Մենք՝ հայերս, նոյն կաթսային մէջ խառնած ենք քաղաքականութիւնը, կրօնը եւ հասարակութիւնը: Մեր «քաղաքական» կուսակցութեանց ղեկավարները եկեղեցւոյ ղեկավարներուն հրահանգ կու տան, իսկ վերջիններս քուէարկութեան առաջարկներ կ'ընեն: Մինչդեռ անոնք, որ կը ձգտին ղեկավարելու ժողովուրդը, իրենց ամենակարեւոր պարտաւորութիւնը, որ է՝ համայնքի ղեկավարումը, չեն կատարեր:
Արեւմտեան ափի Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւններու համադաշնութեան նախագահ (ALL-ASA) Վահէն հարցուց. «Ինչպէ՞ս կրնանք ի բնէ խանդավառել այն անհատները, որոնք ներգրաւուած չեն»:
Կայ ձեւ մը. արձագանգելով ուսանողին կարիքներուն, անոնց վստահեցնելով, որ համայնքը կը հոգայ եւ կ'աջակցի իրենց:
Զարմանալիօրէն մենք՝ որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգ, չենք լսած «Ինչ որ Կեսարին է՝ Կեսարին, ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ» պատգամը, մինչդեռ մեր հրեայ եղբայրները ոչ միայն լսած են, այլ նաեւ գործադրած են զայն:
Այսպէս՝ Ֆրանսայի հրեայ համայնքը ունի թեմական հոգեւոր մարմին, Հրէական հաստատութիւններու ներկայացուցչական խորհուրդ եւ Հրէական ընկերային միացեալ հիմնադրամ, որոնք համապատասխանաբար կը զբաղին համայնքի կրօնական, քաղաքական ու ընկերային հարցերով:
Մենք՝ հայերս, բոլորը մէկ կաթսայի մէջ դրած ենք: Մեր «քաղաքական» կուսակցութեանց ղեկավարները հրաման կու տան եկեղեցւոյ, իսկ մեր եկեղեցին քուէարկութեան առաջարկներ կ'ընէ ինչպէս հայկական, այնպէս ալ տեղական ընտրութիւններուն, մինչդեռ անոնք, որ կը ձգտին ղեկավարութիւնը ձեռք առնելու, իրենց ամենակարեւոր պարտաւորութիւնը, որ է՝ ապահովել համայնքի տնօրինութիւնը, չեն կրնար կատարել:
Ահա թէ ինչու վերջին 50 տարիներուն, ունենալով իրարանման համայնքներ՝ թիւի առումով, Ֆրանսայի հրէական դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը 500-էն հասաւ 32 000-ի, իսկ հայկական դպրոցներունը՝ 500-էն 1400-ի:
Այնուամենայնիւ, մենք որոշ աշխուժութիւն կը նկատենք մտաւորականներու եւ աքթիւիստներու կողմէ, որոնք նման խորհուրդներ հաստատելու տեսլականը ունին: Շարք մը կազմակերպութիւններ արդէն կը ծաղկին տարբեր երկիրներու մէջ:
Հայկական համագումարի (ՀՀ) նախագահ պարոն Վահէ Ենգիբարեան հպարտութեամբ կը նշէ, որ իր ոչ-առեւտրային կազմակերպութիւնը ապաքաղաքական է: Համագումարը կ'աջակցի Հայաստանի, Սփիւռքի մշակութային, կրթական ու գիտական նախաձեռնութիւններուն: Ան իր ձեռքը առած է համայնքի ղեկավարութիւնը: Ի շարս այլոց՝ կազմակերպութիւնը հովանաւորած է 18-ամեայ դաշնակահարուհի եւ ապագայ աստղ Եւա Գրիգորեանը:
Ամէն բան այնքան ալ հարթ չէ ամէնուր:
Անցեալ տարի Աթէնքի մէջ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման երկու տարբեր միջոցառումներ կազմակերպուեցան երկու հակադիր «կուսակցութիւններու» կողմէ: Յոյն պաշտօնատար մը մեր սրբազանին հարցուց, թէ ո՛ր մէկուն պէտք է ներկայ գտնուի:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան բաց նամակ մը յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ ըսելով, որ պարոն Սինանեանը հիւրընկալելու իրենց պայմանը՝ ՖԿՀԽ-էն բացի ուրիշ խումբերու չհանդիպիլն էր: Եւ քանի որ յանձնակատարը այլոց հետ ալ հանդիպում ունեցաւ, ՖԿՀԽ-ը չեղարկեց իր առաջարկը:
Պարոն Թորանեան նկատի ունէր «Հայկական շարժում»-ը, որ կը ջատագովէ ժողովրդական խորհուրդի ստեղծումը (մինչդեռ ՖԿՀԽ-ը կազմակերպութիւններու համադաշնութիւն է), իսկ Ֆրանսահայ խորհուրդը (ՖԽ) լուրջ ծրագիր մը ունի, որով պիտի ստանձնէ համայնքի ընկերային, կրթական, մշակութային ու տնտեսական տնօրինումը:
ՖԿՀԽ-ը քաղաքական մեծ յաջողութիւն արձանագրեց երկու տասնամեակի ընթացքին. իր աշխոյժ գործունէութեան շնորհիւ Ֆրանսայի վերջին չորս նախագահները այցելեցին Հայաստան, անոնցմէ ոմանք՝ մի քանի անգամ, ինչը եզակի ձեռքբերում է Սփիւռքի մէջ: Ակնյայտ է, որ նոր կազմակերպութիւններու ուրուականը վրդոված է ՖԿՀԽ-ը. ներհամայնքային հարցերը դուրս եկած են ֆրանսահայ շրջանակէն՝ վարկաբեկելով կազմակերպութիւններն ու վնասելով համայնքին:
Այս ծիրէն ներս կարեւոր է համայնքի համախմբել համայնքի յարգուած, անձնուրաց ու ոչ-ներգրաւեալ մտածողները, որպէսզի հիմնեն բարոյական իշխանութիւն մը, որ պիտի սահմանէ օրէնքներ, ինչպէս նաեւ մատնանշէ այն կարմիր գիծերը, որոնք պէտք չէ հատել: Արդարեւ, մենք չենք կրնար պատկերացնել, որ Հրէական հաստատութիւններու ներկայացուցչական խորհուրդը, որ ՖԿՀԽ-ի հրէական համարժէքն է, հրապարակաւ որպէս կաշառակեր պիտակաւորէ Իսրայէլի վարչապետը, նոյնիսկ եթէ վերջինս դատարանը յայտնուի նոյնինքն այդ յանցանքին համար:
Նկատի ունենալով, որ «մարդ չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել»՝ թող մեր եկեղեցականները Խօսքը քարոզեն Աստուծո՛յ տաճարին մէջ, իսկ կրթիչներն ու ընկերային աշխատողները իրենց առաքելութիւնը իրականացնեն ազգի տաճարին մէջ, եւ անոնք, որ ներգրաւուած են քաղաքականութեան մէջ, թող իրենց քարոզարշաւը տանին ֆրանսական քաղաքական կուսակցութիւններու ծիրէն ներս, իսկ հայկական քարոզարշաւները՝ Հայաստանի սահմաններուն, Աստուծոյ եւ ազգի տաճարները մաքրելով Սփիւռքը թունաւորող վէճերէն:
Խորհրդականներու խորհուրդի առաջնահերթ նպատակը պէտք է նաեւ գնաահատէ համայնքի կարիքները, հիմնէ հիմնադրամ մը, որ ըլլայ թափանցիկ, կառավարուի վստահելի խորհուրդի մը կողմէ, ուր նուիրատուները իրենց խօսքը ունենան, սահմանուի օրակարգ մը եւ ժամանակացոյց մը:
Հեռու Hôtel Collectionneur-ի շքեղ սրահներէն, ուր տեղի ունեցաւ ՖԿՀԽ-ի ընթրիքը 8 Փետրուար 2022-ին, Ֆրանսայի հիւսիսային Լիլ քաղաքի միակ հայկական «հաստատութիւնը», որ «Արեւ» մթերային խանութն էր, վերջերս փակուեցաւ: Քաղաքը կը հաշուէր 500 հայ ընտանիք:
Ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենան Լիլ եւ Ֆրանսայի միւս համայնքները ապրող հայ պատանիները, որոնց ծնողները Հայաստանէն արտագաղթած են 1990-ականներուն եւ յաճախ լաւ համարկուած չեն:
Մենք Ֆրանսայի մէջ ընդամէնը մէկ ազդեցիկ քաղաքական գործիչ ունէինք, որ ելեւմուտի նախարար հանգուցեալ պարոն Փաթրիք Տեւեճեանն էր: Յառաջիկայ 20 տարիներուն այսպիսի քանի՞ քաղաքական գործիչ պիտի ունենանք, եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ազդեցութիւնը Ֆրանսայի մէջ:
Մենք ալ պիտի հովանաւորե՞նք ապագայ աստղերը Ֆրանսայի մէջ, ինչպէս Հայկական համագումարը՝ Ռուսիոյ:
«Ինչպէ՞ս կրնանք ի բնէ խանդավառել այն անհատները, որոնք չեն ներգրաւուած»:
Վերոնշեալները հարցումներ են, որոնք պէտք է մեր օրակարգին վրայ ըլլան:
Յովէլ Շնորհօքեան
Լը Ռէնսի, Ֆրանսա
1 Մարտ, 2022