Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը նամակ մը յղած է երկրի խորհրդարանին՝ Ատրպէճանի ենթադրեալ ռազմական յանցագործութեանց վերաբերեալ

Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Վոփքէ Հոքսթրան նամակ մը յղած է երկրի խորհրդարանին՝ Ատրպէճանի ենթադրեալ ռազմական յանցագործութեանց վերաբերեալ։ Նամակին մէջ արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ Հարաւային Կովկասի Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվո Քլարը հոկտեմբեր 2-ին թուիթէրեան իր էջին վրայ իր զազրանքը յայտնած էր տեսանիւթին առնչութեամբ, որուն մէջ ատրպէճանցի զինուորները ամենայն հաւանականութեամբ կը գնդակահարէին հայ ռազմագերիները։ Ան իր թուիթէրեան էջով կոչ ուղղած է՝ անկախ հետաքննութիւն իրականացնելու, եւ տեսանիւթին իսկութիւնը հաստատուելու պարագային՝ մեղաւորները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու։ Հոլանտան պիտի շարունակէ պահանջել անկախ հետաքննութիւնն ու անոր արդիւնքներուն հրապարակումը, եւ ուշադիր պիտի հետեւի իրադարձութիւններու զարգացման: Եւրամիութեան բոլոր երկրները կ’աջակցին ԵՄ միջնորդութեան գործընթացին։ Հարաւային Կովկասի յատուկ ներկայացուցիչը եւ Եւրամիութեան խօսնակը քննարկած են տեսանիւթը, եւ կոչ ուղղած են Ատրպէճանին՝ անկախ հետաքննութիւն իրականացնելու։ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարին նամակին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է տեսանիւթին իսկութիւնը, իսկ «Bellingcat»-ը տեսանիւթի իսկութեան վերաբերեալ իր հետաքննութիւնը հրապարակած է հոկտեմբեր 20-ին։ «Human Rights Watch»-ը վերլուծած է տեսանիւթը եւ կոչ ոււղղած է Ատրպէճանի իշխանութեան՝ անկախ հետաքննութիւն իրականացնելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու»,- եզրափակած է Հոլանտացի նախարարը։

https://armenpress.am/eng/news/1098098.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *