Բաղձանքն ու ճառերը բաւարար չեն ազգը կործանումէ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ առաջնորդնելու համար: Ասոր նախադրեալներն են՝ տեսլական ունենալ, բարձրանալ, հեռուն տեսնել եւ ամբողջ ազգի մասին աւելի լայն պատկերացում ունենալ, անհրաժեշտ պաշարները ապահովել եւ ամէնէն առաջ ազգային շահը կուսակցականէն վեր դասելով համատեղել մեր բոլոր պաշարներն ու հնարաւորութիւնները՝ նիւթականէն մինչեւ մարդկային, եւ զանոնք ի սպաս դնել ազգի ծառայութեան:
Երբ 1991-ին Եթովպիոյ մէջ քաղաքական վտանգաւոր ապակայունացում կը տիրէր, Իսրայէլ եւ հրէական համաշխարհային կազմակերպութիւնները, ինչպէս՝ Եթովպիոյ հրեաներու ամերիկեան կազմակերպութիւնը, ձեռնարկեցին եթովպացի հրեաները Իսրայէլ տեղափոխելու «Սողոմոն» գործողութեան, որ տեղի ունեցաւ 24-25 Մայիս 1991-ին: 35 իսրայէլական ինքնաթիռներ 36 ժամ անընդմէջ թռիչքներով Իսրայէլ տեղափոխեցին 14 325 եթովպացի հրեայ:
Պէյրութի նաւահանգիստի՝ 2020 թուականի Օգոստոս 4-ի պայթումին հետեւանքով սրած տնտեսական ճգնաժամին Հայաստան յայտարարեց, որ 200 աշխատանքի հնարաւորութիւն կայ բարձր որակաւորում ունեցող լիբանանահայերու համար:
Արդեօք պէտք չէ՞ աւելի «մեծ նկարը» նկատի առնել: Միայն կարողներն ու առո՞ղջները պէտք է վերցնել, իսկ հաշմանդամները՝ անտեսե՞լ:
Ի՞նչ կը վերաբերի այն դպրոցներուն, որոնք սերունդներ պատրաստեցին, այդ կարգին՝ Հայ աւետարանական գոլէճ, Յովակիմեան, Ճեմարան:
Իսկ միւս կառոյցնե՞րը՝ Անթիլիասի կաթողիկոսարա՞նը, Զմմառի վա՞նքը, Հայկազեան համալսարա՞նը: Այդպէս ձգենք, որ փակուի՞ն:
Գիտեմ, բոլորդ կ'ուզէք խօսիլ Սիւնիքի հարցին, Հայաստանի ապահովութեան եւ սահմանային ճգնաժամին մասին: Մենք երեսուն տարի ունէինք՝ մեր պետութիւնը հզօրացնելու: Բայց եւ այնպէս ոչինչ ըրինք: Ուշացանք: Պէտք չէ՞ քիչ մը բարձրանանք՝ տեսնելու հեռուն եւ ծրագրելու, թէ ո՛ւր կ'ուզենք ըլլալ 20-30 տարի ետք:
Պաքուի հայերու արտագաղթը տեղի ունեցաւ «Սողոմոն» գործողութենէն մէկ տարի առաջ: Պէտք է ըսել, որ ի տարբերութիւն եթովպացի հրեաներու արտագաղթին՝ քաոսային տեսք ունէր այդ, որ վերջ գտաւ դէպի Ռուսաստան ներհոսքով: Այո՛, այն ատեն պետութիւն չունէինք, բայց նոյնիսկ եթէ ունենայինք...
Մենք երբեք չհասանք այն փուլին, ուր հրեաներն էին 1991 թուականին: Մենք իրենց օրացոյցին վրայ կը գտնուինք առաջին սիոնիստական քոնկրեսի նախօրէին, որ կազմակերպուեցաւ Պազելի մէջ 1897 թուականի Օգոստոս 29-էն 31՝ համախմբելով 208 պատուիրակներ, 26 մամուլի թղթակիցներ, որոնք դրին իսրայէլեան պետութեան հիմքերը:
Ինչպէս Սիմոն Սիմոնեան առաջարկած է «Դեղը» յօդուածին մէջ, արդեօք պէտք չէ՞ ունենանք այն «իրաւասու եւ ամբողջական պատասխանատուութեամբ ծանրացած Համահայկական Գերագոյն Մարմինը, որ ստանձնէ ճակատագրական նախաձեռնութիւններ եւ տայ բախտորոշ որոշումներ — սերտուած ու ծրագրուած»:
Վերջին երեսուն տարիներուն ընդունեցինք անընդունելին, կողք-կողքի գտնուեցանք ու նկարուեցանք մեր հայրենիքը թալանողներուն հետ: Եթէ ունենայինք այդպիսի մարմին մը, չէինք պարտուեր պատերազմը...
Եկէք-բարձրանանք՝ տեսնելու համար հեռուն եւ առհասարակ մեր ազգը՝ որպէս մէկ ամբողջութիւն:
Մենք մինչեւ օրս երկու Նոպելեան մրցանակ շահած ենք, իսկ հրեանե՞րը: Միւս կողմէ՝ քանի՞ հատ կ'ուզենք շահիլ յառաջիկայ քսան տարուան մէջ:
Արդեօք գերազանցութեան ձգտումը ունի՞նք, հետամո՞ւտ ենք անոր համար անհրաժեշտ միջոցները հայթայթելու:
Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ չորս հայազգի երեսփոխան ունինք: Ուրիշ ազգերէ քանի՞ հատ կայ այնտեղ: Ի՞նչ ազդեցութիւն կ'ուզենք ունենալ Ուաշինկթընի, Փարիզի, Պրիւքսելի եւ Մոսկուայի մէջ 20 տարի ետք: Արդեօք պէտք չէ՞ նպատակադրենք յառաջիկայ քսան տարիներուն ստանալ այն միջազգային աջակցութիւնը, որ այսօր կը վայելէ Իսրայէլ:
Արցախի ու Հայաստանի բազմաթիւ սահմանամերձ գիւղեր կիսալքուած են ազրպէյճանական լաւ ծրագրուած ռազմավարութեան պատճառով:
Գեղարքունիքի մարզին մէջ ազրպէյճանական անօդաչու սարքերը ամէն օր տասը գիւղերու վրայ թռիչք կ'իրականացնեն, ազրպէյճանցի զինուորները անասուններ կը գողնան: Սոթք գիւղէն ընդամէնը 600 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող ազրպէյճանցի զինուորականները ամէն օր օդը կը կրակեն՝ բնակիչները վախցնելու համար: Ջրամատակարարում մերթ կայ ու մերթ չկայ: Ասոնք ազրպէյճանական հնարքներ են, որպէսզի հայերը լքեն իրենց պապենական հողերը: Ահա թէ ինչու գիւղերէն մարդիկ Երեւան կը տեղափոխուին:
Մենք պէտք է տէր կանգնինք վտանգուած իւրաքանչիւր սահմանամերձ գիւղի, ինչպէս ՔՈԱՖ-ը ըրած է Դեբեդ գիւղի պարագային: ՀԲԸՄ-ի, ԱՀԱԸ-ի, ՔՈԱՖ-ի, «Ապագայ հայկականը»-ի, Թաշիր հիմնադրամի, Թիւֆէնքեանի եւ այլնի նման կազմակերպութիւններ չե՞ն կրնան քով-քովի գալով «ստանձնել ճակատագրական նախաձեռնութիւններ եւ տալ բախտորոշ որոշումներ — սերտուած ու ծրագրուած»:
Կարելի չէ՞ պեղել մեր պաշարները՝ գործակցելու արհեստավարժ գործակալութեան մը հետ, որ կարենայ մեզի փաթեթներ պատրաստել ու աշխատի նիւթական աջակցութիւն ապահովել ԵՄ-էն, ԱՄՆ-էն, ԱՄՆ-էն, ՄԱԿ-էն եւ Կեդրոնական դրամատունէն:
Չե՞նք կրնար մշակել ծրագիր մը՝ Արագածը անձրեւային անտառներով ծածկելու, նպաստը ստանալ ԵՄ-ի «Environment Life Program» ծրագիրէն կամ ուրիշ համաշխարհային յառաջատար հաստատութիւններէ:
Չե՞նք կրնար առաւելագոյնս օգտագործել մեր պաշարները եւ գործակցիլ:
Նման ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան համար հրամայական է ՀՀ-ի կառավարութեան աջակցութիւնը: Երկխօսութիւնը կարեւոր է՝ Սփիւռքի պաշարները հասանելի եւ գործունակ դարձնելու եւ զանոնք ի սպաս դնելու ՀՀ-ի վարչակազմի խնդիրներու հանգուցալուծման: Ցաւօք, նման երկխօսութիւն չէ հաստատուած վերջին երեք տասնամեակներուն: Լաւ չ'ը՞լլար, որ Սփիւռքի յարգուած, ազդեցիկ ու անկախ մտածողներ ՄԻԱՍԻՆ հանդիպում ունենան Հայաստանի կառավարութեան հետ:
Մենք ունինք ընդհանուր մտահոգութիւններ, ինչպէս նաեւ նպատակներ, որոնք պէտք է «բարի ցանկութիւններու» սահմանէն դուրս գան,
Պէտք է հաստատապէս յառաջ ընթանալ քայլ առ քայլ,
Համախմբել համեստ ու անկախ համախոհները,
Ի մի բերել անհրաժեշտ պաշարները, որպէսզի ոչ ոք ուզէ բաց ձգել առկայ հնարաւորութիւնները:
Մեր ազգին համար դնել իրագործելի ընդհանուր նպատակներ, որոնք մեզ՝ բոլորս իրարու պիտի միացնեն:
Անցնինք առաջ:
Ես շուտով ձեզի կը ներկայանամ առաջարկներով:
Յովէլ Շնորհօքեան
11 Դեկտեմբեր 2021