Ուքրանիոյ հակամարտութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի զբօսաշրջային ոլորտին վրայ

Զբօսաշրջութեան հայկական ֆետերասիոնի նախագահ Մեխակ Ապրեսեան հարցազրոյցի մը ընթացքին քննարկեց Ուքրանիոյ հակամարտութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի զբօսաշրջութեան վրայ: Ապրեսեան նշեց, որ Ուքրանիոյ շուրջ ծաւալող զարգացումներէն պիտի ազդուի Հայաստանի զբօսաշրջային ոլորտը, աւելցնելով, որ տակաւին կանուխ է ստոյգ միտումներու մասին խօսիլ:

«Ռուսիայէն Հայաստան հոսքերը կրնան կտրուկ աճիլ: Քանի որ տարբեր ուղղութիւններով որոշ ճամբաներ փակ են, Հայաստան կրնայ այլընտրանք մը ըլլալ»,– ըսաւ ան: Միւս կողմէ՝ ան նշեց, որ ռուսական ռուպլիի արժեզրկումը իր բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ, որուն հետեւանքով մարդոց գնողունակութիւնը կը նուազի, միաժամանակ դիտել տալով, որ ճամբորդելու հնարաւորութիւնը սահմանափակ է: «Ներկայիս աշխուժութեան միտումներ չեն նկատուիր: Այս պահու դրութեամբ ամբողջական չեղարկումներ չկան:
Մենք պէտք է գրաւենք զբօսաշրջիկները ոչ միայն Ռուսիայէն, այլեւ ուրիշ երկիրներէ: Այս ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կայ ընելիք: Պէտք է շարունակենք միջազգային նշականութեան միջոցառումներ կազմակերպել եւ խթանել փառատօնային զբօսաշրջութիւնը»,– ըսաւ Մեխակ Ապրեսեան:

Ամբողջական լուրը՝ Armenpress.am

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *