Ստորեւ այն ազգային բազմազան հարցերը՝ ոմանք մօտալուտ, ոմանք խիստ կարեւոր արծարծուած պարոն Շնորհօքեանի՝ «Սիվիլնեթ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Սփիւռքը գոյութիւն չունի որպէս մտածող միութիւն: Չկայ ոչ մէկ միասնական մարմին, որ իր վրայ կը վերցնէ պատասխանատուութիւնը կարեւոր հարցերու, ինչպիսին է՝ ցեղասպանութեան ճանաչումը, որը ըստ վարչապետի առաջարկին՝ մենք, այլ խօսքով՝ Սփիւռքը պէտք է ստանձնենք: Կարեւոր է համախմբուիլ, սահմանել օրակարգ՝ առաջնահերթութիւններով եւ ժամանակացոյցով, հաշուի առնելով անհրաժեշտ միջոցները: Թեմաներ, ինչպիսիք են՝ Երուսաղէմի մէջ հայկական կալուածներու պաշտպանութիւնը, Միջին Արեւելքի մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող համայնքներու ճակատագիրը, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն առաջ 600.000 հայ հաշուող համայնքի հարցը, կը քննարկուին առանց որ ոչ ոք պատասխանատուութիւն ստանձնէ:
Երեսուն տարի առաջ ժողովրդավարութիւնը ներկայացուցչական էր: Մարդիկ կ'ընտրէին ներկայացուցիչներ, որոնք որոշումներ կը կայացնէին: Համացանցի դարաշրջանին մարդիկ հակուած են մասնակցային ժողովրդավարութեան, ուր քաղաքացիական հասարակութիւնը ինքն իր պատասխանատուն է: Սա է համաշխարհային թեքումը: Հայկական Սփիւռքի պարագային անհրաժեշտ է ունենալ փոխ-յարգանք եւ համագործակցութիւն աւանդական հաստատութեանց եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ: Կարելի չէ անտեսել քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ անոնք, որոնք չեն ընդգրկուած այդ հաստատութեանց մէջ, մասնաւորաբար երիտասարդները: Միւս կողմէ՝ աւանդական հաստատութիւնները կենսական նշանակութիւն ունին Սփիւռքի մէջ: Սփիւռքէն հանեցէ՛ք եկեղեցիները, ՀՅԴ-ն եւ ՀԲԸՄ-ը եւ տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ կը մնայ:
Փարիզի մէջ 18-19 Յունիս 2022-ին Սփիւռքահայերու կլոր սեղանը (DARTDART) համախմբեց 31 անկախ հայեր ութ տարբեր երկիրներէ, որոնք նստեցան մէկ սեղանի շուրջ, հաւասար աթոռներու վրայ՝ քննարկելու վերոյիշեալ հարցերը՝ առանց Սփիւռքը ներկայացնելու յաւակնութեան:
Մասնակիցներուն մտահոգութիւններն էին հայութեան մէջ կործանարար բաժանումները ի սփիւռս եւ ի հայրենիս, ինչպէս նաեւ ինքնավստահութեան եւ յոյսի կորուստը: Մարդիկ կորսնցուցած են իրենց ուղենիշները:
Ֆրանսացի Լուի 14-րդ թագաւորը նշանակած էր հայ Մարքարա Աւանչինզը նախագահ Ֆրանսայի արեւմտահնդկական ընկերութեան, որ կը զբաղէր թանկարժէք քարերով: 12-րդ դարէն ի վեր հայերը յայտնի եղած են իբրեւ վստահելի ամբողջ Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ: Հնդկաստանի մէջ մեզ հայ վաճառական իշխաններ կոչած են: Նման իշխաններէն վերջինը Լորտ Փոլ Չաթերն էր, որ որ Հոնկ Քոնկի «ճարտարապետն» էր ու մեծ բարերար: Մեծ անկում կրած ենք: Մեր քաղաքական դասը՝ ներառեալ կառավարութիւնը եւ ընդդիմութիւնը, վարկաբեկուած է:
Վերջին պատերազմը կորսնցուցինք ոչ միայն 44 օրերուն, այլ նաեւ նախորդող տասնամեակներուն: Արցախը աւելի մեծ էր Լիբանանէն, սակայն ունէր 150.000 բնակիչ ի դէմ Լիբանանի 6 միլիոնին: Մենք թոյլ տուինք, որ միլիոնաւոր հայեր հեռանան եւ կառուցեն Ռուսիան՝ փոխանակ զանոնք պահելու ջուրով ու հանքերով մեր հարուստ հողին վրայ: Մեր պարտութիւնը ռազմական ըլլալէ առաջ ժողովրդագրական է: Մերը որակեալ ղեկավարութեան եւ, աւելի լայն առումով, արժէքներու կորուստ էր:
Կարեւոր է վերականգնիլ: Այդ մէկը կարելի է բաժանուած կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն ու վստահութիւն հաստատելով: Ունինք մեծ տարաձայնութիւններ, տարբեր մակարդակներու վրայ վստահութեան ու համագործակցութեան պակաս, օրինակ՝ Հայաստանի կառավարութեան եւ Սփիւռքի, Բաղրամեանի եւ Էջմիածնի, կառավարական տարբեր հաստատութիւններու, Արեւմտեան Սփիւռքի երկու բեւեռներուն՝ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՅԴ-ի, աւանդական ու նոր Սփիւռքներու միջեւ, ինչպէս նաեւ նախապաշարումը սփիւռքահայու եւ հայաստանցիի միջև:
Պէտք է կառուցենք կամուրջներ՝ կառավարութեան ու ընդդիմութեան միջեւ ստեղծելով երկխօսութեան հող՝ զանոնք դուրս բերելու առկայ փակուղիէն:
Մեր հարեւանները դիւանագիտական կարեւոր դեր կը խաղան Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ: Կրնա՞ն հայերը նման դեր խաղալ: Անշուշտ: Ունինք բարձր մակարդակի դիւանագէտներ, որոնք սերտ կապեր ունին Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի ու Ռուսիոյ կառավարութիւններու հետ: Սփիւռքահայերու կլոր սեղանին քննարկեցինք Եւրոպայէն, ԱՄՆ-էն ու Ռուսիայէն հայրենիքին ծառայող դիւանագէտներու աշխատանքային խումբի ստեղծումը: Սակայն այսպիսի խումբ մը նշանակութիւն չ'ունենար, եթէ ան կապեր չհաստատէ կամ հրահանգները չստանայ կառավարութենէն: Կը մնայ հաղորդակցիլ կառավարութեան հետ:
«ՄԵՆՔ» բոլորս ունինք ինքնագնահատում, արժանապատուութիւն: Միայն մենք ունեցած ենք Դաւիթ Անյաղթ, Շիրակացի, Ալիխանեան: Մենք հիմնած ենք Թումօ եւ Լոռի ՍՄԱՐԹ կեդրոնները: Սակայն վերջին պատերազմին նկատեցինք, որ «Պայրաքթար» յղացողը կամ արտադրողը մենք չէինք: Մեր արժանապատուութեան հետ միասին պարտինք քիչ մը խոնարհութիւն ունենալ: Մենք իրարու պէտք ունինք:
Սփիւռքահայերու կլոր սեղանը ինքնին յաջողութիւն էր․ ան ի մի բերաւ մարդիկ՝ տարբեր երկիրներէ ու քաղաքական հոսանքներէ: Մասնակիցներու շարքին էին հիմնադիրներ կամ նախագահներ հասարակական չորս գլխաւոր կազմակերպութիւններու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հայրենիքին իր նպաստը կը բերէ միլիոնաւոր տոլարներով:
Սփիւռքահայերու կլոր սեղանը կազմակերպութիւն պիտի չդառնայ: Որեւէ գրանցում պիտի չունենայ եւ ծրագիրներ պիտի չիրականացնէ: Ան պարզապէս կամուրջ պիտի հանդիսանայ ազգի տարբեր հատուածներուն միջեւ՝ քաջալերելով երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը:
Մենք միասին պիտի կառուցենք խոնարհութեամբ ու յարատեւութեամբ:
Սեղմեցէ՛ք այս յղումին վրայ՝ հարցազրոյցը դիտելու համար՝
4 Օգոստոս 2022