Բնագիտութեան փրոֆեսոր Լեւոն Պօղոսեան արժանացած է Պուչալթերի տիեզերաբանութեան 2021 թուականի մրցանակին

Հայ բնագէտ, Վանգուվըրի Սայմըն Ֆրեյզըր համալսարանի (SFU) փրոֆեսոր եւ Բիւրականի աստղադիտարանի օտարերկրեայ աշխատակից Լեւոն Պօղոսեան արժանացած է 2021 թուականի Պուխալթերի տիեզերագիտութեան մրցանակին: Պօղոսեան եւ Մոնփելիէի համալսարանէն աշխատակիցը՝ Քարսթեն Ճետամզիկ, արժանացած են առաջին տեղի մրցանակին՝ Նախասկզբեան մագնիսական դաշտերու միջոցով Հապլեան լարուածութիւնը բացայայտելու իրենց նոր հետազօտութեան համար։
Հապլեան լարուածութիւնը տիեզերաբանութեան ամենամեծ հանելուկներէն մէկն է, որ կը վերաբերի Հապլի հաստատունի ակնյայտ տարբերութեան, կամ անոր, թէ այսօր որքա՛ն արագ կ'ընդլայնի Տիեզերքը, ինչը իր հերթին կ'որոշուի տարբեր տեսակի դիտումներու միջոցով։
Պուչալթերի տիեզերաբանութեան մրցանակը հիմնուած է 2014-ին: Ան կը տրուի «տիեզերաբանութեան մէջ տեսական, դիտողական կամ փորձարարական բեկումնային աշխատանքի համար, որ կրնայ նպաստել Տիեզերքի ծագումին, կառուցուածքին եւ հոլովոյթին մասին մեր ունեցած պատկերացումներուն ընդլայնման»:
Այս տարուան յաղթողները յայտարարած է Ամերիկեան աստղագիտական ընկերութիւնը:

https://en.armradio.am/2022/02/12/armenian-physics-professor-levon-pogosian-wins-2021-buchalter-cosmology-prize/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *