«Մանկական Եւրատեսիլ 2022» երգի մրցոյթին բացումը Երեւանի մէջ

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրատեսիլ 2022» երգի մրցոյթի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Արարողութեան մասնակցեցան նախորդ «Մանկական Եւրատեսիլ» երգի մրցոյթներուն ախոյեանները, որոնք միաւորուած էին մրցոյթի 20-ամեակին առթիւ:

Մրցոյթի այս տարուան 16 մասնակիցները անցան կարմիր գորգին վրայէն, այնուհետեւ մտան Հայաստանի ազգային պատկերասրահ, ուր պատահականութեան սկզբունքով տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն՝ որոշելու, թէ դեկտեմբեր 11-ին ո՛վ առաջինը, ո՛վ վերջինը պիտի երգէ յաջորդականութեամբ։

Բացման արարողութիւնը վարեց 2011 թուականի Մանկական Եւրատեսիլ երգի մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցած Տալիթա Աւանէսեանը, հաղորդավար Համլեթ Առաքելեանը եւ Արամ «MP3»-ն, որ 2014 թուականին Եւրատեսիլ երգի մրցոյթին զբաղեցուցած էր 4-րդ տեղը:

https://en.armradio.am/2022/12/05/junior-eurovision-song-contest-2022-opening-in-yerevan/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *