Search
Close this search box.

Ռուսիա – Կորսուած առիթներ

Ռուս-Ուքրանական վերջերս ծաւալած հակամարտութիւնը, շատ հաւանաբար աւարտի առանց զինուորական բախումի, որովհետեւ ռուսերը ամէն գնով կ՚ուզեն խուսափիլ NATO- ի անդամ դաշնակից երկիրներու դէմ պատերազմելէ։ ԱՄՆ-ու նախագահ՝ Պայտընի ռազմատենջ յայտարարութեան, Արեւելեան Եւրոպա զօրք ղրկելու կապակցութեամբ, Ուքրանիոյ նախագահ Զէլենսկի, հանդարտութեան եւ զսպուածութեան կոչ կ՚ընէ (տե՛ս այստեղ
Զէլենսկի՝ Գերմանիոյ «կանցլեր» Շոլթցի եւ Ֆրանսայի նախագահ Մագրոնի նման կ՚անդրադառնայ , թէ Եւորոպայի մէջ ամբողջական պատերազմ մը ի՛նչ ծանր հետեւանքներ կրնայ թողուլ։Ստեղծուած ճգնաժամը եւ պատերազմի վախը, ԱՄՆ-ու կողմէ «Տոն Քիշոթ»անման դրսեւորում մըն է։
Ուքրանիոյ դէմ զինուորական գործողութեան յարմարագոյն առիթը տարի մը առաջ էր՝ ԱՄՆ-ու մէջ իշխանափոխութեան ժամանակ, երբ խառնաշփոթ վիճակ կը տիրեր։ Ռուսերը կորսնցուցին այդ պատեհութիւնը, իսկ այդ կացութենէն օգուտ գաղողները եղան թուրք-ազերի դաշինքը շղթայազերծելով Արցախի դէմ 44 օրեայ պատերազմը։
Ի միջի այլոց, Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ, Մ. Զախարովայի վերջին յայտարարութիւնները ի յայտ կը բերեն, որ Ռուսաստանի համբերատարութիւնը սկսած է հատնիլ Ալիեւի կողմէ Ուքրանիոյ ի նպաստ դիրքորոշումին, առաւել Արցախի հանդէպ իր նկրտումներուն պատճառաւ։

Ներկայիս, այս պայմաններու տակ, Ռուսերը ի՞նչ կրնան ընել։

-Դրացի կամ սահմանակից երկիրներու - Իրան, Չինաստան, Հնդկաստան - տնտեսական եւ զինուորական կապերը ամրացնել. մասնաւորաբար Չինաստանի եւ Իրանի հետ, որոնք արեւմուտքին կողմէ պատժամիջոցներու ենթակայ են։
-Կազի հոսքը դէպի Եւրոպա կրճատել՝ նոյնիսկ դադրեցնել, սառեցնելով զանոնք, ձեւով մը Նափոլիոնի եւ Հիթլերի բանակներու օրինակին նման։
-Սլաւ երկիրներու ժողովուրդներու զգացումները օգտագործել ճեղք մը բանալու արեւմտեան երկիրներու միջեւ։
-Շահագործելով Թուրքիոյ մէջ ապրող մեծաթիւ Քիւրտ ազգաբնակչութեան դժգոհութիւնները, Ռուսիա կրնայ Կովկասեան ճակատին շրջափումը շրջանցել եւ Թուրքիոյ վրայով հասնիլ Միջեկրականի «տաք ջուրերուն»:

Ինչ կը վերաբերի «կորստեալ պատեհութիւններուն՝ Արցախեան երկրորդ պատերազմին, Ռուսերը կորսնցուցին ոսկի առիթ մը։ Անոնք դիւրաւ կրնային միջնորդել եւ պատերազմը դադրեցնել շատ աւելի կանուխ եւ իրենց մեծաթիւ խաղաղապահ ուժերը ղրկել Արցախ։ Ընդ որում, շրջանին մէջ ապահովելով հզօր ներկայութիւն, կարելի էր նաեւ Արցախի ճամբով հողային կապ մը հաստատել Իրանի հետ։ Այս կորսուած պատեհութիւններուն համար Ռուսական կողմը սուղ գին պիտի վճարէ։

Պատմութիւն ցոյց կու տայ, որ Ռուսերու քաղաքական յատկանշական արժանիքներէն մէկն է համբերատարութիւնը։ Սակայն, անկախատեսելի է, թէ ե՞րբ կրնայ ծագիլ յաջորդ պատեհ առիթը։

Հայկական կողմին համար կարեւոր գործօններ են՝ համբերութիւն , վերահաշուարկ եւ զգօն վիճակ, սպասելով Շուշիի, Հատրութի եւ այլ տարածքներու վերատիրացման յարմար պատեհութեան, յար եւ նման Արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն, երբ ամբողջ հողատարծքը ազատագրուեցաւ ազերիական գերիշխանութենէն։

Գրիգոր Գրաճեան

Յունուար, 2022
Լիբանան

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

One Response

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *