ՄԻԱՑԻՐ. Նոր հարթակ մը, որ կը միացնէ հայ անհատներ, ձեռնարկատէրեր, ծառայութիւն մատուցողներ, հաստատութիւններ եւ միութիւններ

«ՄԻԱՑԻՐ» հարթակը, ուր թուարկուած են հայկական ոգեշնչող պատմութեամբ ծառայութիւն մատուցողներ, ձեռնարկատէրեր եւ հաստատութիւններ, առցանց է:

Իր նպատակներն են՝

• Աշխարհի չորս կողմերէն իրարու կապել հայկական ոգեշնչող պատմութեամբ ձեռնարկատէրեր եւ ծառայութիւն մատուցողներ
• Բացայայտել եւ իրարու կապել ներուժներ եւ ձեռնհաս տարրեր
• Մշակութապէս նպաստել հասարակութեան/համայնքին
• Բարելաւել տնտեսական տարողութիւնը
• Ամրապնդել միասնութիւնը
• Ի մի բերել տարբեր հաստատութիւններ եւ միութիւններ
• Աջակցիլ երիտասարդներու/մասնագէտներու (փորձաշրջան, մասնագիտական դիրքեր եւ այլն)
• Իրարու կապել մարդիկ եւ դիւրացնել «հայկական ինչ-որ բան»-ի որոնումը

Կայքէջը բաց է հանրութեան եւ գրանցումը անվճար է:

«ՄԻԱՑԻՐ»-ի խումբը բաղկացած է Վիեննա հաստատուած կամաւորներէ, որոնք կ'աշխատին հմտութիւններու յաջող փոխանակում իրականացնել, ինչպէս նաեւ հաստատել գործարար եւ մշակութային կապեր:
Այս հիանալի լուրը փոխանցեցէ՛ք ձեր ընկերներուն եւ ծանօթներուն, որպէսզի հնարաւորինս շատ մարդիկ իմանան «ՄԻԱՑԻՐ»-ի մասին:

Հայկական համայնքը պիտի հզօրանայ արդիւնաւէտ շփումներու միջոցով: Կարելի է գրանցուիլ առցանց՝ https://www.miatsir.net/.

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *