Ֆրանսայի հայկական սփիւռքը եւ բարեփոխումներու հրատապ անհրաժեշտութիւնը

Մինչ Արեւմտեան հասարակութիւնը զարգացաւ դէպի անկուսակցական եւ աշխարհիկ մասնակցային ժողովրդավարական կառոյցներ, նոյն այդ երկրներուն մէջ, սակայն, հայկական համայնքները պահպանեցին իրենց աւանդական կառոյցները:
Ստորեւ ներկայացուած է Դանիէլ Քիւրքճեանի յօդուածէն հատուած մը, որ կ’առաջարկէ հայկական սփիւռքի համայնքներու անհրաժեշտ հասարակական ձեւաչափ մը՝ Ֆրանսայի համայնքէն սկսեալ:


Իրավիճակը լո՛ւրջ է:

Դժուար չէ նկատել, որ սփիւռքը կառուցուած է միմիայն տեղային հիմքերու վրայ, եւ ոչ թէ՝ համաշխարհային: Չկան իրական կապեր տարբեր երկրներու սփիւռքեան համայնքներուն միջեւ, ոչ ալ համակարգման ուղեգիծ մը սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ:

Ֆրանսայի հայկական սփիւռքը, որ ինքզինք լաւագոյն կառուցուածքը ունեցող սփիւռքի համայնքներէն մէկը կը սեպէ, զգաց իր տկար կէտերը 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, ինչպէս եւ այս վերջին շաբաթներու դէպքերուն ընթացքին։

Կարողութիւնները զարգացնելու եւ ազդեցութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ է ունենալ սփիւռքի ներկայացուցչական կառոյց մը, որ իր ծածքին տակ կը ժողվէ համայնքին մաս կազմող թէ՛ անհատները, եւ թէ՛ խումբերը: Ուստի, խնդրոյ առարկայ կառոյցը պէտք է հիմնուած ըլլայ Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած Հոգաբարձուներու խորհուրդի յենքին վրայ, ով իր կարգին պէտք է ընտրէ գործադիր մարմինը:
Ժողովի օրինաւոր թուի եւ մեծամասնութեան կանոններու պահպանումը առիթ պիտի ընծայէ արդիւնաւէտ եւ ներկայանալի որոշումներ ընդունելու, որոնք կ’արտացոլեն մեծամասնութեան կամքը: Այս պայմաններուն ներքոյ նման կառոյց մը կրնայ ներկայացուցչութիւն հանդիսանալ եւ գործել որպէս Հանրապետութեան նախագահի եւ պետական իշխանութիւններու խօսակից՝ հեռու մնալով, անշուշտ, որեւէ համայնքային դիրքորոշումէ։

Այս կազմակերպութեան նպատակը պէտք է հատէ Ցեղասպանութեան ժխտման խնդրի սահմանը, եւ ընդգրկէ Հայաստանին վերաբերող բոլոր խնդիրները՝ լիակատար գործակցելով ազգային, տարածաշրջանային թէ տեղական ընկերակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն հետ:

Այս ներկայացուցչական մարմինը պէտք է ունենայ բովանդակային նպատակներ. ծրագիր մը՝ ուղղուած Ֆրանսայի մէջ հայկական ինքնութիւնը ամրապնդելու եւ յառաջդիմելու: Անիկա ոչ թէ պիտի ծառայէ լոկ որպէս սփիւռքահայութիւնը կապող օղակ մը, այլ նաեւ պիտի կարեւորէ զմեզ եւ պահպանէ մեր վարկանիշը ֆրանսական հասարակութեան մէջ։ Մէկ դարէ աւելի հայերը հիանալիօրէն ապացուցեցին իրենց ընտելացած ըլլալը ֆրանսական հասարակութեան մէջ եւ իրենց ունեցած ներդրումը Ֆրանսայի զարգացման գործին մէջ: Հանրապետութեան նախագահը ամէնամեայ ընթրիքի հրաւիրելը, երբ Հայաստանը յարձակումներու կ’ենթարկուէր, կամ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելը թերեւս կարեւոր էին, սակայն՝ հեռու արդիւնաւէտութենէ։

Երկրորդ հանգրուանին, վստահելի մարդահամարով եւ համապատասխան գործիքներով, մենք պէտք է մտածենք ժողովրդավարական ընտրութիւններու կազմակերպման մասին, որպէսզի ընտրենք մեր ներկայացուցիչները Հայաստանի մէջ։

Պէտք է քաղաքական, համակարգային թէ տնտեսական միջավայրի վրայ ազդեցութիւն ունենաք՝ համակողմանի ճնշում գործադրելով, քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուիլը խրախուսելով՝ աւելցնելու համար երեսփոխաններուն, ծերակուտականներուն ու սփիւռքի տեղային ընտրուած ներկայացուցիչներուն թիւը: Անհրաժեշտ է նաեւ աշխուժացնել Հայաստանի եւ հայկականութեան ռազմավարութեան արտացոլումը՝ ուղեղային կեդրոններու շրջանակներէն ներս՝ նոր գաղափարներ յառաջ բերելու եւ զանոնք հանրայնացնելու նպատակաւ: Անկէ զատ, հարկաւոր է՝ զինենք մենք զմեզ հաղորդակցութեան տարբեր միջոցներով եւ մեր ձայնը լսելի դարձնենք:

Ասիկա յաւակնոտ եւ իրատեսական կ’ըլլայ, եթէ մենք կամք ունենանք եւ մենք զմեզ միջոցներ ընձեռենք։ Այդ միջոցներուն ցուցակը կը գլխաւորեն դրամամիջոցներն ու արհեստավարժ անձնակազմը: Այս կազմակերպութեան գործունէութեան նուիրուած մասնագէտները, որոնք, ի դէպ, կամաւորներ պէտք չէ ըլլան, Հոգաբարձուներու խորհուրդի վերահսկողութեան ներքոյ պիտի գործեն: Անոնք պիտի կարենան ապահովել այն բոլոր արդիւնքները, զորս ողջ սփիւռքը կ’ակնկալէ:

Ինչ կը վերաբերի դրամամիջոցներուն, ապա անհրաժեշտ է կայուն պիւտճէ մը ունենալ: Այդ իսկ նպատակաւ պէտք է ստեղծենք Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամ, որպէսզի հոգայ ֆրանսայի հայկական համայնքի կարիքները: Անիկա պէտք է ըլլայ ծայրագոյնս թափանցիկ ու ապահով, եւ երաշխաւորէ հանգանակուած դրամամիջոցներու նպատակասլաց օգտագործումը:

Վերջապէս, սփիւռքի այս նոր ներկայացուցչական կազմակերպութիւնն ու անոր ղեկավարները պէտք է յստակօրէն արտացոլեն իրենց համերաշխութիւնը Հայաստանի հետ։

Ապագան բոլորիս հաւաքական պատասխանատուութիւնն է։ Պարտինք հզօրացնել մտայղացումներ ունեցող, եռանդուն մեր երիտասարդները, որոնք կը յաւակնին գործել։ Նաեւ իմ սերունդիս պարտականութիւնն է՝ խրախուսե՛լ զանոնք, որպէսզի քայլ առնեն եւ ձեռնարկեն:

Դանիէլ Քիւրքճեան
Ֆրանսահայ խորհուրդի նախագահ
www.francais-armeniens.com

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *