Փարիզ, Յունիս 2015
Անցեալ Դեկտեմբերին, Տուպայի մէջ հանդիպեցայ զարմիկիս՝ Մարտիկին, որ վերջերս Հալէպէն հոն փոխադրուած էր, իր գործարանով, մեքենաներով, եւ 25 ոսկերիչներու պաշտօնակազմով, բոլորը իրենց ընտանիքներուն հետ մէկտեղ։ Ընթրիքի ընթացքին, ան ըսաւ. «Սիրտս կ'այրի. Շատ պիտի նախընտրէի փոխանակ Տուպայի՝ Հայաստան հաստատուիլ... Ես հոն տու՛ն ունիմ, իմ սի՛րտս հոն է... Հոս, մեր պզտիկները Հայերէն կարդալ եւ գրել պիտի չսորվին... եւ Աստուած գիտէ որու հետ պիտի ամուսնանան...»
Մարտիկը յուզուած էր. Ան քանի մը անգամ Հայաստան գացած էր, հոն շինարարական գործի սկսած եւ վերջերս, Երեւանի մէջ ամբողջացուցած բնակարանային շէնք մը։ Ան նպատակ ունէր հոն տեղափոխել իր գործը. Կրկին գացած էր քննարկելու իր նպատակը ընկերներու հետ, որոնք արդէն հոն գործատեղիներ ունէին, ու կը դիմագրաւէին ընդհանրացած դիւանակալական դժուարութիւններread Rapapaort article եւ մաքսային գործողութիւններու դանդաղութիւն - ներածման եւ արտածման գործողութիւններու ընթացքին ապրանքներու ուշացում, շաբաթներով. ան յուսահատ վերադարձած էր։ Երբ հարցուցի ինչու՞, ան բացատրեց ըսելով. «Գոհարեղէնի արտադրութեան համար ես օրական 2 ք. ոսկի կը գործածեմ. Ոսկին, որ հոս կը գնեմ առաջին օրը, կը յանձնեմ եւ կը վճառուի յաջորդ օրն իսկ. :Հայաստանի մեջ արտադրելու պարաքային, պէտք պիտի ըլլար յատկացնել աւելի քան 50 ք. ոսկի, ի զուր, դանդաղ մաքսային գործողութիւններու պատճառաւ». Այս մէկը ընելու միջոցը չ'ունէր. հրաժարեցաւ
Համակարգին դէմ պայքարիլը դիւրին չէ. Նոյնիսկ մեր Հայ ոսկերիչներու միութիւնըոր նախագահութեան բուռն աջակցութիւնը կը վայելէ, իր կարքին դիմագրաւեց այդ նոյն պիւրոքրադական դժուարութիւնները, անցեալ տարուայ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին ընթացքին:.
* * * * * * * * *
Անցեալ շաբաթ տեղեկացայ որ ընկերոջս Յակոբին գործատեղին, Հայաստանի մէջ, որ ժամանակին 100 ոսկերիչի մարդուժ ունէր, գրեթէ դադրեցուցած էր իր արտադրութիւնը. Տարիներու ընթացքին հպարտ եղած եմ Յակոբին նուրբ ոսկերչական գործերով, պատրաստուած հմուտ Հայ ոսկերիչներու ձեռքով, հպարտ՝ իր հռչակաւոր ապրանքանիշով, ցուցադրուած Հոնկ-Քոնկի, Սինկափօրի, Տուպայի, Փարիզի եւ Մանհաթընի 5-րդ Պողոտայի լաւագոյն ցուցափեղկերուն ետին. Արդեօք ի՞նչ պիտի պատահի իր աշխատաւորներուն: Հաւանաբար Յակոբ պիտի տեղափոխէ իր հմուտ վարպետ ոսկերիչները դէպի իր արտասահմանի գործատեղիները, իսկ մնացածները՞...:
* * * * * * * * *
Մի քանի ամիս առաջ, Փարիզի մէջ յանդիպեցայ տիկնոջ մը՝ իր 6 էն 10 տարեկան երեք զաւակներով, բոլորն ալ պատշաճ հագուածքով եւ քաղաքավար վարմունքով: Անոնք, օր մը առաջ հասած էին Երեւանէն եւ կ'ուղղուէին քաղաք մը. Հայաստան՝ տիկինը լսած էր թէ աւելի դիւրութեամբ կրնային գաղթի թուղթեր ստանալ՝ գաւառային շրջաններու մէջ. անոնք այդ օրուան նախորդ գիշերը անցուցած էին Փարիզի ‘’Gare de Lyon’’ գնացքի կայարանի սպասման սրահին մէջ, եւ որեւէ գաղափար չունէին թէ ուր պիտի անցնէին եկող գիշերները: Ֆրանսայի մէջ ոեւէ ծանօթ չունէին: Ես փորձեցի բացատրել թէ կեանքը դիւրին չէր այստեղ, եւ թերեւս աւելի լաւ պիտի ըլլար որ Հայաստան վերադառնային: Տիկնոջ համար, իրենք իրենց երազած տեղը հասած էին... իրենց Էլտորատոն«Էլ հարց չկար»: Ամէն պարաքայի, անոնք ծախած էին իրենց տունը, գնելու համար իրենց վիզաները, հատը 5000 տոլարի:
Կը մտածեմ Մարտիկին մասին, իր աշխատաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն մասին, զրկուած Հայրենիքէն, անոր հողէն, առիթէն որ ան կ'ընծայէ պահպանելու եւ փոխանցելու մեր մշակութային ժառանգութիւնը, ժառանգութիւն մը որ նոյնքան թանկ է «մեզի» համար, քան նիւթական ժառանգութիւն մը, որ ամէն գնով կը ջանանք փոխանցել մեր զաւակներուն:
Կը մտածեմ Յակոբին գործաւորներուն մասին, որոնցմէ մի քանիներ իրենք զիրենք պիտի գտնեն Պրիւքսէլի, Փարիզի եւ Լոս Անճելոսի փողոցներուն մէջ. Ճիշդ այդ կնկան պէս, որուն հանդիպեցայ Փարիզի մէջ. Ժամանակի ընթացքին անոնք յաջողութիւն պիտի գտնեն եւ ի վերջոյ ձուլուին՝ իրենց որդեգրած նոր «հայրենիքներուն» մէջ:
Միւս կողմէ, կը մտածեմ նաեւ մէր Սփիւռքի Հայ գործարարներու մասին, որոնք կ'աշխատցնեն տասնեակ հազարաւոր գործաւորներ՝ Չինաստանի, Վիէթնամի եւ Թայլանտի մէջ, եւ որոնք վարպետ գործաւորներու կարիքը ունին: Ասիոյ ընթացիկ սղաճի կացութեամբ, աշխատավարձքերը ներկայիս աւելի աժան են Հայաստանի մէջ, ուր մարդիկ աւելի ուսեալ եւ վստահաբար աւելի հմուտ են: Ի՞նչն է որ արգելք կը հանդիսանայ սփիւռքի գործարարներուն որ տեղափոխեն իրենց գործը դէպի Հայաստան:
Ո՞ւր սխալած ենք
Որոշ արհեստներ կապուած են յատուկ ազգերու. Արհեստներէն մէկը, որու մէջ Հայեր կը գերազանցեն՝ ոսկերչութիւնն է: Ինչպէս Պարսիկները նշանաւոր են գորգ հիւսելու մէջ, Հայերը ճանչցուած են որպէս վարպետ՝ ոսկիի եւ արժէքաւոր մետաղներու գործին մէջ: Պատմութեան ընթացքին, ըլլայ Օսմանեան կամ Ռուսական կայսրութիւններուն մէջ, Սուլթանները եւ Ցարերը միշտ դիմած են Հայ ոսկերիչերու:
Սովետական միութեան ժամանակ Հայերուն այս ձիրքը ճանչցուած էր, ուրեմն ոսկերչութեան եւ ադամանդ տաշելու ճարտարուեստը գլխաւորապէս կեդրոնացած էր Հայաստանի մէջ:
Այժմ, մօտաւորապէս 15,000 հոգի կ'աշխատի ոսկերչութեան ճիւղին մէջ. սակայն քանակը այնքան կարեւոր չէ որքան որակը: Հայ ոսկերիչը հստակաբար ճանչցուած է միջազգ ային շուկային մէջ որպէս հմուտ վարպետ:
Ո՞ւր սխալած ենք
Կը մտածեմ Սփիւռքի մարդուժին մասին, արկախ վերոյիշեալ գործատերերէն, եւ արկ ախ բարերարներէն, որոնք նիւթական նպաստ կը բերեն հայրենիքին:
Ֆրանսայի մէջ միայն, ունեցէր ենք հայ նախարարներ՝ տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, ունեցէր ենք հայ վարչապետ…
Ֆրանսայի պէս երկրի մը մէջ, ճանցուած որպէս օրէնքի պետութիւն, եւ օժտուած ազատ շուկայի տնտեսութեամբ:
Թուրքիոյ մէջ, վերջերս ունեցէր ենք հայ մը, որ եղած է Թրքական հանրապետութեան վարչապետի գլխաւոր խորհրդականը:
Թուրքիա, հպարտ անդամ մը աշխարհի 20 հզօրագոյն տնտեսութններու «ակումբ»ին:
Պէտք չէ՞ որ մենք, փոխանակ նախարարներու երկար եւ զգացական ճարերը մտիկ ընելու, գործի լծուինք:
Պէտք չէ՞ որ մարդասիրական նպաստ բերելէ անդին, օգնենք մեր գիտուժով, , եւ մեր այդ փորձառութիւնը, որ կը տարբերի խորհրդային վարչակարգի ժառանգուած փորձառութենէն, հայրենիքին ի նպաստ ծառայեցնենք:
Պէտք չէ՞ ստանցնենք մեր պատասխանատւութիւնները ի դէմ մեր ազգին, մեր Հայրենիքին:
Պէտք չէ՞ որ սփիւռքը հաւաքէ իր գործարարները, տնտեսագէտները եւ քաղաքական գիտնականները, խնդրէ անոնցմէ որ պատրաստեն ծրագիր, յանձնարարականներ տալով Հայաստանի տնտեսութիւնը բարեփոխելու կարելի ձեւերու մասին:
Նպատակ ունենալով բարելաւելու Հայաստանի դիրքը միջազգային դրամատան «երկիրներու գործի դիւրութեան» կարգին մէջ (World Bank’s rating of countries for theirease of doing businessԱսիկա՝ անշուշտ առանց որեւէ նպատակ ունենալու իշխանութեան միջամուխ ըլլալու:
Արդեօք սփիւռքը բաւական հասու՞ն է նման գործ ստանցնելու:
Արդեօք սփիւռքի օդանաւին մէջ օդաչու կա՞յ:
Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին,կ'ըսուի թէ մէկ ու կէս միլիոն Հայեր արտագաղթած են Հայաստանէն, դառնալով ենթակայ ճերմակ ջարդինԱյս մէկ ու կէս միլիոնին համար, ոչ մէկ օտար պետութիւն կրնանք մեղադրել:
Բա՛ւ է արտասուիլ։
Բա՛ւ է խօսակցութիւններ եւ յօդուածներ՝ սփիւռքի օրաթերթերուն մէջ, այս կամ այն Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքական գործիչին սխալ ընթացքին մասին։
Բա՛ւ է բացասական քննադատութիւններ։
Թող Սփիւռքի առաջնորդները, որոնք իրենք զիրենք կը յարգեն որպէս առաջնորդներ, ոտքի ելլեն, մէկդի դնեն իրենց անձնական հարցերը, հաւաքուին, միասնութեամբ զօրանան, եւ պատաասխանատւութիւն ստանձնեն, տէր կանքնելով հայրենիքին: Ի վերջոյ, որու՞ կը պատկանի Հայրենիքը:
Պատմութիւնը պիտի դատէ մեզ եւ մեր առաջնորդները՝ մեր անշարժութեան համար: