Search
Close this search box.

ԿՈՉ

The Armenian Diaspora, which includes 75-80% of the nation’s souls and about 98%(Considering the size and GDP per community) of its economic power, is scattered throughout the world, with Armenians adapted to different cultures and languages of their respective host countries.

The Armenian Diaspora, which includes 75-80% of the Nation’s souls and about 98% (Considering the size and GDP per community) of its economic power, is scattered throughout the world, with Armenians adapted to different cultures and languages of their respective host countries. DiasporArm is aimed at establishing a global, well financed organization, emanating from the people, which will coordinate the Diaspora strategy and actions, make use of the significant available inactive resources, support new initiatives and optimize existing efforts.

Հայկական Սփիւռքը, որ կը կազմէ ազգի 75-էն 80 առ հարիւրը եւ անոր տնտեսական ուժին 98 առ հարիւրը (նկատի ունենալով իւրաքանչիւր համայնքի չափը եւ Համախառն ներքին արդիւնքը (GDP)), տարածուած է ամբողջ աշխարհին մէջ, ուր հայեր յարմարած են զիրենք հիւրընկալող երկիրներու տարբեր մշակոյթներուն եւ լեզուներուն: Մինչ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւնները կազմակերպուած պետութիւններ են՝ ղեկավարուած նախարարութիւններով կազմուած կառավարութիւններու կողմէ, իւրաքանչիւրը ունենալով իր սեփական կառոյցը եւ ֆինանսաւորման համակարգը, Սփիւռքը կը կառավարուի, եթէ կրնանք այդպէս կոչել, տարբեր բնոյթի տեղական կազմակերպութիւններով, որոնցմէ ոմանք ազգային եւ միջազգային պատկանելիութիւն ունին: Սփիւռքը «կառավարող» քաղաքական, մշակութային, կրօնական եւ մարդասիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ամբողջութիւնը, ոմանք հատուածային եւ յաճախ իրարու հետ մրցող, շատ յաճախ կը գործէ առանց կանոնաւոր կամ կայուն ֆինանսաւորման:

Մեկնելով Սփիւռքի գոյատեւումը ապահովելու եւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու ամրապնդման նպաստելու հարցերէն, եւ կատարելէ ետք բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ՝ Սփիւռքի մէջ մտաւորականներու, գործիչներու եւ ղեկավարներու հետ, հետեւեալ առաջարկը կ'ընենք.

«Հիմնել համաշխարհային, լաւապէս ֆինանսաւորուած, ժողովուրդէն բխած կազմակերպութիւն, որ պիտի համակարգէ Սփիւռքի ռազմավարութիւնը եւ գործունէութիւնը, պիտի գործածէ գոյութիւն ունեցող կարեւոր ոչ գործուն աղբիւրները, պիտի աջակցի նոր նախաձեռնութիւններու եւ լաւագոյնին պիտի հասցնէ ներկայ ճիգերը»:

DiasporArm-ի տեսլականը եւ առաքելութիւնը հիմնականին մէջ տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային մարզերն են, զերծ մնալով կուսակցական քաղաքական կամ կրօնական ուղղութիւններէ: Ատիկա ունի ստորեւ նշուած նպատակները.

1. Յայտնաբերել եւ ներգրաւել Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող կարեւոր ոչ գործուն աղբիւրները, ստեղծել կամուրջներ եւ փոխյարաբերութիւններ Սփիւռքի զանազան համայնքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հայրենիքին հետ, բացայայտելով իւրաքանչիւր համայնքի, նոյնիսկ ամէնէն փոքրին, գոյութիւնը եւ կարեւորութիւնը:
2. Ստեղծել հարստութիւն եւ զանազան արժէքներ` գործածելով ցանցերը եւ միացնելով անհատներն ու հաստատութիւնները:
3. Սփիւռքին տալ համակարգուած ուղղութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծել Սփիւռքի աշխուժ ուժերուն միջեւ՝ արդիւնքները լաւագոյնին հասցնելու նպատակով:
4. Նպաստել Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայերու տնտեսական զարգացումին:
5. Ձեռնարկել հաղորդակցութիւն, կրթութիւն եւ ներշնչում՝ մեր մշակոյթը եւ հայրենիքը հպարտութեան առարկայ դարձնելու համար:
6. Աշխարհի մէջ հայկական շահերը պատշպանել:
7. Խթանել եւ աջակցիլ մշակութային աճի զարգացումին:
8․ Լուծումներ գտնել մտահոգիչ ընկերային հարցերուն, ինչպէս՝ ապահովել տարեցներու համար կեցութեան վայրեր, ստեղծել ընկերային բարօրութեան ծրագիր, եւ դիւրացնել հայրենադարձութիւնը:
9. Նպաստել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:

DiasporArm-ի հիմքը պիտի կազմէ անհատական մասնակցութիւնը՝ շեշտը դնելով համայնքի ոչ գործուն անդամներու մասնակցութեան հաւաքագրումին վրայ: Պիտի ֆինանսաւորուի իր անդամներուն կողմէ, որոնք ժողովրդավարական ձեւով պիտի ընտրեն խորհրդատու մարմիններ տարբեր ոլորտներու մէջ, եւ պիտի դրսեւորեն թափանցիկութիւն՝ հրապարակելով տնտեսական տեղեկագիրները: DiasporArm պիտի համագործակցի նման նպատակներ ունեցող միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններու հետ:

Կոչ կ՛ուղղենք անոնց, որոնք ծանօթ են իրենց պարկեշտութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, անոնց, որոնք կը հաւատան այս գործին, յարգալիր են, անոնց, որոնք հայկական շահերը վեր կը դասեն հատուածային եւ անձնական շահերէն, միանան, նպաստեն եւ մասնակցին DiasporArm-ի ստեղծումին:

Դիտեցէք DiasporArm-ը ծանօթացնող հայերէն լեզուով հարցազրոյցը «Սիվիլնեթ»-ի վրայ՝ https://youtu.be/Lg6CYSTrwPk:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *