Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ բարձրացաւ հայկական դրօշը

Հայկական եռագոյնը տեղադրուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ՝ Շիրակի մարզի Անիպեմզա գիւղին մէջ։ Մինչ բարձրացումը, Շիրակի թեմի ներկայացուցիչները Երերոյքի տաճարէն ներս օրհնեցին դրօշը։ Նախաձեռնութեան հեղինակները նորաստեղծ «Վասն հայրենեաց» ազգային միասնութեան շարժման անդամներն են։ Նախատեսուած է Հայաստանի դրօշը տեղադրել 9 մարզերու սահմանամերձ գիւղերու տեսանելի բարձունքներու վրայ։
Այս գործողութեան նպատակն է, ըստ «Վասն հայրենեաց» շարժման, պետական դրօշով խորհրդանշականօրէն գծել Հայաստանի Հանրապետութեան անխախտ սահմանները, հայութեան մէջ ամրապնդել եռագոյնի նկատմամբ յարգանքը, հանրային միջոցառումներու շրջանակներէն ներս սահմանամերձ գիւղերուն ուշադրութիւն դարձնել, ինչպէս նաեւ համախմբել Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչները՝ ազգային նպատակներու շուրջ։
Հայաստանի դրօշը Անիպեմզայի մէջ տեղադրուեցաւ արժանթինահայ Սուսաննա եւ Սերխիո Նահապետեաններու հովանաւորութեամբ։

https://hetq.am/hy/article/153822?fbclid=IwAR21ZD852X5PcWttvVivUdlal1Q874iMynXwFMZm3sXanjLssFj2ab1SmMo

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *