Պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ

1942-ի ամրան Վոլկա գետի ափին գտնուող Ստալինկրատը պաշարուած էր: Գերմանական բանակը կրակ եւ երկաթ կը թափէր քաղաքին վրայ: Քանդուած ու պաշարուած քաղաքը կը դիմադրէր գրեթէ սպառած զինամթերքով: Այդ ժամանակ սովետները յոյս չունէին դիմակայելու:

Նացիստները ռմբակոծեցին ու քանդեցին Ստալինկրատը: Բայց եւ այնպէս դիմադրութիւնը կը շարունակուէր նոյն թափով: Օգնական ուժեր կը հասնէին Հարաւային Կովկասէն: Հայաստան մասնակցեցաւ պատերազմին՝ ուղարկելով հազարաւոր զինուորներ: Հայերը կը գիտակցէին Ստալինկրատը պաշտպանելու կարեւորութիւնը, քանի որ Ռուսիոյ դէմ պատերազմը նոր մտահոգութիւններ եւ վտանգներ բերաւ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Քաղաքը ռազմավարական նշանակութիւն ունէր եւ որպէս խոչընդոտ կը ծառայէր գերմանական բանակին եւ Կովկասի քարիւղահորերուն միջեւ:

18 Յունիս 1948-ին բարեկամութեան եւ չյարձակելու պայմանագիր կնքուեցաւ Նացիստական Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ: Պատերազմի առաջին իսկ օրէն Թուրքիոյ նախագահ Իսմեթ Ինոնու չէզոք դիրքորոշում դրսեւորեց: Ճարպիկ քաղաքականութեան շնորհիւ Թուրքիա հակամարտող երկու ուժերէն՝ կեդրոնական ուժերէն եւ դաշնակիցներէն զէնք-զինամթերք ստացաւ:

Ըստ հետախուզական տուեալներու՝ 26 թրքական զօրաբաժիններ մօտէն կը հետեւէին պատերազմի զարգացումներուն: Թուրքիա կը սպասէր Ռուսիոյ պարտութեան՝ ներխուժելու Հայաստան եւ հասնելու Պաքուի քարիւղահորերուն: Գիտակցելով վտանգը՝ Հայաստանի ժողովուրդը, ծեր թէ երիտասարդ, մեծ մասամբ կիներ եւ տարեցներ, խրամատներ կը փորէին եւ պատնէշներ կը կանգնեցնէին՝ որեւէ հաւանական յարձակում խափանելու համար: Ժողովուրդը կը գտնուէր «նոր Սարդարապատի» մը շեմին: «Բոլորը՝ բոլորին, բոլորը՝ հայրենիքին համար» օրուան կարգախօսն էր:

Համաշխարհային Բ. պատերազմի ամենաճակատագրական մարտերէն Ստալինկրատի ճակատամարտը աւարտեցաւ 2 Փետրուար 1942-ին, գերմանական բանակը յանձնուեցաւ, եւ թրքական սպառնալիքը վերացաւ:

Այսօր Ուքրանիոյ ճգնաժամը նոյն վտանգը կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ, ինչպէս Համաշխարհային Բ. պատերազմին «դամոկլեան սուրի» նման կախուած էր ան: Ուքրանիոյ շարունակուող պատերազմը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ տարածաշրջանին, մասնաւորաբար Հայաստանի վրայ:

Հետեւաբար, ինչպէս Ստալինկրատի ճակատամարտին, Հայաստանի դիւանագիտութիւնը պէտք է աշխուժօրէն գործէ եւ հետամուտ ըլլայ փրկելու հայրենիքը հետագայ հաւանական վտանգներէն եւ նորոգելու «Բոլորը՝ բոլորին, բոլորը՝ հայրենիքին համար» կարգախօսը:

Գրիգոր Գրաճեան

Ապրիլ, 2022
Լիբանան

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *