Պիտի գոյատեւէ՞ հայ ժողովուրդը

Յօդուած մը՝ գրուած 1960-ի կէսերուն, որ չէ հնացած։

«Սֆի՛նքս, երեք բուրգերու եռանկիւնին մէջ խորհուրդներով բազմած Սֆի՛նքս, տե՛ս, ես Հայ եմ, հայրս Սասնոյ լեռնէն պտղունց մը արիւն դրած է երակներուս մէջ: Ես պատանութենէս կը կրեմ հայկական ցաւ մը, որ հանելուկի վերածուած է: Պիտի տեւէ՞ հայ ժողովուրդը, որ կու գայ պատմութեան վաղնջական ակունքէն, աւանդական ու քննական կոհակներով եւ ափերով: Տեւեր ենք 3.000 տարի այս պատկերով: Հասեր ենք այս օրերու ափունքին: Պիտի տեւե՞նք եւ ի՞նչպէս պիտի տեւենք»:

Համաձայն յունական դիցաբանութեան, կը պատմէ Սիմոնեան, Սֆինքսը հրաման ունէր բոլոր անցորդներուն առաջարկելու իր հանելուկը, եւ սպանելու բոլոր անոնք որոնք չէին կրնար լուծել զայն: 1966ին Սիմոնեան այցելութեամբ Կիզէ է՝ Եգիպտոս, եւ կանգնած է հսկայական Սֆինքսին դիմաց, հարց կու տայ: Թող Սիմոնեանը շարունակէ պատմել.

«Կը կենամ Սֆինքսի առջեւ, որուն քիթը կոտրած է, կարծէք կը դիտէ զիս եւ հին օրերէն մնացորդ հանելուկ մը պիտի առաջարկէ ինծի:
Բայց ես, տասնեակ տարիներէ ի վեր ունիմ ի՛մ հանելուկս եւ այժմ կեցեր եմ եգիպտական Սֆինքսին առջեւ եւ կը մտմտամ: Ու փոխանակ սպասելու որ բուրգերու Սֆինքսը ի՛նք ինծի առաջարկէ իր հանելուկը, ե՛ս, կանգնած անոր կոտրած քիթին տակ, դէպի իրիկնադէմ դիմող պահու մը մէջ, կը հարցնեմ անոր.
— տե՛ս, տա՜ս տարիներէ ի վեր կը տանջուիմ իմ հանելուկովս, եւ կը փորձեմ անով տանջել իմ հին ու նոր բարեկամներս, հեռաւոր ու մօտաւոր ընկերներս, սիրելի Ռամկավարները, եղբայրական Պոլշեւիկները, հարազատ Հնչակեանները եւ արիւնակից Դաշնակցականները. բոլորին հետ զատ-զատ, ժամանակ առ ժամանակ գօտեմարտութեան մէջ եմ, եւ յաջորդ մարտապահերուն ի՜նչ անակնկալներ կը սպասեն բոլորին՝ ի տես եւ ի լուր չլուծուող հանելուկիս…:

Նայէ՛, Սֆի՛նքս, ես 24 տարի (1930-1954) պատանութենէս մինչեւ քառասուն տարիքս, հաւատացի որ հայ ժողովուրդը պիտի տեւէ միայն ու միայն Սովետական Հայաստանով, Սովետական բազմազգ պետութեան մէջ, սոցիալիստական եւ դէպի կոմունիզմ դիմող իրաւակարգին տակ: Ու մէ՛կ անգամ, 1954 թուին, քառասուն տարեկանիս, այցի գացի Սովետական Հայաստանը, վեհափառ Մասիսներու շողերուն եւ սովետական ծիրանիին տակ: Ա՜խ, խախտեցաւ հաւատքս, ինչպէս առաջին սիրահարի սէրը առաջին սիրականէն, որ արդէն վաստակաւոր ընկեր էր դարձեր կեանքի:
Ու 1954 թուականէն ի վեր, հանելուկը կը տանջէ զիս. — Պիտի տեւէ՞ հայ ժողովուրդը եւ ինչպէ՞ս պիտի տեւէ: Միայն Հայրենիքով պիտի չտեւէ, միայն կրօնքով պիտի չտեւէ, միայն դրօշակներով պիտի չտեւէ, — կ'ըսէ կասկածի սկիւռը, թառած՝ հոգիի ճիւղքին:
Սֆի՛նքս, ի՞նչպէս պիտի տեւէ հայ ժողովուրդը: Տե՛ս, կտոր-կտոր եղած ենք, եւ չենք տեսներ ճշմարտութիւնը: Երէկ գիշեր «ԱՐԵՒ» օրաթերթը կը կարդայի, լուրերու բաժնին մէջ կ'ըսուէր թէ Անտոն Քոչինեանը 23րդ Համագումարին յայտարարած է թէ չորս տարուան ընթացքին՝ 1963-66` 7.000 հայեր ներգաղթեր են. մինչդեռ այդ չորս տարիներու ընթացքին արեւելքի այս ափերէն տասնեակ հազար Հայեր արտագաղթեր են Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա, իսկ Սովետ. Հայաստանէն ուր 7.000 Հայեր ներգաղթեցին, տարին 20-30.000 Հայեր կ'արտագաղթեն դէպի սովետական սփիւռքի զանազան կողմերը:

Սֆի՛նքս, ըսէ՛ ճշմարտութիւնը, լուծէ՛ հանելուկս, դուն որ սովոր ես միայն հանելուկ առաջարկելու, լսէ եւ լուծէ հանելուկս: Ես Սֆի՛նքս եմ Սֆինքսի առջեւ:
Ես սոցիալիստ եմ, Սֆի՛նքս: Բայց, տես, կոտրած քիթով, կնոջ գլուխով եւ առիւծի մարմնով, խորհո՛ւրդ, խորհուրդ խորին ժամանակներու հասած Սֆինքս, մեր ժողովուրդը կռունկներու պէս երամ-երամ խոյս կու տայ ուր որ սոցիալիզմը մակընթացութիւն կ'ունենայ: Չէ՞ որ ես հաւատացած էի որ սոցիալիզմով պիտի փրկուի մեր ժողովուրդը: Սոցիալիզմի ալիքները ինչո՞ւ կը քշեն մեր ժողովուրդը՝ նաւաբեկեալ նաւու մը բեկորներուն պէս:
Ըսէ՛, Սֆի՛նքս, պիտի տեւե՞նք, եւ ի՞նչպէս պիտի տեւենք…:» («Սփիւռք» Պէյրութ, 26 Մայիսի 1966, էջ 2):

Պարոն Սիմոնեան, մի մտահոգուիք, հայ ժողովուրդը պիտի գոյատեւէ:
Պիտի մեռնի, պիտի վեր յարնի, Փիւնիկի մը նման իր մոխիրներէն.
Պիտի գոյատեւէ...:

Ամբողջական յօդուածը այստեղ կրնաք կարդալ հայերէնով։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *