ՔՈԱՖ յայտարարած է Հայաստանի ՍՄԱՐԹ տեղամասի ճարտարապետական մրցոյթի եզրափակիչ փուլի անունները

Անցեալ տարի «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը յայտարարեց, որ պիտի կառուցէ իր երկրորդ ՍՄԱՐԹ տեղամասը Հայաստանի Արմաւիր մարզին մէջ՝ երեխաներուն եւ ընտանիքներուն հնարաւորութիւն ընձեռելով մասնակցելու կրթական ժամանակակից ու նորարարական ծրագիրներու:

Ճարտարապետական միջազգային մրցոյթը մեկնարկած էր այս տարի Մարտին՝ առիթ ընծայելով շահագրգիռ անհատներու՝ ներկայացնելու Արմաւիրի մէջ կառուցուելիք տեղամասի նախագիծեր:

ՍՄԱՐԹ կեդրոնները կրթական նորարար հանգոյցներ են, որոնք գիւղաբնակ երիտասարդներուն կ'առաջարկեն իրենց ներուժը լիովին բացայայտող եւ իրենց համայնքներուն մէջ փոփոխութիւններ իրականացնելու առաջնորդող ծրագիրներ: 3-էն 18 տարեկան երեխաներն ու պատանիներուն կ'առաջարկուի նաեւ արտադպրոցական ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն անոնց ֆիզիքական, զգացական ու իմացական զարգացումին:

Ամբողջական լուրը՝ «Ասպարէզ»-ի մէջ:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *