Search
Close this search box.

Իմ սիրուն Երեւան

Կրկին Երեւան կը գտնուիմ: Այս անգամ, ուրախ առիթով՝ ընկերոջս հարսանիքին ներկայ գտնուելու: Որոշեցի երկու օր աւելի կենալ, քաղաքը վայլել:

Կրկին Երեւան կը գտնուիմ: Այս անգամ, ուրախ առիթով՝ ընկերոջս հարսանիքին ներկայ գտնուելու: Որոշեցի երկու օր աւելի կենալ, քաղաքը վայլել:

Առտուայ հինգին կը հասնիմ: Է՜հ, Եւրոպական ընկերութիւնները մեր խեղճ ժողովուրդին կը տրամադրեն թռիչքներ՝ առտուայ փոքր ժամերուն: 0րուան ընթացքին, եւրոպական օդանաւերը կը թռչին դէպի ուրիշ, ուրիշ մակարդակի երկիրներ: Սենեակս պատրաստ չէ, այնպէս որ կը գտնուիմ Զապէլին բնակարանը, Երեւանի կեդրոնէն մի քանի քիլօմեթր դուրս: Հոս իսկական Երեւանն է: Շէնքի մուտքին, ահռելի հոտ մը կը տիրէ: Այս թաղին մէջ, աղբերը շաբաթը մէկ անգամ կը հաւաքեն: Ոչի՛նչ: Լաւ կը զգամ, Հայաստանն է, մերն է: Սովետական շրջանին բարձրունքի վրայ շինուած շէնքի եօթներորդ յարկի, հաճելի բնակարանին ոտքին փռուած է սաղ Երեւանը: Ննջասենեակի պատուհանէն անմիջապէս կ՛երեւի Ամերիկեան համալսարանը, քիչ մը անդին, Քասքատը. Աւելի անդին, Արարատը: Ի՜նչ զգացում: Առաւօտեան կապոյտ՝ ջինջ երկինքը, չոր օդը, շէնքի անմիջապէս կից երեւանեան հին՝ պարտէզով տուներու աքլորներու լուսաբացի այգը, ինծի Շթորան կը յիշեցնեն:

Թումանեանի վրայՄեր Թաղըճաշարանին առջեւէն կ'անցնիմ. Փարիզէն Ֆրանսահայ բժիկներու միութեանԱրթիւրն է. Նստած բարեկամի մը հետ հաց կ'ուտէ: « Դա՛նօ, եկուր, նստիր»: Կը նստիմ: Այնթապի Լէհմէճիւն, Սու Պէորէք, Իչլի քէոֆդէ, թան. Արքայութիւն: Արթիւրը եկած է Սպիտակի նոր բացուելիք Ատամնաբուժարանի կահ կարասին, բժշկական պիտոյքը, տեղաւորելու, կազմելու, ճշդելու. Տեղադրելու՝ պէտք եղած ձեւով, Եւրոպական բծախնդրութեամբ: Մէկ ամիսէ, գործ, տուն, տեղ, ընտանիք, նորածին թոռնիկ ձգած, հոս է: Կը պատմէ տասնամեակներով՝ դէպի հայրենիք իր նախկին առաքելութիւններուն մասին, սկսած երկրաշարժի տարիէն: Որքան գոհ է հոս ըլլալուն, ըրած գործին համար: Այս երկրորդ սերունդի, իր թերի հայերէնին համար մեր՝ Պէյրութցիներու դատումով «կէ՛ս» հայը, որքան հայրենասէր է, որքա՜ն. Ինձմէ որքա՛ն աւելի գործ ըրած է:

Աբովեանի վրայով կ՛իջնեմ դէպի հրապարակ: Դիմացէս եկողը Սագո՞ն է: Ի՞նքն է թէ ինքը չէ: Ինքը չէ՛: Ամա՜ն, այս միւսը որքան Շահէին կը նմանի: Մարիոթի մուտքին Տիկին մը հեռաձայնով կը խօսի « Նայէ Ճանիկս, հիմա Երեւան եմ...»: Անպայման, Պէյրութցի ըլլալու է: Տարօրինակ՝ շատ հաճելի հարազատութեան զգացում մը. Որպէս թէ փողոցը, քաղաքը, ամբողջ տիեզերքը մերը ըլլար. Ամէն տեղ մենք զմեզ մեր տունը կը զգանք: Յանկարծ՝ շէնքէն դուրս կու գայ Վահէն.«Հա՛, Դանօ, շատ ուրախ եմ քեզ տեսնելուս. Գրութիւններդ կը կարդամ. Շատ լաւ կ՛ընես գրելով, բայց Սփիւռքը դատապարտուած է. Եթէ բան մը ընել կ՛ուզես, ել, եկուր հոս հաստատուիր» . . . Անցեալ շաբաթ, երբ եղբօրս աղջկան հետ սուրճ կը խմէինք Փարիզ՝ Քաֆէ տը լա բէան ըսաւ - «Զարմիկներուս ամուսիններուն ազգութիւններու հաւաքածոն շատ հետաքրքրական է - Նոր Զելանտացի, Ճաբոնցի, Չինացի, Լիբանանցի, Հրեայ, Ֆրանսացի, Շվետացի, Ամերկացի. Ութին մէջ երկու հատ ազգակից չկայ»: Որքա՜ն հետաքրքրական:
Vaheeee . . .

Մարիոթ՝ նախաճաշի հանդիպում ունիմ: Զարմիկս Յովանը՝ «Վերի Արտէն», մտաւորական ընտանիքէ՝ Սասունցի Յովհաննէս Սիմոնեանի թոռն է: Էքզէքիւդիվ լաունճ յատուկ՝ սրահը հազիւ մտած եւ սեղան չ՛նստած, մեր ձախ կողմի սեղանէն երտասարդ մը վզիս կը փաթթուի ողջագուրուելու: «Յիշեցի՞ր զիս, Վարդգէ՛սն եմ, Ոսկեբերանին տղան. Պէյրութ, գիւղը՝ Խնշարա դրացի էինք. Եթէ չես յիշեր, նորմալ է. Ես այն ատեն ութը տարեկան էի. Դուն տասնըութը ըլլալու էիր. Արդէն կը քշէիր»: Անշուշտ կը յիշեմ պարոն Ոսկեբերանը, տիկին Շաքէն, իրենց մեծ աղջիկը Լալիկը՝ որ իր այդ անունով, հաւանաբար Ապրիլ 24ին ծնած ըլլալու էր: Վարդգէսը կը շարունակէ պատմել թէ որքան տպաւորած էի զինք իմ քաջագործութիւններովս, հասակովս, կը պատմէ որ որքան գեղեցիկ էի այդ ժամանակ: Աջ կողմի սեղանէն տիկին մը, որ մինչ այդ իր Այ Բատին վրայ իմէյլները կը կարդար, ժպիտով մը կը միջամտէ «Հիմա ալ պակաս բան մը չ'ունի»: «Ներողութիւն տիկին, ուրկէ՞ էք» կը հարցնեմ: Շողերը Աւստրալիայէն է: Անկէ առաջ Պէյրութէն, մեր քաղաքի Հայ Սքուլէն հօրեղբօրս աղջկան՝ Ռիթաին դասընկերուհին. Անկէ առաջ Կիւրինցի է, դուստրը հռչակաւոր բանաստեղծ Վահէ Վահեանիոր տարի մը մեր հայերէնի ուսուցիչը եղած էր: Ի՜նչ փոքր աշխարհ է: Միւս սեղաններէն ուրիշներ խօսքի կը միանան: Բացառիկ երեւոյթ մը բաղդատելով աշխարհի բոլոր Մարիոթներուն. Սակայն հոս՝ Երեւան, միշտ այսպէս, մթնոլորտը բացառիկ կ՛ըլլայ: Անու՜շ Հայաստան . . .

Տասնըհինգ վայրկեանէ ոտքի եմ, սուրճին հոտը հոգիս կը քաշէ. Անօթութիւնէս սիրտս կ'անցնի: Վերջապէս հաց, պանիր, լօլիկ ձիթապտուղ կ'առնեմ. Ասոնց հետ թէյը աւելի լաւ կ'երթայ: Թէ՛յ կ՝առնեմ: Հաւկիթ մըն ալ կ՝ապսպրեմ: «Ինչո՞վ կ'ուզէք»: «Սոխ, սունկ, ազատքեղ»: «Ազատքե՞ղն որն ա»: «Կանաչի» կը միջամտէ Յովանը: Յովանին կը բողոքեմ. Կանաչին ընդհանրական բառ է: Յովանը կը բացատրէ որ հայրենի ժողովուրդը ազատքեղին համար յատուկ բառ չ'ունի, ընդհանրապէս Ռուսերէն փէդրուշքա բառը կը գործածեն: Հայաստան անցեալ այցիս, մինչ Յարութի հետ էի, գրեթէ կռուի ինկայ Հայաստանցիի մը հետ: Չէր հասկնար թէ ստեպղինը ինչ էր. Այդ բան մէ չէ. Կը պնդէր որ «Կազար»ը հայերէն բառ էր: Գացինք, բառարան բացինք. «Իրենց» բառարանին մէջ իսկապէս կազար գրուած է . . . :
Յովանին հետ շատ խօսելիք ունէինք, չկրցանք խօսիլ, յաջորդին ձգեցինք. Խօսքի մէջ միայն ըսաւ «երկրի պարպուելու Խուճապային ընթացքը գլխապտոյտ կը պատճառէ: Անցեալ ամառ մէկ ամիս հոս մնացի. Այս գալուս, հին աշխատաւորներէն որուն մասին որ հարցնեմ, պատասխանը ՝Արտասահմանում է՛ կ՛ըլլայ. Գաւառացիներուն մասին չեմ խօսիր, որ Մոսկուայ Ասֆալդ կը թափեն. Ասոնք շէնքով շնորհքով, լեզու գիտցող, գործ ունեցող տղաք էին. Երկրի ապահովութիւնը լուրջ կերպով վտանգուած է. Վաղը Աստուած չ՛ընէ եթէ կրկին պատերազմ ըլլայ, երկրին մէջ զէնք բռնող պիտի չ՛ըլլայ»:
Յանկարծ Արմէնը կը զանգէ «Լսեցի հո՛ս ես. Հանդիպինք»: Չե՛մ կրնար. Վերջին օրս է: Կը պատմէ որ «Գործերը ահաւոր վատ են: Ժողովուրդին ձեռքը դրամ չկայ: Խանութներու ամսական ծախքի գումարը չի հէրիքիր վարձքերը եւ աշխատավարձքերը վճարելու: Հիմա տակաւին օդերը լաւ են, երկիրը թուրիսթ կայ. Թէկուզ հոս՝ Տալմա Մոլչ՛գան, դրամ կը ծախսեն, ժողովուրդին ձեռքը դրամ կ'անցնի: Ձմեռը իմչպէս պիտի անցնենք, կամ եթէ պիտի անցնենք, չեմ գիտեր. Հիմա անմիջապէս երկու խանութներէս մէկը պիտի փակեմ. Հինգ պաշտօնեաներէս երկուքը գործէ պիտի արձակեմ: Չեմ կրնար դիմանալ»:

Թուղթ առ իշխանաց հայոց

Հազիւ Մարիոթէն դուրս կու գամ, պատահմամբ Արէնին կը Հանդիպիմ: Արէն Պոլսոյ մէջ, 100 ոսկերիչի մարդուժ ունեցող գործատեղի մը ունի, կ՛արտադրէ արծաթէ զարդեղէններ, կը մասնակցի Հոնգ Քոնկի, Տուպայի, Լաս Վէկասի եւ այլ ցուցահանդէսներու. Կ՛արտածէ ամբողջ աշխարհ: Հարցուցի իր Հայաստան բացած նոր գործատեղիին մասին, թէ քանի աշխատաւոր ունէր, գործերը ինչպէս կ՛ընթանային: «Շա՛տ լաւ» ըսաւ, եւ շարունակեց «Տաճիկին մէկ տարիէն սորվածը, հոս երեք ամիսէն կը սորվին: Քիչ մը դժուարութիւններ ունիմ: Ֆրանսայէն քանի մը քիլօ արծաթ բերի, մաքսայինը երեք ամիս ապրանքս բռնեց, չձգեցին որ արծաթը դուրս հանեմ. Ես ամէն ինչ օրէնքով կ՛ուզեմ ընել. Հազա՛ր տուրք կու տամ քան հարիւր կաշառք: Ես ալ երեք ամիս անգործ աղջիկներուն ամսականը տուի: Անիկա հարց չէ. Կու տամ, բայց կ՛ուզէի որ աւելի շուտ յառաջ երթային: Իր կողքէն Էֆրիմը մէջբերեց, «Նայէ՛ Դանօ, մենք հոս դրամ շահելու չենք եկած. Եկած ենք օգնելու. Կը սպասենք. Կը փոխուի»: Կը փոխուի՞. Անկասկած. Եթէ ճիշդ ուղղութեամբ յառաջանաք: Իրենք՝ ամէնայն դէպս կը սպասեն: Ուրիշները ձգեցին ու գացին, բայց իրենք կը սպասեն: Առ ի տեղեկութիւն արեւմտեան Սփիւռքի Այադոլլաներէն անոնց, որոնք ինչեւիցէ պատճառաւ կը մրոտեն Թուրքիա մնացած հայերը, աշխարհի ամենէն ազգասէր հայերը Պոլսահայերն են: Անոնք այնքան ըկնճուած են տասնամեակներ շարունակ, որ Հայաստանը իրենց համար ծառաւէն մեռնողին համար ջուրին պէս է: Յիսուն հազար հաշուող գաղութին մէջ 16 դպրոց ունին, որոնցմէ նուազագոյնին տարեկան ծախսը մէկ միլիոն տոլար է: Եւ ոչ միայն իրենք իրենց դպրոցներուն կը հոգան, առանց մէկու մը ձեռք երկարելու, այլ պէտք եղած ատենը ուրիշ գաղութներուն ալ կը հասնին:

Այր մի իջանէր յԵրուսաղեմէ յԵրիքով, . . .

Դուրս կու գամ Մարիոթէն եւ կը քալեմ առանց անդրադառնալու անցորդներուն: Եթէ նոյնիսկ մայրս դիմացս ելլէ, պիտի չանդրադառնամ: Ես մէկ տեղ եմ միտքս ուրիշ տեղ: Կ՛ուղղուիմ դէպի Հիւսիսային պողոտայԱսի Երեւանը չէ, ասի Տիզնիլէնտ է: Էմփորիո Արմանի, Հէրմէս, Կուչչի: Վա՜յ, նեղ ճամբէն ինկեր եմԼայն Ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանէԿ'անցնիմ պարոն նախարարին խանութին առջեւէն

Գեղեցիկ փեղկերուն մէջ ցուցադրուած են աշխարհի ամենէն ընտիր ժամացոյցները A. Lange & Sonne, Breguet, Glashutte, Jaquet Droz: Չէ՞ք լսած այս անունները: Բնական է: Ձեզի ըսի, հոս Երեւան չէ, ոչ ալ Փարիզի, Լոնտոնի կամ Նիւ Եորքի նորմալ թաղերէն մէկը: Հոս Տիզնիլէնտ է: Ժամացոյցները գիները՝ 150 000, 200 000, 250 000: Դրամ չէ, Տոլա՜ր:

Կարապի լճի մօտի սրճարանը, հանդիպում մը կ'ունենամ, Ղարաբաղեան շարժումը նախաձեռնողներէն Արամի հետ: Արամ, Տէր Պէտրոսեանի սկիզբի շրջանին նախարար եղած էր. Սակայն եղելութիւններու ընթացքը նկատելով, շուտով հրաժարած էր: Մեր առաջին հանդիպումն է: Ղարաբաղեան շարժման, ընդհանրապէս մտաւորական կամ գիտնական անդամներուն նման, Արամը ազգասէր, անձնուէր, իմաստուն անձ մըն է: Բացատրեց «Դա՛նօ, ձեր միտքերը շատ առողջ են, սակայն Սփիւռքէն անդին՝ պէտք է գրեք նաեւ հայրենիքի ժողովուրդին: Հոս մարդիկ քաղաքական հասունութիւն չ'ունին. Իրենց համար նորմալ բան է որ ՝այս այսինչին է, Օրանժը այսինչը վերցուցէր է՛: Իրենց համար նորմալ բան է որ օրէնսդիր մարմինը գործադիրն ալ ըլլայ, բիզնէսմէնն ալ ըլլայ, որ պարոն նախարարը չի հանդուրժէ որ Հիւսիսայինի վրայ ժամացոյցի ուրիշ խանութ բացուի . . .»: Արամ կը բացատրէ որ այս կացութեան մէջ, ընտրութիւններու ժամանակ, «սաղ ժողովուրդը» կը քուէարկէ անոր որ իրենց տասը, կամ քսան տոլար կու տայ:

Մեր պատանեկութեան շրջանին եւ ներկայիս ալ, մենք՝ սփիւռքահայերս, մեր մտքին մէջ բարձրացուցած, հերոսացուցած ենք հայրենիքի զուլա՛լ օդը շնջող, եւ մաքուր ջուրը խմող ժողովուրդը, հոն տեսած ենք միայն Համբարձումեաններ, Տիգրան Պետրոսեաններ:Հիասթափուած եմ. Երիքովը անցանք, կը մօտենանք Sodom and Gomorrah, to destruction.

Ով Հայրենի ժողովուրդ, մեր հայրերը կեանքերնի՛ն զոհեցին խղճի, մտքի ազատութեան համար, դուք տասը տոլարի ձեր հոգի՞ն կը ծախէք: Ծախեցէ՛ք, ուզածնիդ ըրէք, սակայն Հայրենիքը ծախելու իրաւունք չ՛ունիք: Զգաստացէ՛ք: Զգաստացէ՛ք: Զգաստացէ՛ք:

Պարոն նախարար, դուք Արէնէն ի՞նչ կ՛ուզէք: Արդէն բաւական չ'ունի՞ք: Մոռնանք քաղաքական ուղղութիւնը, ամբողջութիւնը, հայրենասիրիութիւնը. Դուք պարզ խի՞ղճ ալ չ'ունիք: Մարդիկ իրենց գործէն, հանապազօրեայ հացէն զրկելու: Արժանապատուութիւ՞ն ալ չ'ունիք: Դուք ձեզ հայելիի մէջ կը նայի՞ք առաւօտները: Արդեօք կը մտածէ՞ք թէ մարդիկ ձեզ ինչպէս կը տեսնեն:

Ռոստոմ.Տե՛ս, ունինք ազատ անկախ Հայաստան: Ազա՞տ. Անկա՞խ: Տե՛ս, քու իրաւացի ժառանգորդներդ. գաղջ են.Երանի թէ տաք կամ պաղ ըլլայինԵւ իրենց գաղջութեամբ՝ թմրած, հաշտուած են կացութեան հետ: Կա՛յծ մը տուր իրենց: Թող արթննան, կայտառանան:

Սողոմոն Թեհլերեան

Պարոն Թեհլերեանվեր կացէք: Վեր կացէք ու տեսէք: Հարիւր տարի ետք, շատ բան չէ՛ փոխուած. Կարմիր ջարդը դարձեր է ճերմակ ջարդ: Գաղթագնացութիւնը, Տէր Զորիփոխարէն, դէպի Մոսկուա, դէպի Փարիզ, դէպի Լոս կը կազմակերպուի: Թալաթ փաշան ալ նախարարի տարազ հագուած է:

The Ժողովողը կ'ըսէ - «Համրին տեղը դուն խօսիրիր դատը դուն պաշտպանէ»: Ժողովուրդը խուլ եւ համր է, կոյ՛ր է, տեսիլք չ'ունի: Պարոն Թեհլերեան, կը խնդրեմ, վեր կացէք: Տեսէ՛ք: Կը խօսի՛մ ժողովուրդին տեղ, սակայն այս մարդիկը իմ լեզուէս չե՛ն հասկնար...:

Ով հայոց իշխաններ, Սիւնիքի, Վասպուրականի, Կիլիկիոյ. Իշխաններ որ կը գտնուիք Մոսկուայ, Ժընէւ, Լոնտոն, Պոսթոն, Լոս Անճէլըս, Պուէնոս Այրես: Ի՞նչ շշմած կը դիտէք: կը խնդրեմ, շարժեցէ՛ք: Ձեր լեզուով, ձեր հզօրութեամբ խօսեցէք այս մարդոց: Մի՛ խանգարէք պարոն Թեհլերեանի քունը. մի սպասէք որ Բողքականը նորէն բողոքէ, ելլէ երկու խօսք իր լեզուով խօսի ասոնց:

Կը խնդրեմ, միացէ՛ք: Որքան որ ալ հզօր ըլլաք, մինակնիդ գլուխ չէք կրնար ելլել: Եկէ՛ք հաւաքուինք, միանանք, ցուլը բռնենք կոտոշներէն, զօրութեամբ, միասին...:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *