Որքա՞ն ազդեցիկ պիտի ըլլան հայերը 2040-ին՝ Ուաշինկթընի, Պրիւքսէլի, Մոսկուայի եւ Փեքինի մէջ:
Քանի՞ Նոպէլեան մրցանակակիր պիտի ունենանք մինչեւ այդ, եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ Սփիւռքի ներդրումը հայրենիքի մէջ:
Պէտք է այսօ՛ր իսկ սահմանենք մեր այդ թիրախի մակարդակը:
«DiasporArm»-ի նպատակային առաքելութիւններէն մէկն է կամրջել Սփիւռքի տարբեր համայնքները՝
- միութիւններու, խումբերու եւ անհատներու միջեւ գործակցութեան դաշտ ստեղծելու,
- նպաստելու սփիւռքահայու ու հայրենահայու կրթական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային զարգացման:
«DiasporArm»-ի առաջնակարգ նպատակը երիտասարդութեան զարգացումը ապահովելն, յաջողակ եւ ազդեցիկ անհատներ պատրաստելն է՝ որպէս համայնքի ապագայ առաջնորդներ: Ահաւասիկ այս տեսլականով է, որ «DiasporArm»-ը հիմնեց Հայ Ուսանողներու Ցանցը (ՀՈւՑ)՝ կամուրջ հանդիսանալով Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւններուն, մանկավարժներուն եւ ձեռնարկատէրերուն միջեւ:
Մանկավարժներուն դերն է ուսանողներուն օգնել խորհրդատուութեամբ, ինչպէս նաեւ կրթութեան, կրթանպաստներու եւ դրամաշնորհներու առնչուող կողմնորոշիչ տեղեկատուութեամբ:
Ձեռնարկատէրերուն դերն է առաջարկել աշխատանք եւ փորձաշխատանք, հովանաւորել ծրագիրներ եւ որսալ տաղանդները իրենց ձեռնարկութեան համար:
ՀՈւՑ-ը կը կապէ՝ 1) Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւնները (օրինակ՝ Ֆրանսայի Հայ Ուսանողներու Ընկերակցութիւն՝ UEAF -ը եւ Արեւմտեան ափի ՀՈւԸ-երու համադաշնութիւնն՝ ALL-ASA-ը) Մանկավարժներու ընկերակցութիւնները, ինչպէս՝ Հայկական Համախոհակիցներու Ընկերակցութիւն (ASOF-ը), որ համախմբած է 135 գիտնականներ, ներառեալ՝ Նոպէլեան մրցանակի երկու դափնեկիրներ, աշխարհի 16 երկիրներէ, եւ 3) Առեւտրային ընկերակցութիւնները (բժիշկներ, փաստաբաններ, ոսկերիչներ):
Առեւտրակեդրոնները համակարգելու նպատակով «DiasporArm»-ը կը գործակցի «HyeConnect»-ի հետ, որ հայկական ընկերութիւնները իրարու կապող հարթակ է՝ միաժամանակ ունենալով ենթայանձնաժողովներ իւրաքանչիւր ոլորտի համար (բժշկութիւն, ճարտարագիտութիւն):
Մենք պէտք է զարգացնենք թուային աշխարհի ընձեռած համաշխարհային հնարաւորութիւնները եւ օգուտ քաղենք անոնցմէ՝ առիթ տալու աշակերտներու՝ Հայաստանէն, Աւստրալիայէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն, ԱՄՆ-էն եւ Գանատայէն, շփուելու իրարու հետ, իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ, ինչպէս՝ փիլիսոփայութիւն, արհեստական բանականութիւն, նանօ-արհեստագիտութիւն, եւ կապի մէջ մտնելու ձեռնարկատէրերու հետ:
«Կրթության» մեր ջանքերու մէջ՝ կարևոր է սահմանել մեր հավակնութիւններու մակարդակը: Արդեօք պէտք չէ՞ մենք, բացի հայերէն դասաւանդելէ, աշխատինք բարձրացնել մեր համայնքներուն կրթական, արժեհամակարգային եւ ընկերա-տնտեսական մակարդակը: Օրինակ առնենք Հրեաները որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան 0,2 տոկոսը, բայց Նոպէլեան մրցանակակիրներու 25 տոկոսը: Մենք հրեայ ուսանողներու «HILLEL» ընկերակցութենէն պարզապէս 99 տարի ետ ենք, որ հիմնուած 1923-ին Իլինոյի համալսարանին մէջ եւ այժմ ներկայացուած է աւելի քան 550 գոլէճներու եւ համայնքներու մէջ: Բայց եւ այնպէս մենք առաւելութիւն ունինք՝ շնորհիւ առկայ յենանիշին: Այստեղ պիտի հրաւիրեմ բոլոր թերահաւատները՝ քայլ մը կողմ քաշուելու...:
Այս նախաձեռնութեամբ եւ կիպերնային (Ciber) աշխարհի մէջ, մենք պէտք է հասնինք սփիւռքահայ երեխաներու 97 տոկոսին որոնք հայկական վարժարան չեն յաճախէր, յատկապէս «Նոր Սփիւռք»-էն՝ ցրուած Եւրոպայի տարբեր քաղաքներուն մէջ, որոնք հասակ կ'առնեն ընտանիքներու մէջ, յաճախ լաւապէս չհամակրուած տեղական համայնքային կեանքին եւ հեռու են հայկական համայնքներէն:
Մեզ անհրաժեշտ է ւրաքանչիւր համայնքի մէջ հարթակ մը՝ անկախ գոյութիւն ունեցող կուսակցական կառոյցներէն՝ եւ ոչ համադաշնութիւնէն (տե՛ս այստեղ՝ «Կեսարին տուէք...»): Հարթակը պէտք է ըլլայ պատշաճ նիւթական աղբիւրներով, կառավարուած վստահելի եւ կարող հոգաբարձութեամբ մը, ուր նուիրատուները իրենց խօսքը ունենան:
«DiasporArm»-ը կը գործակցի արդէն իսկ գործող կազմակերպութիւններու հետ, ինչպիսին է՝ Ռուսիոյ AA-ը եւ Ֆրանսայի CFA-ն եւ MA-ն: Բացի այդ՝ «DiasporArm»-ը կը քաջալերէ համախմբող կառոյցներու հիմնումը:
Ձգտումը մեծ ու հիմնարար է: «DiasporArm»-ը կը հաւաքագրէ իւրաքանչիւր համայնքի ուսանողները Սիտնիէն Լոս Անճելըս, «միսիոնարներ», որոնք առաջին հերթին կը ներգրաւեն ուսանողները, այնուհետեւ կը բացայայտեն իւրաքանչիւր համայնքի ազդեցիկ մասնագետները:
Այս ձգտումը մեծ ու հիմնարար է: Եկէ՛ք, սահմանենք մեր յաւակնութիւններուն մակարդակը եւ բարձրանանք ՄԻԱՍԻՆ:
Հաճեցէ՛ք ձեր տեսակէտները գրել ստորեւ՝ մեկնաբանութիւններու բաժնին մէջ:
Յովէլ Շնորհօքեան
Լը Ռէնսի, Ֆրանսա
29 Մարտ 2022