Շանթ Աւետիսեանի գործերուն առանցքը՝ Եգիպտոսի ոսկեդարը

Արուեստի աշխարհին մէջ շատերու համար նկարիչ Շանթ Աւետիսեան յայտնի է Եգիպտոսի ոսկեդարը ներկայացնող գործերով: 2013-ին «Նեղոսի սրբապատկերները» շարքը Տոհայի մէջ «Սոթպի» աճուրդին ժամանակ վաճառուեցաւ 1,5 միլիոն տոլարի, ինչը մրցանիշ է արաբ ժամանակակից նկարիչի մը համար:
Հայկական պարի աւանդոյթները, եգիպտացի գիւղաբնակ կանանց կեանքը, իսլամական արուեստը եւ Եգիպտոսի հնագոյն ժառանգութիւնը եղած են այն թեմարը, որոնց Աւետիսեան անդրադարձած է իր գեղանկարներուն, լուսանկարներուն եւ զգեստներու ձեւաւորումներուն մէջ: Անոնք ելակէտն էին «Նեղոսի սրբապատկերները» դիմանկարներուն, զորս ան ստեղծած էր իր կեանքի վերջին տասնամեակներուն:
Աւետիսեանի յաջորդ հաւաքածոն, որ կազմուած է տասնամեակներու ընթացքին, այժմ «Cant Egyptien» ցուցահանդէսի ցուցանմուշն է, որ կը ցուցադրուի Գահիրէի ArtTalks-ի մէջ: Ամբողջական նիւթը՝ «The National News»-ի մէջ՝

https://www.thenationalnews.com/arts-culture/art/2022/01/11/celebrating-chant-avedissian-the-artist-who-put-egypts-golden-age-in-the-spotlight/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *