2023 թուականին, Հայաստանը պիտի ներկրէ գերմանական «MAN» ընկերութեան 87 հանրակառքեր

Նախատեսուած է, որ 2023 թուականին Հայաստան պիտի ներկրուին «MAN» ընկերութեան 87 հատ 12 մեթրանոց հանրակառքեր:
Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը, փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը եւ «Երեւանի հանրակառք» փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէն Էլպաք Թարփոշեանը, «MAN» բեռնակառքերու եւ հանրակառքերու ընկերութեան հրաւէրով՝ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտուին Լեհաստանի Հանրապետութեան Ստարախովիցէ քաղաքը։
Այցելութեան ընթացքին, երեւանեան պատուիրակութեան անդամները հետեւեցան հանրակառքերու արտադրութեան գործընթացին եւ ծանօթացան Երեւանի համար արտադրուած առաջին հանրակառքին կարողունակութեան։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *