Թողարկուած պետական պարտատոմսերուն պահանջարկը կրկնապատկուած է

Փետրուար 8-ին Հայաստանի արժեթուղթերու պորսային մէջ տեղի են ունեցած են 28 միլիառ դրամ ընդհանուր ծաւալով պետական պարտատոմսերու տեղաբաշխումի եւ յետգնումի աճուրդներ։ Մասնաւորապէս, պետական պարտատոմսերուն (տարբերակիչ ծածկագիր՝ AMGN60294268) աճուրդի տեղաբաշխումի ծաւալը կազմած է 25 միլիառ դրամ, պահանջարկը գերազանցած է 64 միլիառ դրամը:
Պարտատոմսերու մարման ժամկէտը 5 տարի է: Աճուրդի միջին կշռուած եկամտաբերութիւնը 9,84 տոկոս է, իսկ արժեկտրօնի տարեկան եկամտաբերութիւնը՝ 7 տոկոս: Սա կ'ընդգծէ նիւթական շուկայի կայունութիւնը, գրաւչութիւնը եւ վստահութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պարտատոմսերու նկատմամբ:
Պետական պարտատոմս գնելու երկու շուկայ կայ՝ առաջնային եւ երկրորդային: Առաջնային շուկայ կարելի է մուտք գործել արժեթուղթերու շուկայի մասնագիտացուած մասնակիցներու միջոցով, որոնց ցանկը հրապարակուած է ՀՀ ելեւմուտի նախարարութեան կայքին մէջ:
Երկրորդային շուկան կարելի է մուտք գործել արժեթուղթերու անդամներու կամ շուկայի մասնակիցներու միջոցով:

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝

https://armenpress.am/eng/news/1075046.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *