Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները ստորագրեցին 2023 թուականի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը 2022 թուականի դեկտեմբեր 9-ին՝ Ռուսիա կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջանակէն ներս մասնակցած է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) եւ Անկախ պետութեանց համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկրներու պաշտպանութեան նախարարներու համատեղ հանդիպման։ Այդ ընթացքին, ան ներկայացուցած է Ատրպէճանի վերջին ռազմական յարձակումներուն հետեւանքով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
Հանդիպման յաջորդած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Սուրէն Պապիկեանի եւ Սերկէյ Շոյկուի հանդիպումը։ Անոնք քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ռազմական եւ ռազմարհեստագիտական համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր։
Հանդիպման աւարտին՝ նախարարները ստորագրած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ռազմական համագործակցութեան 2023 թուականի ծրագիրը:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *