Ես սովորականէն դուրս բան մը կը փնտռեմ

«ԵՍ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԱՆ ՄԸ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ»

Ահաւասիկ «Դէպի Հայք»-ը այսպիսի արտայայտութիւններ կը լսէ մարդոցմէ, որոնք կը մտածեն կամաւոր դառնալ կամ փորձուսում անցընել Հայաստանի մէջ: Պատասխանը միշտ «քեզի համար այդ կրնայ դասաւորուիլ» է, քանի որ նոր նախագիծերու վրայ աշխատող բազմաթիւ նոր նախաձեռնութիւններ ու սթարթափներ պատրաստ են ընդունելու «Դէպի Հայք»-ի կամաւոր մը եւ զայն ներգրաւել իրենց ամէնօրեայ ծրագիրներուն մէջ:

ՏԵՍՆՈՂ ՁԵՌՔԵՐ. Մերսաբուժում՝ Հայաստանի մէջ

«Տեսնող ձեռքեր»-ը մերսաբուժում է կոյր մասնագէտներու կողմէ: Կոյր մերսաբոյժներ իրենց եռանդը ամբողջովին կը կեդրոնացնեն իրենց ձեռքերուն վրայ՝ օգնելով յաճախորդներուն՝ թեթեւցնելու ֆիզիքական ու հոգեբանական ճնշումը:

ՍՈՒԶՈՒԻԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

Հայ-Արթ մշակութային կեդրոնը որպէս ստեղծագործական հանգոյց կը ծառայէ, որուն նպատակն է մշակութային կրթութեամբ ու միջազգային արուեստի փոխանակումով խթանել Հայաստանի ժամանակակից արուեստը: Ձգտելով համահունչ դարձնել ստեղծագործ տնտեսութիւններն ու մշակութային աշխոյժ համայնքները՝ «Հայ-Արթ»-ը կը նախաձեռնէ եւ կ'իրականացնէ մեծ թիւով մշակութային միջոցառումներ:

ԱՋԱԿՑԵՑԷՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱ-Ի ԵՒ ՖԻԼՄԻ ՈԼՈՐՏԻՆ

Տեսանիւթերու շարժապատկերով եւ արհեստագիտական սթարթափներով հետաքրքրուողներուն համար կայ «Մասք Ֆաքթոր» տեղական սթարթափը, որ կ'աշխատի պատրաստել առաջին հայկական շարքը ՏԱ-ի մասին: Այս նախաձեռնութեան բոլոր հիմնադիր անդամները եկան Հոլիուտէն՝ այս գաղափարը իրականութիւն դարձնելու համար, արդէն իսկ ունենալով HBO Max-ի, Amazon Prime Video-ի եւ Netflix-ի նախաձեռնութեանց վրայ աշխատելու փորձ:

ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Եթէ վերջերս Հայաստան եղած էք, վստահաբար տեսած էք «RARE» ջուրի շիշերը իւրաքանչիւր խանութի ցուցափեղկերուն վրայ: «RARE»-ը սկիզբ առած է ուղղակիօրէն հայկական լեռներէն անապակ ջուրի շիշեր պատրաստելու հեռանկարով:

Պատրա՞ստ էք գալու եւ կամաւոր դառնալու իրենց հետ: Դիմեցէք հիմա եւ սկսեցէք հաւաքել ձեր ճամպրուկը:

https://www.birthrightarmenia.org/en/blogInner/non-mainstream-volunteering-opportunities-in-armenia?fbclid=IwAR2zQN6C0ZB1MDg8D0paFj-nMjI9pEG8zINNY5Inqp9Uvz-ngnI42XKF_CI

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *