջ՝

https://panarmenian.net/m/eng/news/297147

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *