Արդեօք Հայաստան կը յաջողի՞ կառուցել աւելի լաւ հասարակութիւն

Գլխաւոր հարցումը այն է, թէ արդեօք Հայաստան կը յաջողի՞ կառուցել աւելի լաւ հասարակութիւն: Ամէրիկահայ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, «Ինչո՞ւ կը ձախողին պետութիւնները» (Why nations fail) հանրայայտ գիրքի համահեղինակ Տարոն Աճեմօղլուի կարծիքով՝ այս է այսօր Հայաստանի առջեւ ծառացած գլխաւոր հարցը, որուն լուծումը թոյլ կու տայ երկրին յաղթահարելու համակարգային քաղաքական, տնտեսական խնդիրները։

Մասաչուսեթսի արհեստագիտական հիմնարկի MIT-ի 54-ամեայ փրոֆեսոր Աճեմօղլուի ներկայացումով՝ Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք՝ նախորդ 30 տարիներուն նախկին ընկերվարական երկիրները երկու տեսակի քաղաքական ու տնտեսական վարքագիծ դրսեւորեցին։

Առաջին խումբին մէջ այն երկիրներն են՝ Արեւելեան Եւրոպայի ու յետխորհրդային պալթեան երեք պետութիւնները, որոնք հաստատութենական փոփոխութիւններ իրականացուցին, որոնց շնորհիւ այդ երկիրներուն համայնավարական, պիւրոկրատական վերնախաւերը լուսանցք մղուեցան։ Թէեւ որոշ անկայունութիւն յառաջացուց այս, բայց նաեւ ճամբայ հարթեց քաղաքական ու տնտեսական աւելի լաւ հիմնարկներ կառուցելու համար։
Երկրորդ խումբին մէջ նախկին ԽՍՀՄ հանրապետութիւններուն մեծ մասն են՝ կեդրոնասիական երկիրները, Ազրպէյճան, Ռուսիա, Պելառուսիա, ուր խորհրդային ժամանակներու վերնախաւերը հանդէս եկան նոր դէմքով՝ որպէս ազգայնականներ կամ անկախութեան մարտիկներ։ Այդ երկիրներուն մէջ ստեղծուեցան ազգական-բարեկամներու վրայ հիմնուած հաստատութենական կառոյցներ, տնտեսութիւնները, ընդհանուր առմամբ, վատ վիճակի մէջ են, ժողովրդավարութիւն չկայ։

Հայաստան, Տարոն Աճեմօղլուի խօսքով, աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ունէր միանալու առաջին խումբին, քանի որ քաղաքացիական հասարակութիւնը աւելի զարգացած էր, քան յետխորհրդային շատ երկիրներու մէջ, կրթուած մարդիկ աւելի շատ էին՝ շնորհիւ Խորհրդային միության տնտեսութեան աշխարհագրութեան։ Սակայն Հայաստան գերազանցապէս ընթացաւ երկրորդ խումբի ուղիով։ Նոյնիսկ 2018 թուականի յեղափոխութենէն ետք այս առումով խնդիրները կը պահպանուին, իսկ ներկայիս իրավիճակը աւելի բարդ է, քանզի Ռուսիա ընդարձակած է ջանքերը՝ կառավարելու յետխորհրդային երկիրներուն ընթացքը։

«Ժողովրդավարութիւնը որոշիչ է։ Իմ աշխատութիւններս, օրինակ, ցոյց կու տան, որ այն երկիրները, որոնք իրապէս ժողովրդավար կը դառնան, տնտեսական լուրջ խթան կը ստանան։ Սակայն ժողովրդավարութիւնը ամենեւին ալ բաւարար չէ։ Կայ երեք կարեւոր հանգամանք: Նախ եւ առաջ, երբ կառավարութիւն կ'ընտրէք, եւ ան կը սկսի գործել որպէս բռնապետութիւն, ժողովրդավարութեան ներուժն է, որ կ'ապահովէ երկխօսութիւն, փոխզիջում կը հարկադրէ տարբեր խումբերու միջեւ։ Սա կը նշանակէ զսպումներու եւ հակակշիռներու գործիքակազմ մը, որուն մասին քաղաքական փիլիսոփաները կը խօսին արդէն երեք հարիւր տարիէ։ Երկրորդ՝ հաստատութենական այնպիսի կառուցուածքի կարիք ունիք, որ հեռու կը պահէ ամբոխավար եւ ամբոխահաճ քաղաքականութենէ։ Կը կարծեմ, որ այս երկուքէն ալ անցեալին Հայաստան տուժած է։ Երրորդ՝ փորձագիտական մտքի եւ տնտեսական քաղաքականութեան կարիք ունիք, որպէսզի յառաջընթաց ունենաք տնտեսական հիմնարկներու կայացման գործին մէջ։ Տնտեսական հիմնարկները շատ կախուած են քաղաքական կառուցուածքէն։ Կը կարծեմ, որ այս երեք ուղղութիւններով նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու մէջ իրավիճակը լճացած է, սակայն, իրօք, յոյս ունիմ, որ Հայաստանի մէջ ընթացքը ուրիշ կերպ կ'ըլլայ»:

«Հաւանական է, որ մարդիկ համախմբուին, ես կը կարծեմ, որ սա է առաջին քայլը Հայաստանի համար»

«Այս բոլորը կը պահանջէ ազգային երկխօսութեան նոր տեսակ։ Սա միայն Հայաստանին չի վերաբերիր։ Տարիներու ընթացքին հիմնարկները քամելը, տարբերութիւնները շահագործելը, ամբոխավարութիւնը, ամբոխահաճ քաղաքականութիւնը, զսպումներու եւ հակակշիռներու գործիքակազմի բացակայութիւնը, որ կրնայ իրաւարարի դեր խաղալ, այս բոլորը բեւեռացուցած են երկիրը։ Օրինակ՝ Պելառուսի մէջ նոյնպէս բեւեռացուածութիւնը շատ բարձր է։ Նոյնը Ուքրանիոյ մէջ էր, մինչեւ Ռուսիոյ դէմ պատերազմը մարդիկ չհամախմբուեցան։ Հաւանական է, որ մարդիկ համախմբուին, եւ ես կը կարծեմ, որ սա է առաջին քայլը Հայաստանի համար»,- ընդգծեց տնտեսագէտը։

«Կեդրոնական կապը կ'ապահովէ քաղաքացիական հասարակութիւնը»

«Երբ կը խօսէի զսպումներու եւ հակակշիռներու գործիքակազմին մասին, իմ առաջարկած այդ գործիքակազմիս մէջ կեդրոնական կապը կ'ապահովէ քաղաքացիական հասարակութիւնը, մարդոց մասնակցութիւնը քաղաքականութեան` այսպէս ըսած, ներքեւէն վերեւ, որ թոյլ կու տայ պետութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան աւելի լաւ հիմնարկներ հիմնելու։ Մասնաւոր հատուածը այդ երկուքին՝ պետութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան մէջտեղն է։ Ան կրնայ ըլլալ տնտեսական աճի շարժիչ, կրնայ ըլլալ դրական ուժ քաղաքականութեան մէջ, բայց կրնայ եւ բացասական սոսկալի դեր ունենալ։ Թէ մասնաւոր հատուածը ի՛նչ դեր կը ստանձնէ, կախուած է քաղաքական գործիչներուն հետ իր յարաբերութիւններէն։ Պատասխանատուութեան հարց կայ։ Ճիշդ չէ ըսել, թէ սա քաղաքական գործիչներուն պատասխանատուութեան հարցն է, ո՛չ։ Հասարակութիւնը նոյնպէս պատասխանատու է, որովհետեւ դո՛ւք իշխանութեան կը բերէք մարդիկ»:

«Հայաստան ունի մարդկային վիթխարի դրամագլուխ»

«Չնայած ուղեղներու հսկայական արտահոսքին՝ Հայաստան ունի մարդկային վիթխարի դրամագլուխ, որ արհեստագիտական ոլորտին մէջ հմտութիւններու առումով աւելի յառաջատար է, քան նախկին խորհրդային շատ, գրեթէ բոլոր հանրապետութիւնները։ [Հայաստան] լուրջ կարողութիւններ ունի բարձր արհեստագիտական եւ բարձր որակաւորում պահանջող այլ ոլորտներու մէջ»,- նշեց ան։

«Սփիւռքը Հայաստանի մեծագոյն ուժն է, մեծագոյն թուլութիւնը»

«Սփիւռքի մասին... ես սփիւռքի մասն եմ, բայց ես կ'ըսէի, որ ան Հայաստանի մեծագոյն ուժն է եւ մեծագոյն թուլութիւնը։ Եթէ հայեացք նետէք այնպիսի երկիրներու, որոնք լրջօրէն շահած են իրենց սփիւռքէն եկող գաղափարներէն ու դրամէն... Հնդկաստան, Չինաստան բազմաթիւ օրինակներ ունին, թէ ինչպէս իրենց լաւագոյն ու լուսաւոր զաւակները, որոնք մեկնած էին արտերկիր, կը վերադառնան գաղափարներով՝ գիտութեան, գործարարութեան եւ նոյնիսկ հասարակութիւնները կազմակերպելու վերաբերեալ։ Հնդկաստանի պարագային կրնաք նկատել վերելքը տնտեսութեան այն ոլորտներէն ներս, ուր սփիւռքը աշխոյժ է Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան մէջ։ Անցնող տասնամեակին Չինաստանի արհեստագիտական յառաջընթացի գլխուն մեծամասամբ կանգնած էին ԱՄՆ-ի մէջ կրթութիւն ստացած չինացիները։ Սփիւռքը կրնայ վիթխարի ներուժ ըլլալ, որ դրամ, արհեստագիտութիւններ կ'ուղղէ Հայաստան։ Սակայն ան որոշ բացասական դեր ալ կը խաղայ, որովհետեւ Հայաստանի քաղաքական, միջազգային ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին այն մարդոց կողմէ, որոնք կ'ապրին Հայաստան։ Սփիւռքի վրայ չափէն դուրս յենիլը լաւ չ'ըլլար Հայաստանի ներքին զարգացումներուն համար։ Ի վերջոյ, քաղաքացիական հասարակութեան վերածնունդը կարեւոր է, որ չի կրնար եւ երբեք չէ եկած դուրսէն, ան պէտք է յառաջանայ երկրին մէջ», - ընդգծեց Տարոն Աճեմօղլու։

«Ֆինլանտա չափազանց յետամնաց երկիր էր...»

«Եթէ կ'ուզէք յաղթահարել Հայաստանի մէջ առկայ բեւեռացուածութիւնը, կը կարծեմ, ազգային ու պատմական միասնութիւնը առաւելութիւն կ'ըլլայ։ Բերեմ Ֆինլանտայի օրինակը, ուրկէ կարելի է դասեր քաղել։ Ֆինլանտա չափազանց յետամնաց երկիր էր, որ իրապէս բաժնուած էր շատ հարուստ կալուածատէրերու՝ նախկին աւատատէրերու, ազնուականներու եւ յարաբերականօրէն մարդկային ցած դրամագլուխի միջեւ։ Այդ երկիրը Ռուսիայէն եկող մահացու սպառնալիքին ներքոյ էր, որ փորձեց ներխուժել Ֆինլանտա, բայց, ինչպէս յայտնի է, ձախողեցաւ։ Ռուսիա վնասող պատժամիջոցներ կիրարկեց Ֆինլանտայի նկատմամբ՝ հսկայական ռազմատուգանք։ Չեմ կարծեր, որ ինչ-որ մէկը Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտին կ'ըսէր, թէ Ֆինլանտա կը դառնայ ժողովրդավարութեան օրինակ, տնտեսական աճի կեդրոն, բայց օգտագործեց իր մշակութային, ազգային իւրայատուկ ինքնութիւնը եւ դարձաւ այդպիսին։ Ֆինլանտա բարեփոխումներ իրականացուց, որոնք կրճատեցին վերը նշուած անհաւասարութիւնները՝ հողային, հարկային լայնածաւալ բարեփոխումներ, լուրջ ջանքեր գործադրեց արդիւնաբերութեան տարբեր ճիւղեր զարգացնելու համար, որպէսզի կարենայ վճարել ռազմատուգանքը, եւ կառուցեց օրինակելի ժողովրդավարութիւն։ Ֆինլանտա այժմ ալ կը բախի գոյութենական վտանգի։ Գոյութենական վտանգի առջեւ է նաեւ Հայաստան՝ հաշուի առնելով ներկայ իրավիճակը, երիտասարդները ընկճուելով կը մեկնին երկրէն։ Սա ժամանակ մըն է, երբ Հայաստան խաչմերուկի վրայ կանգնած է, եւ կրնայ սորվիլ Ֆինլանտայէն ու փոխել իր ընթացքը»,- ըսաւ տնտեսագէտը։

Յոդվածի հեղինակ՝ Տարօն Աճեմօղլու, հրապարակուած «Ազատութիւն»-ի կայքէջին մէջ 18 Յունիս 2022-ին։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *