Էտիթ փրինթ հրատարակչատուն. Աւելի քան 5 000 տպագիր ու ելեկտրոնային գիրքերու հրատարակիչ

1993-ին Մկրտիչ Կարապետեանի հիմնադրած «Էտիթ փրինթ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է աւելի քան 5 000 տպագիր գիրք, այդ կարգին՝ գեղարուեստական գրականութիւն, լաւագոյն գործերը հայ եւ ոչ-հայ հեղինակներու, մասնագիտացուած գիրքեր, ինքնօգնութեան ու գործարարական գիրքեր, կենսագրութիւններ եւ այլն:

«Էտիթ փրինթ»-ի առցանց հարթակը կ'ընդգրկէ 37 արեւմտահայերէն գիրք, ներառեալ՝ Զապէլ Եսայեանի, Նիկողոս Սարաֆեանի, Շահան Շահնուրի եւ ուրիշ սփիւռքահայ հեղինակներու գործեր:

Աւելին՝ հրատարակչատունը հիմնած է երկու յայտնի հանդէսներ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներու համար, իրականացուցած է տարբեր ծրագիրներ, որոնց նպատակն է բարձրացնել գրագիտութեան նպատակը:

Կայ նաեւ «Ամսուան դպրոցը» ծրագիրը, որ հնարաւորութիւն կու տայ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն՝ այցելելու հրատարակչատուն եւ ծանօթանալու գիրքի պատրաստութեան գործընթացին:

https://editprint.am/index.php?route=common/home

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *