Հայ Ժողովուրդը միաւորող եւ շաղախող բազմաթիւ ազդակներ եւ գործոններ եղած են։ Կրօնքը՝ մանաւանդ քրիսոնէական կրօնքը, գործոններէն մէկը եղած է ժողովուրդի միաւորման եւ միացուլման։ Լեզուն, գիր-գրականութիւնը աւելի եւս ամրապնդած է ժողովուրդի շաղկապումը։ Մեր անցեալն ու պատմութիւնը՝ մեր հերոսները, անոնց սխրագործութիւնները եւ անոնց անունին ստեղծուած առասպելները, պարտութիւններն ու յաղթանակները ժողովուրդը միացնելու մեծ գործոն հանդիսացած են։
Վերջին հարիւր տարուան ընթացքին, հայութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քով-քովի բերած է հայ ժողովիւրդի բեկորները։ «Հայ դատ»-ը դարձած է մեր քաղաքական, կրօնական, ազգային եւ մշակութեան կեանքի կիզակէտը։
Պատմութեան այս արագ ետդարձ ակնարկի մէջ, կը յուսացուէր, որ հայաստանի անկախացումը եւ արցախեան գոյամարտի յաղթանակը պիտի հանդիսանային հայութիւնը միացնող լաւագոյն գործոնները։
Սակայն, դժբախտաբար այդպէս չեղաւ։ Եւ, ահաւասիկ, Արցախի երկրորդ պատերազմի եւ պարտութեան պատճառներէն կարեւորագոյնը կարելի է նկատել հայութեան մէջ ստեղծուած ներքին ջլատումը։ Իսկ պարտութենէն ետք, ներքին պառակտումները հասած են վտանգաւոր աստիճաններու։
Պահ մը, երբ դիտենք մեր շուրջ, այլ ժողովուրդներ՝ պաղեստինցիներ, քիւրտեր, եզիտիներ, եւ այլն, բացայայտ կը դառնայ այն իրականութիւնը, որ հաւաքականութեան մը՝ ժողովուրդի մը պաշտպանութեան եւ շարունակականութեան միակ երաշխիքը ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է։ Պետականութենէ զուրկ ժողովուրդներ ենթակայ կը դառնան բռնարարքներու, ցեղասպանութեան եւ անհետանալու վտանգին առջեւ կը գտնուին։
Հետեւաբար՝
Հոգ չէ, թէ անցեալին ինչ-ինչ արժէքներ եւ «սրբութիւններ» ունեցեր ենք հայութեան գոյութիւնը պահպանելու եւ շարունակականութիւնը ապահովելու համար։ Ներկայիս, մեր սրբութիւն սրբոցը մեր ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է։
Իշխանութիւնները ժամանակաւոր են իսկ պետութիւնն ու պետականութիւնը՝ յաւիտենական։ Այս պէտք է ըլլայ մեր տեսլականը եւ հեռանկարը։ Այլ ձեւ եւ միջոց չկայ Հայ Ժողովուրդի փրկութիւնը ապահովելու համար։
- Մեր «աւանդական» կուսակցութիւնները սրբութիւն չե՛ն։
- Հայրենիքի մէջ հարիւրաւոր կուսակցութիւններէն ո՛չ մէկը սրբութիւն է։
- Քաղաքական անձնաւորութիւններ՝ նախագահներ, վարչապետներ, գործիչներ բնաւ սրբութիւն չեն։
- Ծանր չհնչէ լսելը նաեւ, որ մեր եկեղեցին ճիշդ է, անցեալին ազգապահպանման եւ ազգահաւաքի դեր կատարած է, սակայն ներկայիս՝ հայ ժողովուրդը միաւորող հաստատութիւն չէ. ան ինքն իր մէջ պառակտուած վիճակ կը ներկայացնէ յաճախ։
Մեր ժողովուրդի գոյատեւման համար, ներկայիս եւ տակաւին երկար ժամանակ միակ սրբութիւնը մեր ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է՛։
Իսկ, մէկ արժէք՝ միակ արժէքը, որ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորները պէտք է միաւորէ, այդ՝ Հայրենիքի Սէրն Է։
Գրիգոր Գրաճեան