Հայաստանը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան դիմեց՝ Ատրպէճանի դէմ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու համար

Հայաստանը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) դիմեց՝ Ատրպէճանի դէմ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու եւ պարտաւորեցնելու զայն՝ բանալու Բերձորի միջանցքը, յայտնած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչը։

Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան 10:30-էն ի վեր, քաղաքացիական, զինուորական եւ յատուկ նշանակութեան ջոկատի ծառայողներու հագուստով ատրպէճանցի կեղծ բնապահպաններու ամբոխը փակեց Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը։ Կեղծ բնապահպանները ամէն ձեւով կը հրահրեն խաղաղապահներուն, կը վիրաւորեն զանոնք, միեւնոյնատեն տեսանիւթեր կը տարածեն՝ ահաբեկելու հայ բնակչութիւնը։ Արդէն երրորդ օրն է, որ անհնար է սնունդ ու դեղորայք հասցնել Արցախ: Աւելի քան հազար մարդ, ներառեալ՝ երեխաներ, ճամբուն վրայ մնացին: Երէկուան դրութեամբ Ատրպէճանը արգելափակեց վառելանիւթի մատակարարումը դէպի Արցախ։

https://news.am/eng/news/735153.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *