Ըստ ֆրանսական քրէական օրէնսգրքի՝ երբ երկրի մը տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգի տակ է, երկրին, պետութեան ղեկավարին, կառավարութեան կամ անոր կառոյցներուն նկատմամբ անհաւատարմութիւնը արժանի է որակաւորուելու որպէս մեծագոյն դաւաճանութիւն կամ յանցագործութիւն:
Ներկայիս, տարածքային ամբողջականութենէն անդին, մեր պետութեան գոյութիւնը վտանգի առջեւ է: Հայաստանի գլխէն կախուած դամոկլեան սուրը մեզ կը ստիպէ մէկդի դնելու բոլոր տարաձայնութիւնները, համախմբելու մեր ներուժը եւ զայն ի գործ դնելու մեր հայրենիքին համար:
Ի շարս այլոց՝ պէտք է սահմանուին հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
Հայաստանի ապահովութիւնը
1. Վեր հանել վտանգուած գիւղերը, հաւատք ներշնչել եւ աջակցիլ ժողովուրդին
2. Պաշտպանական գործիքներն ու գոյատեւման հմտութիւնները հասանելի դարձնել տնային տնտեսութիւններուն
3. Մարդուժ տրամադրել ծրագիրներու, կառավարել համակարգումն ու կազմակերպումը:
Ռազմավարական դիւանագիտութիւն
Հայաստան կրնայ նկատուիլ որպէս արժէքաւոր խաչմերուկ՝ նայած, թէ մենք ինչպէ՛ս կը ներկայացնենք զայն: Մէկ կողմէ՝ Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ, հաւանաբար, Ռուսիա կը ցանկան Հայաստան մը՝ որպէս անցերկիր, միւս կողմէ՝ Հնդկաստան եւ Իրան կը փափաքին հասանելիութիւն ունենալ Սեւ ծովուն եւ Եւրոպային՝ Հայաստանի ու Վրաստանի միջոցով՝ անցնելով Թուրքիայէն:
Մենք պէտք է՝
1. Ներկայացնենք գրաւիչ կէտեր մասնաւորաբար շահագրգիռ կողմերուն, որոնք կրնան օգտուիլ Հայաստանէն՝ որպէս չէզոք երկրէ, եւ տնտեսապէս նպաստեն անոր եւ դառնան խաղաղութեան վստահելի միջնորդ
2. Փնտռել ընկերութիւններ, որոնք կրնան գործընկերներ դառնալ տնտեսական նախաձեռնութիւններ իրականացնելու՝ ի նպաստ իրենց իսկ երկիրներուն:
Տարատեսակ ունակութիւններ անհրաժեշտ են վերոյիշեալ նպատակներուն համար, որոնց Սփիւռքը կրնայ նշանակալի նպաստ բերել:
Մեր նպատակն է երաշխաւորել մեր ժողովուրդին ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ պահպանելով տարածքային լիարժէք ինքնիշխանութիւն ու ապահովելով Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու ինքորոշումը:
Երկրորդ փուլին պէտք է բարձրացուի Հայաստանի վարչակազմի արդիւնաւէտութիւնը:
Մինչ մասնաւոր եւ պետական հատուածներուն միջեւ վարձատրութեան բացը ակնյայտօրէն կը խոչընդոտէ հաւաքագրելու որակաւորուած պետական ծառայողներ, վարչակազմի ապագործառոյթը կարելի է լուծել որդեգրելով կազմակերպութեան մը աշխատատիպը եւ իրականացնելով վարժընթացներ:
Մենք մեզի չենք կրնար տալ պառակտումներու շռայլութիւնը: Պէտք է հաւաքուինք, ի գործ դնենք մեր ներուժը եւ ներկայացնենք յստակ լուծումներ՝ պատրաստ միասնականօրէն գործակցելու հայրենիքին հետ:
Յովէլ Շնորհօքեան
3 Հոկտեմբեր 2022
Լը Ռէնսի, Ֆրանսա