Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը գործարկուեցաւ

«Հոկտեմբեր 20-ին Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը գործարկուեցաւ` այն բանէն ետք, երբ Եւրոպական միութիւնը որոշում կայացուց` դիտորդական փորձագէտներ տեղակայելու Ատրպէճանի հետ միջազգային սահմանին հայկական կողմը։

Հայաստան ուղարկուած առաքելութիւնը, որ բաղկացած է Եւրոպական միութեան 40 քաղաքացիական դիտորդական փորձագէտներէ, պիտի զեկուցէ Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ սահմանամերձ շրջաններու ռազմական դիրքերուն եւ հրադադարին վերաբերող զարգացումներուն մասին։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ Եւրոպական միութեան, որ աւելի լաւ աջակցի երկու կողմերու սահմանային յանձնաժողովներու աշխատանքին։

Եւրոպական միութեան դիտորդները նաեւ դիտարկումներ պիտի տրամադրեն սահմանին երկայնքով տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն շուրջ, ներառեալ` մարդկային իրաւանց վերաբերեալ զարգացումները: Անոնք, սակայն, քննչական դեր պիտի չունենան։

Եւրոպական միութիւնը այս նոր առաքելութեան առնչեալ հարց ու պատասխանի ձեւաչափով բացատրական մը հրապարակեց»։

https://bit.ly/3zgiYtx

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *