«100 տուն Արցախի մէջ» ծրագիրը կը մտնէ նոր փուլ

Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան եւ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամին կողմէ մեկնարկած «100 տուն Արցախի մէջ» ծրագիրը կը մտնէ նոր փուլ: Առաջին վեց տուները նորամուտ կը նշեն Յուլիս 30-ին: Այս մասին յայտնած է ծրագրի համահիմնադիր Սամուէլ Մովսիսեան:

Բնակելի համալիրը կը կառուցուի Ասկերանի շրջանի Տահրաւ գիւղի ծայրամասը՝ նպատակ ունենալով տուն ապահովել 2020 թուականի պատերազմին հետեւանքով տեղահանուած եւ անօթեւան մնացած արցախցիներուն:

Յուլիս 3-ին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է գիւղ եւ ծանօթացած ծրագրի աշխատանքներուն՝ վերահաստատելով, որ Արցախի կառավարութիւնը աւելի մեծ օգնութիւն պիտի տրամադրէ՝ աշխատանքներուն նոր խթան տալու համար:

Շրջանը կ'ունենայ 100 տուն՝ 3-4 սենեակներով, կ'ըլլան հողամասեր մշակութեան համար: Հանրային շէնքերը կ'ընդգրկեն դպրոց, մանկապարտէզ, տեղեկատուական արհեստագիտութեան կեդրոն մը եւ այլ ենթակառուցուածքներ:

Հետագայ շինարարութեան համար կազմակերպիչները կ'ակնկալեն գործընկեր կազմակերպութիւններուն եւ համայն հայութեան մասնակցութիւնը: Իւրաքանչիւր տուն կ'արժէ 10 միլիոն դրամ (շուրջ 20.000 տոլար): Նուիրատուութիւնները կրնան կատարուիլ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամին միջոցով՝ սեղմելով հետեւեալ յղումին վրայ՝ www.apreluartsakh.am.

Հասցէ՝

WhatsApp: +37477626643

Email: smovsisyan@gmail.com

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *