Փարիզի մէջ հայկական ընկերութիւնները կը մասնակցին «VivaTech-2022» ցուցահանդէսին

Փարիզի մէջ հայկական արհեստագիտական ընկերութիւնները կը մասնակցին «VivaTech-2022» ցուցահանդէսին՝ ցուցադրելու իրենց արտադրանքը հայկական միացեալ տաղաւարի մը մէջ:
Ներկայիս բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը յայտեր կ'ընդունի, վերջնաժամկէտը 7 Մարտ է: «VivaTech»-ը Եւրոպայի սթարթափ եւ արհեստագիտական ամենամեծ միջոցառումն է, որ վեցերորդ անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ 15-18 Յունիս 2022-ին առցանց եւ Փարիզի Expo Porte de Versailles-ի մէջ: «VivaTech»-ը կը վերացնէ աւանդական խոչընդոտները սթարթափներու եւ համաշխարհային շուկայի յառաջատարներուն միջեւ՝ համախմբելով գիտնականներ, մեծ ընկերութիւններ, ներդրողներ եւ պաշտօնական պատուիրատութիւններ՝ ամբողջ աշխարհէն:

Ամբողջական լուրը՝ Armradio.am.

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *